Վաքըֆներու քննիչներու տեղեկագիրը հրապարակուած

Պիւյիւքտե­րէի Սուրբ Հռիփ­սի­մեանց եկե­ղեց­ւոյ թա­ղակա­նու­թիւնը Հրա­պարա­կած շրջա­բերա­կանով մը իմա­ցուց Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան քննիչ­նե­րու պատ­րաստած տե­ղեկա­գիրը։

Ինչպէս ծա­նօթ է այժմու թա­ղակա­նու­թիւնը պաշ­տօն ստանձնե­լէ ետք յա­տուկ դի­մում կա­տարած էր Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան, նա­խորդ շրջա­նին ելմտա­կան հա­շիւ­նե­րու քննարկման հա­մար։

Տե­ղեկա­գիրը շուրջ վեց ամիս տե­ւող հե­տաքննու­թե­նէ ետք 2013-2022 տա­րեթի­ւերու եկե­ղեց­ւոյ ել եւ մուտքը հա­շուող տե­ղեկա­գիրը ստու­գած է որ նա­խորդ թա­ղակա­նու­թիւնը ար­ժէ­քէն շատ աւե­լի ցած գի­նով վար­ձա­կալած է եկե­ղեցա­պատ­կան կա­լուած­նե­րը, որու հե­տեւան­քով գո­յացած է 1 մի­լիոն 19 հա­զար ԹԼ.-ի եւ 55 հա­զար ԱՄՆ տո­լարի վնաս մը։

Թա­ղակա­նու­թիւնը այս մա­սին կա­տարած հրա­պարա­կու­մին մէջ կը նշէ թէ նա­խորդ վար­չութե­նէն պի­տի պա­հան­ջէ գո­յացած վնա­սի հա­տու­ցումը։

Նշենք թէ Պիւ­յիւքտե­րէի Եկե­ղեց­ւոյ նա­խորդ վար­չութիւ­նը իր որո­շումնե­րով յա­ճախ օրա­կարգ զբա­ղեցու­ցած էր հա­մայնքէ ներս։ Ինքնա­կոչ վար­չութեան դրու­թիւնով գոր­ծող այդ թա­ղական խոր­հուրդը յա­ճախ են­թարկո­ւած էր հա­մայնքա­յին շրջա­նակ­նե­րու քննա­դատու­թեան, մե­ղադ­րանքնե­րուն եւ բամ­բա­սանքնե­րուն։

Այս բո­լորին հան­դէպ թա­ղակա­նու­թեան ատե­նապե­տը ան­փոյթ գտնո­ւած էր եւ յա­մառած իր սխալ որո­շումնե­րուն վրայ։ Այս պա­հուն կը յի­շենք թա­ղի գե­րեզ­մա­նատան ետ ստա­ցուե­լու գոր­ծընթաց­քին մէջ Լա­թին Կա­թողի­կէ հա­մայնքի պատ­կա­նող տա­րած­քին ալ իւ­րա­ցուե­լու դէպ­քը։

Նոյնքան վի­ճայա­րոյց էր եկե­ղեց­ւոյ մուտքի եւ յա­րակից տա­րած­քի սրճա­րանի մը վար­ձա­ուե­լու փոր­ձը, որ վեր­ջին վայրկեանին կա­սեցո­ւեցաւ այդ շրջա­նի Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանորդ Արամ Արք. Աթէ­շեանի մի­ջամ­տութեամբ։

Սա­կայն եկե­ղեց­ւոյ տա­րած­քին վար­ձա­կալու­մը եւ ապա այդ հա­մաձայ­նութեան չե­ղար­կումը դրա­մական լուրջ հա­տու­ցումի մը պատ­ճառ դար­ձաւ եկե­ղեց­ւոյ հա­մար։

Նոյնպէս վի­ճայա­րոյց էր եկե­ղեցիի սե­փակա­նու­թիւնը եղած եր­բեմնի դպրո­ցի շէն­քի վար­ձա­կալու­մը չնչին գու­մա­րի մը փո­խարէն, եւ այդ որո­շումն ալ բա­ւական լուրջ հա­կազ­դե­ցու­թիւն գո­յացու­ցած էր մօտ ան­ցեալին։

Նո­րըն­տիր վար­չութիւ­նը աշ­խա­տան­քի լծո­ւելու պա­հուն իր դի­մաց ու­նէր այս սխալ գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը սրբագ­րե­լու մի­տող մար­տահրա­ւէր մը։

Ահա այս պայ­մաննե­րու տակ է, որ նոր թա­ղական խոր­հուրդը պա­հան­ջած էր նախ­կին շրջա­նի հա­շիւ­նե­րու քննար­կումը, որու հե­տեւան­քով երե­ւան եկաւ զեղ­ծա­րարու­թիւններ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ