Երգեհոնի մը վերածնունդը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ամէն ինչ պա­տահա­կանօ­րէն ըն­թերցո­ւած վէ­պով մը սկսաւ։ Էջե­րը թղթա­տելով յա­ճախ հան­դի­պեցայ ծա­նօթ անուննե­րու։ Վէ­պի գլխա­ւոր հե­րոսն էր ատաղ­ձա­գործ Միհ­րա­նը։ Ան ճար­տար վար­պէտ մըն է, որ լե­զու կը գտնէ ծա­ռին եւ հետզհե­տէ այդ ծա­ռէն մշա­կուած փայ­տին հետ։ Կը խօ­սի նա­խանիւ­թին հետ, որ­պէսզի իմա­նայ անոր գաղտնիք­նե­րը եւ անոնց հա­մապա­տաս­խան եղա­նակով մշա­կէ փայ­տը։

Թա­ղերը եւս ծա­նօթ են մե­զի եւ նաեւ ծա­նօթ անուններ յա­ճախ։ Օրի­նակ՝ յան­կարծ Հայր Թա­թու­լը կը յայտնո­ւի էջե­րուն վրայ եւ Միհ­րա­նին պա­տուէր կու տայ Գու­րուչէշ­մէի Երեւ­ման Սուրբ Խաչ Եկե­ղեց­ւոյ փայ­տա­շէն դու­ռը նո­րոգե­լու։

Հետզհե­տէ զար­մանքը կ՚աւել­նայ, երբ վէ­պի ան­ցուդարձնե­րը կը հաս­նին քա­ղաքի պատ­մա­կան թա­ղերէն Պո­յաճը­գիւղ։ Եւ զու­գա­հեռա­բար կը խօ­սինք եր­գե­հոնի մը մա­սին, որ Միհ­րա­նի հա­մար ըն­տա­նեկան խորհրդան­շա­կան ժա­ռանգ մըն է նաեւ։ Ան­կա­րելի էր այսքան նմա­նու­թիւնը զու­գա­դիպու­թիւն հա­մարե­լը։

Կապ հաս­տա­տեցի վէ­պի հե­ղինակ Սե­փին Սի­նան­լըօղ­լո­ւի հետ։ Իմա­ցայ որ ինք ալ Պո­յաճը­գիւ­ղի բնա­կիչ է։ Այ­լեւս ան­խուսա­փելի դար­ձած էր եւ մենք պայ­մա­նաւո­րուե­ցանք ու հան­դի­պեցանք Սուրբ Եռից Ման­կանց Եկե­ղեց­ւոյ շրջա­բակին մէջ։ Սե­փին այս առ­թիւ տե­սաւ նաեւ մեր պատ­մա­կան եր­գե­հոնը, որ եր­կար տա­րինե­րէ ի վեր գոր­ծա­ծու­թե­նէ դադ­րած է իր տե­ղը զի­ջելով ար­դիական ելեկտրո­նային եր­գե­հոնի մը։

Դար­ձեալ վէ­պէն ճամ­բայ ել­լե­լով ծա­նօթա­ցանք երեք երի­տասարդ մաս­նա­գէտ­նե­րու հետ, որոնք գիր­քի էջե­րուն վրայ ալ իբ­րեւ թէ նո­րոգած էին Միհ­րա­նի ըն­տա­նեկան ժա­ռան­գութիւն եր­գե­հոնը։

Մտեր­մութիւ­նը կրկին թափ առաւ, երբ այն երե­քը այ­ցե­լեցին եկե­ղեցի եւ քննե­ցին այդ գոր­ծի­քի տա­րինե­րու ըն­թացքին կրած վնաս­նե­րը եւ այդ բո­լորը վե­րաց­նե­լու մի­ջոց­նե­րը։ Վեր­ջա­պէս մեր դի­մաց կար մօտ 130 տա­րուայ ան­ցեալ մը ու­նե­ցող նո­ւագա­րան մը։

Բո­լորս ոգե­ւորո­ւած էինք այդ գոր­ծի­քը կեան­քի կո­չելու գա­ղափա­րով։ Աւե­լի յար­մար նկա­տեցինք նման նա­խաձեռ­նութիւ­նը հա­ւաքա­կան ու հա­սարա­կական աջակ­ցութիւ­նով իրա­կանաց­նել։

Քա­նի մը օրո­ւայ ըն­թացքին անհրա­ժեշտ գու­մա­րի կա­րեւոր մէկ մա­սը ար­դէն գո­յացած է եւ շու­տով կը մեկ­նարկէ նո­րոգու­թեան աշ­խա­տան­քը, որ պի­տի տե­ւէ մօ­տաւորապէս մէկ ամիս։

Եթէ եր­գե­հոնը ու­նի մօտ 130 տա­րուայ պատ­մութիւն մը, անոր 52 տա­րինե­րը ան­ցան Պո­յաճը­գիւ­ղի մէջ։ Ես այ­սօ­րուայ նման կը յի­շեմ թէ 52 տա­րիներ առաջ այդ եր­գե­հոնը երաժշտա­կան գոր­ծիքներ վա­ճառող խա­նութնե­րու կեդ­րոն Եիւքսեք­քալտը­րըմ փո­ղոցէն ինչպէս բեռ­ցուցինք «Շքո­տա» մակ­նի­շով բեռ­նա­տարի մը վրայ եւ բե­րինք Պո­յաճը­գիւղ։

Պա­հը յու­զումնա­լից է յատ­կա­պէս այդ օրը յի­շող­նե­րուս հա­մար։ Այս է պատ­ճա­ռը, որ եր­գե­հոնի մը նո­րոգու­թիւնը ու­զե­ցինք հա­սարա­կաց­նել եւ վճռած ենք այդ նոյն ապ­րումը բազ­մութիւ­նով կի­սելու, վե­րանորոգ­ման գոր­ծի աւար­տին։

Օրը կու գայ եւ այս մա­սին ալ կը խօսինք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ