Դիւցազններու պայքարը աղքատիկներու դէմ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Թեր­թիս նա­խորդ հա­մարով ար­ձա­գան­գած էինք «Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու ար­ժէ­քաւոր յօ­դուա­ծագիր Նո­րայր Տա­տու­րեանի խիստ շա­հեկան բա­նախօ­սու­թեան։

25 Յու­նիս Երեք­շաբթի «Նոս­թալժի» գրա­խանու­թի մէջ կա­յացած մի­ջոցառ­ման ըն­թացքին Տա­տու­րեան պատ­մած էր հայ տա­ղասա­ցու­թեան արո­ւես­տը, նիւ­թը սահ­մա­նելով 1100- 1700 թո­ւական­նե­րու շրջա­նակով։

«Թաս մը գի­նի, հայ­կա­կան տա­ղասա­ցու­թիւն» խո­րագ­րեալ այդ դա­սախօ­սու­թե­նէ ետք, անո­ւանի կրթա­կան մշա­կը 30 Յու­նիս Կի­րակի երե­կոյ երկրորդ բա­նախօ­սու­թիւն մը եւս սար­քեց, այս ան­գամ Գը­նալը կղզիի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ եկե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զին մէջ։

Ինչպէս նա­խոր­դը, այս երկրորդ դա­սախօ­սու­թեան ալ հե­տեւե­ցան հայ մշա­կոյ­թի հան­դէպ որոշ հե­տաքրքրու­թիւն ու­նե­ցող հան­դի­սատես­ներ։

Տա­տու­րեան այս ան­գամ նիւթ կ՛ու­նե­նար հա­յոց ծա­գու­մի վե­րաբե­րող առաս­պե­լական բնոյ­թի զրոյցնե­րը, որոնք հա­մախմբած էր «Հայ­կի նե­տը, հայ­կա­կան տոհ­մա­ծառ եւ տո­մար» խո­րագ­րի տակ։

Լսա­րանը այս պա­տու­մով լսեց Նոյ Նա­հապե­տի տոհ­մէն Հայ­կի մա­սին, որուն ոսոխ Բե­լի դէմ մղած պայ­քարն ու յաղ­թա­նակը կը վե­րագ­րո­ւի հայ ազ­գի ծագ­ման։

Նիւ­թը ինքնա­բերա­բար իր հետ կը յու­շէ Հայ­կի սե­րունդը, որուն հետ պի­տի կազ­մո­ւի ազ­գա­յին տոհ­մա­ծառի կոճ­ղը։ Լոկ աւան­դազրոյցնե­րու վրայ ձե­ւաւո­րուած այս պա­տու­մը իր փաս­տե­րը կ՛ու­նե­նայ տո­մարա­գիտու­թեան շնոր­հիւ, որ դար­ձեալ բա­ւակա­նին հար­ցա­կան է ներ­կայ իրա­տես ու իրա­կան բնոյ­թի պատ­մագրու­թեան դի­մաց։

Բա­րեբախ­տա­բար Նո­րայր Տա­տու­րեան այս բո­լորը կը պատ­մէր յա­ճախ յի­շեց­նե­լով նիւ­թին առաս­պե­լական եւ դիւ­ցազներ­գա­կան բնոյ­թը։ Այս բո­լորը իրա­ւացի էին այնքան, որ­քան իրա­ւացի է մարդ արա­րածի յայտնու­թիւնը Ադամ- Եւա­յի գո­յու­թիւնով ու անոնց ար­գի­լեալ խնձո­րին հան­դէպ թու­լութեամբ բա­ցատ­րե­լը։

Վեր­ջա­պէս առաս­պելնե­րը սկսե­լով հե­թանո­սական շրջան­նե­րէ, իր հել­լե­նական, հռո­մէական, պարսկա­կան կամ հայ­կա­կան տար­բե­րակ­նե­րով, միշտ ար­ժա­նացած են մարդկա­յին ու­շադրու­թեան եւ ոչ ոք փոր­ձած է այդ ահ­ռե­լի պա­տումնե­րուն մէջ տրա­մաբա­նական ջիղ մը որո­նելու։ Տրա­մաբա­նու­թիւնը ան­տե­սելով է որ առաս­պելնե­րը խոր ազ­դե­ցու­թիւն թո­ղած են հնա­դարեան թա­տերա­խաղե­րէն մին­չեւ ժա­մանա­կակից վի­պագ­րութիւն կամ բա­նաս­տեղծու­թիւն, մարդկա­յին մտքի բիւ­րա­ւոր գե­ղարո­ւես­տա­կան ար­տադրու­թիւննե­րուն, նաեւ փի­լիսո­փայու­թեան վրայ։

Պո­յաճը­գիւ­ղի Սա­յաթ Նո­վա երգչա­խումբի կազ­մա­կերպչա­կան ջան­քե­րով իրա­կանա­ցած զոյք բա­նախօ­սու­թիւննե­րը թէեւ վա­յելք մըն էր հա­յերէն լսե­լու ցան­կութիւ­նով տո­գորո­ւած­նե­րուն հա­մար, բայց իր հետ կը բե­րէր նաեւ նոր հար­ցադրումներ, հա­մայնքա­յին կա­ռոյցնե­րու նման ձեռ­նարկնե­րու հան­դէպ գի­տակ­ցութեան մա­սին։

Ափ­սո­սան­քով վե­րահա­սու եղանք թէ Սա­յաթ Նո­վայի վար­չութիւ­նը նախ փա­փաքած է առա­ջին բա­նախօ­սու­թիւնը իրա­կանաց­նել Ֆե­րիգիւ­ղի եկե­ղեց­ւոյ «Շի­րինօղ­լու» սրա­հին մէջ, քա­նի որ ան աւե­լի ըն­դարձակ է բաղ­դատմամբ «Նոս­թալժի» գրա­խանու­թի։ Սա­կայն Սա­յաթ Նո­վացի­ներու խնդրան­քին փո­խարէն Ֆե­րիգիւ­ղի թա­ղակա­նու­թիւնը հինգ հա­զադ ԹԼ սրա­հի վարձք պա­հան­ջած է, ազատ մուտքով այդ մի­ջոցառ­ման հա­մար։

Բո­լորը գի­տեն թէ Պոլ­սոյ ամե­նահա­յաշատ թա­ղի այս եկե­ղեցին զուրկ է հա­սու­թա­բեր կա­լուած­նե­րէ եւ կը դժո­ւարա­նայ իր ելմտա­կան հա­շիւ­նե­րը հա­ւասա­րակշռե­լու, ինչպէս քա­ղաքի զա­նազան այլ թա­ղակա­նու­թիւններ։ Սա­կայն այս իրո­ղու­թիւնը եւս չար­դա­րաց­ներ կա­տարուածը, քա­նի ամէն ինչ կա­րելի չէ դրա­մով գնա­հատել։

Այս լսե­լով մտա­բերե­ցինք մի այլ պա­տահար, ուր այս ան­գամ Գումգա­բուի Աթո­ռանիստ Մայր Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղակա­նու­թիւնը «Կո­միտաս» բե­մադ­րութեան հա­մար ստա­ցած վարձքի սա­կը ան­հա­մեմատ բարձրաց­նե­լով պատ­ճառ դար­ձած է թա­տերա­խումբին այլ սրահ­ներ որո­նելուն։

Աղ­քատ բա­ռի իմաս­տը ծա­նօթ է բո­լորին։ Բայց կայ նաեւ բա­ռին փո­խաբե­րական գոր­ծա­ծու­թիւնը «աղ­քա­տիկը»։ Այս երկրոր­դը կը բնու­թագրէ ոչ թէ չու­նե­ւորը, այլ ու­նե­ւորու­թեան պայ­մաննե­րուն մէջ իսկ գոր­ծող դժկամ բնա­ւորու­թիւնը։ Մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկնե­րու հան­դէպ խնա­յողու­թիւնը աղ­քա­տու­թեան չէ, այլ աղ­քա­տիկու­թեան ապա­ցոյց է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ