Քրիստոսի եկեղեցին եւ ամուսնութիւնը (1)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

armenag@gmail.com

Այս գլուխը սկսելու առթիւ կը փափաքիմ նախ սահ­­մա­­­նել սա­­կաւ ծա­­նօթ շուշտակ բա­­ռը։ Մալ­­խա­­­սեան զայն կը բա­­ցատ­­րէ հե­­տեւեալ կերպ. --լուսնի մա­­հիկի նման կա­­նացի գդակ, --քա­­հանայ, որ այ­­րիանա­­լուց յե­­տոյ կու­­սակրօն է դառ­­նում։ Այս վեր­­ջին նշա­­նակու­­թեան բե­­րու­­մով կու­­սակրօնն ալ կը կո­­չուէր շուշտակ վար­­դա­­­պետ, եպիս­­կո­­­պոս, ընդհուպ՝ շուշտակ կա­­թողի­­կոս։ Թե­­րեւս մտա­­ծուի, թէ կա­­նացի գդա­­կին անու­­նը ի՚նչ կապ ու­­նի կու­­սակրօն դար­­ձած քա­­հանա­­յին հետ. այդպէս է, քա­­նի որ սո­­վորու­­թիւն էր, որ այ­­րիացած կու­­սակրօ­­նը, զա­­նազա­­նուե­­լու հա­­մար իս­­կա­­­կան կու­­սակրօ­­նէն, գլխար­­կին, այ­­սինքն՝ վե­­ղարին, կնգու­­ղին կամ թա­­սակին տա­­կէն կա­­պէր կա­­նացի շուշտա­­կը յի­­շեց­­նող գդակ մը, որ կը ծած­­կէր անոր ճա­­կատին մին­­չեւ կէ­­սը։ Մեր հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րուն մէջ նո­­րագոյն տի­­պար շուշտա­­կը կը հան­­դի­­­սանայ Խրի­­մեան հայ­­րի­­­կը։ Ան նա­­խապէս ամուսնա­­ցեալ քա­­հանայ էր, ու­­նէր կին ու աղ­­ջիկ մըն ալ։ Ցա­­ւալի պայ­­մաննե­­րու մէջ կը մեռ­­նին եր­­կուքն ալ, որով Խրի­­մեան կ’եզ­­րա­­­կաց­­նէ, թէ Աս­­տո­­­ւած իրեն ար­­գի­­­լած է ամուսնա­­ցեալ կեանք ու­­նե­­­նալ, հե­­տեւա­­բար կը մտնէ վանք ու կը դառ­­նայ կու­­սակրօն քա­­հանայ։ Այստեղ սահ­­մա­­­նենք քա­­հանայ եզ­­րը եւս. սե­­մական այս բա­­ռով կը բնո­­րոշո­­ւին քրիս­­տո­­­նեայ եկե­­ղեցիի բո­­լոր հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րը անխտիր՝ ամուսնա­­ցեալն ու կու­­սակրօ­­նը, աբե­­ղայէն մին­­չեւ կա­­թողի­­կոսը. բո­­լորը ու­­նին մէկ ու միաս­­նա­­­կան աս­­տո­­­ւածա­­յին նոյն շնոր­­հը, որ աս­­տի­­­ճան­­ներ ու խտրու­­թիւն չի ճանչնար։ Գո­­յու­­թիւն ու­­նե­­­ցող անո­­ւանա­­կան տար­­բե­­­րու­­թիւննե­­րուն բո­­լորը վար­­չա­­­կան ու ակա­­դէմա­­կան բնոյ­­թի են. օրի­­նակ՝ վար­­դա­­­պետ կը նշա­­նակէ ու­­սուցիչ. քա­­հանան վար­­դա­­­պետ կը դառ­­նար ինչ-որ ակա­­դէմա­­կան գի­­տելի­­քի մը ձեռքբե­­րու­­մին շնոր­­հիւ, կամ եպիս­­կո­­­պոս կը կո­­չուէր, երբ թեմ մը կամ վի­­ճակ մը հո­­վուե­­լու պար­­տա­­­ւորու­­թիւնը կը ստանձնէր։

* * *

Մեր առա­­ջին քրիս­­տո­­­նեայ լու­­սա­­­ւորի­­չը՝ Գրի­­գորը, նմա­­նապէս շուշտակ էր։ Ան զա­­ւակն էր պար­­թեւ Անա­­կին, որ Գ. դա­­րու հա­­ւանա­­բար 250 թո­­ւակա­­նին պար­­սից Ար­­տա­­­շիր թա­­գաւո­­րին կող­­մէ եւ ամ­­բողջ ըն­­տա­­­նիքո­­վը ղրկո­­ւեցաւ Հա­­յաս­­տան՝ իր ազ­­գա­­­կից Խոս­­րով Գ. թա­­գաւո­­րին քով՝ զայն սպան­­նե­­­լու առա­­քելու­­թեամբ. եւ յա­­ջողե­­ցաւ սպան­­նել զայն. սա­­կայն փա­­խուստի ատեն ինք եւս իր ամ­­բողջ ըն­­տա­­­նիքով սպան­­նո­­­ւեցաւ Խոս­­րո­­­վի թիկ­­նա­­­պահ­­նե­­­րուն ու նա­­խարար­­նե­­­րուն ձեռ­­քով։ Այս սպան­­դէն ազա­­տեցաւ Սու­­րէն անու­­նով ծծկեր մա­­նուկ մը, որ կը գտնուէր իր ստնտո­­ւին քով։ Այս կի­­նը մի­­ջոցը գտաւ մա­­նու­­կը հասցնե­­լու Կե­­սարիա, որ այն ատեն յու­­նա­­­կան մշա­­կոյ­­թի շատ ծաղ­­կուն ոս­­տան մըն էր։ Այնտեղ Սու­­րէն մեծ­­ցաւ ու դաս­­տիարա­­կուե­­ցաւ իբ­­րեւ յոյն քրիս­­տո­­­նեայ՝ Գրի­­գոր անու­­նով։ Չա­­փահա­­սու­­թեան հա­­սակին ամուսնա­­ցաւ Մա­­րիամ անու­­նով հել­­լե­­­նու­­հիի մը հետ, կազ­­մեց շատ հա­­մերաշխ ըն­­տա­­­նիք մը եւ ու­­նե­­­ցաւ եր­­կու մանչ՝ Վրթա­­նէսն ու Արիս­­տա­­­կէսը։ Բայց ահա օր մըն ալ այր ու կին ստա­­ցան աս­­տո­­­ւածա­­յին կո­­չում մը՝ քրիս­­տո­­­նեայ քա­­րոզիչ դառ­­նա­­­լու։ Այս կո­­չու­­մին ըն­­դա­­­ռաջ՝ անոնք ան­­հա­­­մատե­­ղելե­­լի նկա­­տեցին ամուսնա­­կան կա­­պը եւ... ամուսնա­­լու­­ծո­­­ւեցան։ Մա­­րիամ ան­­չա­­­փաճաս Արիս­­տա­­­կէսը առած կու­­սա­­­նոց քա­­շուե­­ցաւ, Վրթա­­նէս չա­­փահաս պա­­տանի ըլ­­լա­­­լով բա­­նակ մտաւ, եւ ու­­րեմն Գրի­­գորի ձեռ­­քե­­­րը բո­­լորո­­վին ազատ մնա­­ցին Քրիս­­տո­­­սի Աւե­­տարանն ու պա­­տուի­­րան­­նե­­­րը քա­­րոզե­­լու. ան դար­­ձաւ շրջուն քա­­րոզիչ մը։ 287-ին Հոռ­­մէն գա­­լով եւ հռո­­մէական բա­­նակի մը գլու­­խը ան­­ցած՝ Կե­­սարիայէն կ’անցնէր ապա­­գայ Տրդատ Գ. թա­­գաւո­­րը, որ հօ­­րը սպա­­նու­­թեան պա­­հուն իր կար­­գին ծծկեր մա­­նուկ էր եւ ապաս­­տան գտած էր հօ­­րը դաշ­­նա­­­կից՝ Հռո­­մի կայ­­սեր ար­­քունի­­քին մէջ։ Ան Հա­­յաս­­տան կ’ուղղո­­ւէր՝ տի­­րանա­­լու Հա­­յոց գա­­հին։ Գրի­­գոր միացաւ այս բա­­նակին՝ քա­­րոզու­­թեան պա­­րարտ հող գտնե­­լով անոր մէջ ու անոր հետ ալ եկաւ Հա­­յաս­­տան։ Պատ­­մութեան մնա­­ցեալ մա­­սին ծա­­նօթ էք բո­­լորդ։ Տրդատ յա­­ջողա­­պէս տի­­րացաւ գա­­հին, եւ իր այս յա­­ջողու­­թիւնը տօ­­նելու հա­­մար կազ­­մա­­­կեր­­պեց զա­­նազան աշ­­խարհիկ հան­­դի­­­սու­­թիւններ ու մա­­նաւանդ պարտն ու պատ­­շա­­­ճը նո­­ւիրե­­լով չաս­­տո­­­ւած­­նե­­­րուն, ի մաս­­նա­­­ւորի՝ Անա­­հիտին ու Աստղի­­կին... Գրի­­գոր այս բո­­լորէն ոչ մէ­­կուն մաս­­նակցե­­ցաւ, ատոր հա­­մար ալ ար­­ժա­­­նացաւ ծա­­նօթ չար­­չա­­­րանքնե­­րուն եւ Խոր վի­­րապին մէջ բան­­տարկո­­ւելու ամ­­բողջ 15 տա­­րիներ, որ­­մէ ետք դար­­ձաւ հա­­յոց լու­­սա­­­ւորիչն ու առա­­ջին կա­­թողի­­կոսը 302 թո­­ւակա­­նին։ Ինչ որ կը նշա­­նակէ, թէ Հա­­յոց առա­­ջին կա­­թողի­­կոսը շուշտակ էր։ Եւ... պար­­թեւ ար­­շա­­­կու­­նի։ Պար­­թեւ ար­­շա­­­կու­­նի էր Տրդատ ար­­քան եւս։

* * *

Այ­­նուհե­­տեւ ան իր քով կան­­չեց եր­­կու զա­­ւակ­­նե­­­րը, որոնց եր­­կուքն ալ հեր­­թա­­­բար յա­­ջոր­­դե­­­ցին իրեն կա­­թողի­­կոսա­­կան աթո­­ռին վրայ, նախ՝ Արիս­­տա­­­կէսը, ապա Վրթա­­նէսը, որոնց եր­­կուքն ալ ամուսնա­­ցած էին։ Աղ­­բիւրներս ոչինչ կ’ըսէն Մա­­րիամին մա­­սին։ Այ­­նուհե­­տեւ եւ մին­­չեւ 439 թո­­ւակա­­նը կա­­թողիկ­­սա­­­կան գա­­հը՝ որդւոց-որ­­դի եւ ժա­­ռան­­գա­­­բար սե­­փակա­­նու­­թիւնը մնաց ար­­շա­­­կու­­նի կա­­թողի­­կոս­­նե­­­րու։ Վեր­­ջի­­­նը եղաւ Սա­­հակ Պար­­թե­­­ւը, որ հայրն էր Սա­­հակա­­նու­­շին, որ­­մէ ու­­նե­­­ցաւ երեք թոռ, որոնցմէ մէ­­կը Հա­­յոց սպա­­րապետ Վար­­դան Մա­­միկո­­նեանն էր։

1 Ստնտու կը նշա­­նակէ ստինք՝ կաթ տո­­ւող. ասոնք կի­­ներ էին, որոնք մին­­չեւ որոշ չա­­փահա­­սու­­թիւն կը կե­­րակ­­րէին ու կը խնա­­մէին ազ­­նո­­­ւական եւ բա­­րեկե­­ցիկ կի­­ներու նո­­րածինները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ