Աւելի քան 50 հազար կորած երախայ

Աշխարհի վրայ տարածուած գաղթականներու փոքր մէկ մասը կը բնակի Եւրոպայի ցամաքամասը։ Այդ փոքրաթիւ խմբակէն վերջին երեք տարիներու ընթացքին անյայտ կորած են աւելի քան 50 հազար երախաներ։ Միջին հաշուով իւրաքանչիւր օր 47 երախայ կ՚անհետանայ Եւրոպական երկիրներու մէջ։ Այս տուեալները կը ներկայացնէ Lost in Europe նախագիծը։ Մենք ալ որոշեցինք առաջին օրէն իսկ այդ նախագծի անձնակազմին գործող Իսմայիլ Էյնեշի հետ զրուցել։

ՏԵՆԻԶ ՔԱՅԱ

Տ.Ք.- Նախ ձեզ ճանչնանք։

Ի.Է.- Ես Իս­մա­յիլ Էյ­նեշ։ Լրագ­րող եմ եւ կ՚աշ­խա­տակ­ցիմ The Guardian եւ BBC-ին։ Ծա­գու­մով Սո­մալիէն եմ, բայց մեծ­ցած եմ Լոն­տո­նի մէջ։ Ինքս ալ իբ­րեւ գաղ­թա­կան ան­տարբեր չէի կրնար ըլ­լալ Lost in Europe նա­խագ­ծին։

Տ.Ք.- Ինչ կը պատ­մէք այս նա­խագ­ծի մա­սին։

Ի.Է.- Սա առանց սահ­մաննե­րու լրագ­րո­ղու­թեան նա­խագիծ մըն է, որ կը շա­րու­նա­կուի հինգ տա­րիէ ի վեր։ Կ՚ու­զենք Եւ­րո­միու­թեան տա­րածք հա­սած մա­նուկնե­րու եւ երա­խանե­րու ան­հե­տացու­մը պրպտել եւ որոշ գի­տակ­ցութիւն մը գո­յաց­նել։

Ներ­կա­յիս նա­խագի­ծի մէջ կ՚աշ­խա­տինք աւե­լի քան 28 լրագ­րողներ։ Ան­յայտ կո­րած երա­խանե­րը ընդհան­րա­պէս եկած են Աֆ­ղանստան, Իրան, Ըրաք, Մա­րոք, Նի­ժերիա, Ուկրաինա, Սո­մալի եւ Սու­րիայէն։

Պար­տիմ նշել թէ կը խօ­սինք ըն­տա­նիքը կորսնցու­ցած եւ առան­ձին մնա­ցած երա­խանե­րու մա­սին։ Անոնք Եւ­րո­պայի ամե­նադիւ­րա­բեկ հա­տուա­ծը կը ներ­կա­յաց­նեն։ Ու­րեմն մենք ալ կը հար­ցաքննենք թէ բազ­մա­հազար երա­խաներ ի՞նչ եղա­նակ­նե­րով կը կոր­չին Եւ­րո­միու­թեան տա­րած­քի եւ իշ­խա­նու­թիւննե­րը ին­չո՞ւ հա­մար այսքան ան­տարբեր կը վա­րուին խնդրին հան­դէպ։

Տ.Ք.- Ու­րեմն կրնանք հե­տեւցնել թէ բա­ւակա­նին ծանր նիւթ մը որ­դեգրած էք։ Ո՞ր դրդումնե­րով ներգրա­ւուե­ցաք այս նա­խագ­ծին։

Ի.Է.- Հիմ­նա­կան մղու­մը եղաւ գաղ­թա­կան­նե­րու մատ­նո­ւած բռնու­թիւնը։ Անոնք իրենց եր­կի­րը լքած էին բռնու­թեան հե­տեւան­քով։ Բայց այստեղ հաս­նե­լով նման վե­րաբե­րու­մի ար­ժա­նացան։ Բռնու­թիւնը կը սկսի երկրի սահ­մա­նէն, իսկ ոս­տի­կան­նե­րը կո­պիտ կը վե­րաբե­րին իրենց։ Այս ալ զի­րենք կը մղէ դէ­պի մար­դա­վաճառ­նե­րու ծու­ղա­կին։ Բա­ցի այս բո­լորէն ես ինքս ալ գաղ­թա­կան մըն եմ։ Ըն­տա­նիքս 30 տա­րիներ առաջ Սո­մալիէն եկած է Լոն­տոն։

Տ.Ք.- Իսկ ի՞նչ տո­ւեալ­ներ ապա­հոված էք։

Ի.Է.- Նախ յայտնեմ թէ Թուրքիայէն տո­ւեալ­ներ չու­նինք։ Թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւննե­րը ան­պա­տաս­խան թո­ղու­ցին մեր դի­մումնե­րը կամ հար­ցումնե­րը։ Ու­րեմն կ՚ու­զեմ ընդգծել թէ 2021-ի սկզբէն մին­չեւ 2023-ի վերջ Եւ­րո­պայի տա­րած­քին կո­րած են 50 հա­զար երա­խաներ։ Սա միայն մեր հա­սած եւ ստու­գած թո­ւան­շանն է։ Կոր­սո­ւելու դէպ­քե­րուն մէջ Իտա­լիան առաջ­նա­կարգն է, որուն կը յա­ջոր­դէ Ավստրիա։ Յատ­կա­պէս ու­սումնա­սիրե­լով Իտա­լիոյ, Սպա­նիոյ եւ Յու­նաստա­նի սահ­մաննե­րը, տե­սանք թէ պաշ­տօ­նեաներ ինչպէս յան­ցա­գոր­ծի վեր­աբե­րում կ՚թնեն գաղ­թա­կան­նե­րու հան­դէպ։

Տ.Ք.- Իսկ ինչպի­սի՞ն է իշ­խա­նու­թիւննե­րու նե­կայա­ցու­ցիչնե­րու վե­րաբեր­մունքը։

Ի.Տ.- Նախ­քան մեր այս տո­ւեալ­նե­րը յայ­տա­րարե­լը, շատ ալ չէին կա­րեւո­րած խնդի­րը։ Բայց տե­ղեկու­թիւննե­րը հա­սարա­կու­թեան մէջ որոշ գի­տակ­ցութիւն կը ստեղ­ծէ։ Հի­մա աւե­լի հե­տաքրքիր են մեր փո­խան­ցածնե­րուն հան­դէպ։ Հետզհե­տէ իրենց ուղղո­ւած աւե­լի շատ հար­ցումնե­րու պա­տաս­խա­նելու կը հար­կադրո­ւին։ Բայց այս փո­փոխու­թիւնը ար­գելք մը չէ երա­խանե­րու կո­րուստին օրըս­տօ­րէ թափ ստա­նալուն դի­մաց։

Տ.Ք.- Իսկ ի՞նչ է երա­խանե­րու ան­յայտ կոր­չե­լու ազ­դակնե­րը։

Ի.Տ.- Առա­ջին եւ գլխա­ւոր գոր­ծօ­նը ըն­տա­նեզուրկ, հե­տեւա­բար ան­տէր ու ան­պաշտպան մնալն է։ Իսկ տե­ղացի­ներ անոնց պայ­մաննե­րը ան­տե­սելով կը կար­ծեն թէ կա­մայա­կան կեր­պով եկած են Եւ­րո­պա։ Գաղ­թը մարդկայ­նա­կանու­թե­նէ դուրս քա­ղաքա­կանա­ցուե­ցաւ զա­նազան կու­սակցու­թիւննե­րու եւ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու կող­մէ։ Գաղ­թա­կան­նե­րու իրա­ւունքնե­րը պէտք է պաշտպա­նուին մի­ջազ­գա­յին կա­նոն­նե­րով։ Այս տե­սակ խնդիր­նե­րը շրջա­նային օրէնքնե­րով ու կա­նոն­նե­րով հսկե­լը հետզհե­տէ ան­կա­րելի դար­ձած է։ Մենք այս նա­խագ­ծի մէջ հիմ­նա­կանին երա­խանե­րու ուղղեալ կ՚աշ­խա­տինք։ Բայց կան այլ խմբակ­ներ, որոնք եւս բռնու­թեան են­թա­կայ են։

Նա­խագ­ծի մա­սին աւե­լի բո­վան­դա­կու­թեան հա­մար կա­րելի է դի­մել՝ lostineurope.eu.։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ