Թուրք բողոքականներու 2023-ի տեղեկագրութիւնը

Թուրքիոյ բո­ղոքա­կան հա­մայնքը վեր­ջերս հրա­պարա­կած է 2023 տա­րեթի­ւի վե­րաբե­րեալ տե­ղեկա­գիրը։ Ան նախ կը բնու­թագրէ Թուրքիոյ բո­ղոքա­կան հա­մայնքի մա­սին լրա­ցու­ցիչ տե­ղեկու­թիւններ։ Այսպէս կ՚իմա­նանք թէ Թուրքիոյ թրքե­րէնով պաշ­տա­մունք կա­տարող բո­ղոքա­կան հա­մայնքը կը բաղ­կա­նայ 205 եկե­ղեցի­ներու ծու­խե­րէն, որոնց մե­ծամաս­նութիւ­նը հա­ւաքուած են Իս­թանպուլ, Ան­գա­րա եւ Իզ­միր քա­ղաք­նե­րու մէջ։ Հա­մայնքը նաեւ հիմ­նած է 20 հիմ­նադրամ­ներ, 18 հիմ­նադրա­մի ներ­կա­յացուցչու­թիւններ, 34 եկե­ղեցիի միու­թիւններ եւ այդ միու­թիւննե­րու ծի­րէն ներս գոր­ծող 63 ներ­կա­յացուցչու­թիւններ։

205 բո­ղոքա­կան հա­մայնքնե­րէ 12-ը իրենց պաշ­տա­մունքը կը կա­տարեն աւան­դա­կան եկե­ղեցի­ներու մէջ։ Մնա­ցեալ­նե­րը կամ վար­ձա­կալո­ւած վայ­րե­րու, կամ սե­փական բնա­կարան­նե­րու մէջ կը մէկ­տե­ղուին։ Այս տե­ղեկու­թիւննե­րէ ետք կը նշո­ւի թէ հա­մայնքը անցնող տա­րուայ ըն­թացքին ալ զուրկ մնա­ցած է իր հո­գեւո­րական­նե­րը պատ­րաստե­լու ծրա­գիրով գոր­ծող հո­գեւոր ճե­մարա­նէ մը։ Իսկ այ­ցե­լու օտա­րազ­գի հո­գեւո­րական­նե­րը որոշ դժո­ւարու­թիւններ կ՚ապ­րին Թուրքիա մուտքի պա­հուն։

Այս ընդհա­նուր տե­ղեկու­թիւննե­րէ ետք նշո­ւած են թուրքեացի բո­ղոքա­կանաց եկե­ղեցի­ներու դէմ եօթը ան­ջատ յար­ձա­կումնե­րու տո­ւեալ­նե­րը։ Այդ յար­ձա­կումնե­րը կա­տարո­ւած են Մար­տին, Էս­քի­շեհիր, Քո­նեա, Ամա­սիա, Կե­սարիա եւ Իս­թանպու­լի մէջ։ Յար­ձա­կող­նե­րը թէեւ յայտնա­բերո­ւած եւ ոս­տի­կանու­թեան յանձնո­ւած են հա­մայնքի ան­դամնե­րու կող­մէ, բայց մնա­ցած են ան­պատժե­լի։

Ապա նշո­ւած է ատե­լու­թեան պատ­գա­մի բա­ռացի յար­ձա­կու­մի եւս եօթը դէպ­քեր, այս ան­գամ Որ­ֆա­յի, Հա­թայի, Ատըեամա­նի, Իս­թանպու­լի, Կե­սարիոյ եւ Սի­նոփի մէջ։

Տե­ղեկա­գիրը յա­տուկ բա­ժին յատ­կա­ցուած է 6 Փետ­րո­ւար 2023 թո­ւակա­նին երկրա­շար­ժի աղէ­տին Թուրքիոյ բո­ղոքա­կան հա­մայնքի վրայ ազ­դե­ցու­թիւննե­րու նիւ­թին ալ։ Այստեղ կը նշո­ւի, որ այդ շրջա­նին խտրա­կանու­թեան վե­րաբե­րեալ լսումներ չեն եղած։

Տե­ղեկա­գիրը կ՚ակ­նարկէ նաեւ դպրոց­նե­րէ ներս կրօն­քի պար­տա­դիր ուսման ճնշումնե­րուն։ Այստեղ ԵՄԻԱ-ի որո­շումնե­րը կ՚ան­տե­սուին եկ իս­լա­մական դա­սաւան­դութիւ­նը պար­տա­դիր կը դար­ձո­ւի բո­լոր աշա­կերտնե­րուն համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ