Վկայագրութիւն

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հազար շա­­բաթ… Այլ խօս­­քով 10 մի­­լիոն 80 հա­­զար վայրկեան։ 168 հա­­զար ժամ։ 7 հա­­զար օր։ 229 ամիս եւ 19 տա­­րի։ Ան­­վի­­­ճելիօրէն Թուրքիոյ ամե­­նաեր­­կա­­­րատեւ բո­­ղոքի ցոյցն է Շա­­բաթօ­­րեայ մարդկանց ար­­դա­­­րու­­թեան պա­­հան­­ջի մի­­տող բո­­ղոքի ցոյ­­ցը։ Սոյն աշ­­խա­­­տու­­թիւնով պատ­­մո­­­ւածը անար­­դա­­­րու­­թեան դէմ ինքզինք Կա­­լաթա­­սարա­­յի հրա­­պարա­­կին վրայ գտած մարդկանց պատ­­մութիւնն է։

Մեր երի­­տասարդ բա­­րեկամ, լրագ­­րող Սեր­­տար Քո­­րու­­ճու այս տո­­ղերով կը բնու­­թագրէ իր վեր­­ջին գիր­­քը. «Շա­­բաթօ­­րեայ Մայ­­րե­­­րը»։

Նիւ­­թը ար­­դէն ընդմիշտ «Ակօս»ի կի­­զակէ­­տին եղած է։ Այդ շրջա­­նակէ ներս «Ակօս»ի նա­­խորդ թի­­ւերուն ըն­­դարձակ հար­­ցազրոյց մըն ալ հրա­­տարա­­կուած էր հե­­ղինա­­կին հետ։

Այ­­սօր երբ մեր ձեռ­­քին ու­­նինք գիր­­քի մա­­կագ­­րո­­­ւած օրի­­նակը, կ՚ար­­ժէ խօ­­սիլ այս աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թեան բո­­վան­­դա­­­կու­­թեան մա­­սին։ Գիր­­քի առա­­ջին 60 էջե­­րը ընդհա­­նուր նկա­­րագ­­րա­­­կան մըն է, որ զա­­նազան­­ներ կ՚ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւին այս եր­­կա­­­րատեւ պատ­­մութեան իրենց վրայ թո­­ղած տպա­­ւորու­­թիւննե­­րու նկա­­րագ­­րումով։ Ապա կ՚սկսի հա­­րազատ­­նե­­­րու վկա­­յու­­թիւննե­­րը, որոնք յա­­ջոր­­դող էջե­­րը կը հասցնեն ան­­յայտ կո­­րած­­նե­­­րու անո­­ւանա­­ցան­­կին։ 591 անուննե­­րէ բաղ­­կա­­­ցող այդ ցան­­կը ան­­շուշտ, որ ան­­յայտ կո­­րած­­նե­­­րու միայն պաշ­­տօ­­­նապէս գրան­­ցո­­­ւած­­նե­­­րը կ՚ընդգրկէ։

Անոնք, որոնց հա­­րազատ­­նե­­­րը դի­­մած են Մար­­դի Իրա­­ւունքնե­­րու Միու­­թեան։ Թուրքիոյ ամե­­նատա­­ռապա­­լից շրջա­­նը բնու­­թագրող պատ­­մութիւն մըն է այս։ 1990-ական տա­­րեթի­­ւերը մա­­նաւանդ երկրի Հա­­րաւ Արե­­ւելեան նա­­հանգնե­­րու մէջ գիւ­­ղե­­­րու հրկիզ­­ման, գիւ­­ղա­­­ցինե­­րու պար­­տա­­­դիր լքման են­­թարկո­­ւած տա­­րինե­­րը եղան։ Ար­­դա­­­րեւ հա­­րազատ­­նե­­­րու պատմուածնե­­րը այդ օրե­­րու ան­­ցուդարձնե­­րուն մա­­սին ալ բազ­­մա­­­թիւ վկա­­յու­­թիւններ կ՚ընդգրկէ։

Քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը իր պատ­­ճա­­­ռած վե­­րիվայ­­րումնե­­րու ընդմէ­­ջէն կը շա­­րու­­նա­­­կէ յա­­ռաջա­­նալ, բայց ան­­հատներ, յատ­­կա­­­պէս ալ որ­­դե­­­կորոյս մայ­­րե­­­րը իրենց կեան­­քի տե­­ւողու­­թեամբ կը տա­­նին այդ տա­­ռապանքնե­­րը։ Նոյ­­նիսկ կը փո­­խան­­ցեն յա­­ջորդ սե­­րունդնե­­րուն։ Այդ է պատ­­ճա­­­ռը, որ «Շա­­բաթօ­­րեայ մայ­­րեր» ասոյ­­թը հետզհե­­տէ ընդլայ­­նե­­­ցաւ ու վե­­րածո­­ւեցաւ «Շա­­բաթօ­­րեայ մար­­դիկ» կո­­չու­­մին։

Եղե­­լու­­թիւնը քիչ մը աւե­­լի լայն տե­­սան­­կիւնով եթէ դի­­տենք, դիւ­­րաւ պի­­տի նշմա­­րենք անոր հա­­մաշ­­խարհա­­յին բնոյ­­թը։ Ար­­կենդի­­նայի մէջ Փլա­­ցա տէ Մա­­յոյի մայ­­րե­­­րու դի­­մադ­­րութիւ­­նը եթէ օրի­­նակ հան­­դի­­­սացաւ «Շա­­բաթօ­­րեայ Մարդկանց» ցոյ­­ցե­­­րուն, ան ալ իր կար­­գին կը ներշնչէ նման բնոյ­­թով ըն­­թա­­­ցող նոյն տե­­սակի բո­­ղոքի ցոյ­ցե­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ