Զահրատի 100 ամեակի առիթով

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԱՇՔԱԼ

Զահրատ ու­սա­նողա­կան տա­րինե­րուն երբ բա­­նաս­­տեղծու­­թեան ծի­­րէն ներս կը մտնէր՝ ար­­դէն իսկ իր քնա­­րական ինքնա­­տիպ ոճը երաշ­­խա­­­ւորած էր։ Սկսնակ մը ըլ­­լա­­­լով հան­­դերձ. գրե­­թէ վա­­ղահաս փոր­­ձա­­­ռու մըն էր։ Իր աշա­­կեր­­տութեան շրջա­­նի գրա­­կանու­­թեան տետ­­րակնե­­րուն մէջ ան­­տիպ մնա­­ցած բա­­նաս­­տեղծա­­կան առա­­ջին փոր­­ձե­­­րը, որ ան­­ձամբ կար­­դա­­­ցած եմ, տե­­սանե­­լի կը դարձնեն եւ զար­­մա­­­նալիօրէն կը պար­­զեն իր յատ­­կանշա­­կան քնա­­րեր­­գութեան խո­­րու­­թիւնը, նե­­րուժն ու շնոր­­հը։ Քեր­­թո­­­ղական արո­­ւես­­տի նրբու­­թիւննե­­րուն հմուտ՝ հա­­մակիր եւ գրկա­­բաց զգայ­­նութիւն մը, զուտ խո­­րամ­­տութիւն մը, ար­­տա­­­կարգ երե­­ւակա­­յու­­թիւն մը, յե­­տոյ տո­­ղերու բխում մը։ Այո, ինքնեկ, բայց ոչ թէ դիւ­­րա­­­կամ, այլ տա­­ռապան­­քին եւ ջա­­նաթափ աշ­­խա­­­տանքնե­­րու շնոր­­հիւ գո­­յացած ար­­դիւնք մը։

Կար­­ծես թէ ի ծնէ բա­­նաս­­տեղծա­­կան հո­­գիով օժ­­տո­­­ւած էր Զահ­­րա­­­տը։ Ինքն ալ յա­­ճախ ընդգծած էր ար­­դէն զինք եւ իր նման­­նե­­­րը որա­­կելու հա­­մար, ըսե­­լով որ՝ բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը ճա­­կատա­­գիր մըն է։ Այո, ճա­­կատա­­գիր մըն էր այդ, զին­­քը դէ­­պի գրա­­կան ու­­ղի տա­­նող՝ թե­­րահաս տա­­րիքին ձեռք բե­­րուած, ստեղծման խան­­դով, յա­­մառ աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին խնամ­­քով շա­­ղուած, ձե­­ւով եւ խոր­­քով ներ­­դաշնակ, բա­­ցառիկ ճար­­տա­­­րու­­թեամբ կա­­ռու­­ցո­­­ւած գրա­­կան ու­­ղի մը։ Գրա­­կանու­­թեան մէջ չէ միայն, այլ գի­­տական ոլոր­­տին մէջ ալ ըն­­դունակ աշա­­կերտ մը եղած է Զահ­­րա­­­տը։ Ին­­ծի այդպէս կը թո­­ւի թէ, հե­­տագա­­յին, յա­­նուն բա­­նաս­­տեղծու­­թեան՝ հրա­­ժարած է բժշկու­­թե­­­նէ, կի­­սաւարտ թո­­ղելով հա­­մալ­­սա­­­րանա­­կան ու­­սումը։

Ես կ՛ու­­զեմ Զահ­­րա­­­տին 1 Փետ­­րո­­­ւար 1946 թո­­ւակա­­նին գրի առած, «Յաղ­­թա­­­նակէն Աս­­դին» խո­­րագիր, իր վաղ շրջա­­նէն, քսան տող­­նոց տպա­­ւորիչ բա­­նաս­­տեղծու­­թեան վրայ կեդ­­րո­­­նանալ։ Երկրորդ Աշ­­խարհա­­մար­­տի յաղ­­թա­­­նակին մէջ առանցքա­­յին դեր ստանձնող, այ­­սինքն՝ պա­­տերազ­­մի արիւնլո­­ւայ դաշ­­տին վրայ ին­­կող ան­­հա­­­մար ու անա­­նուն հո­­գինե­­րու, հե­­րոս­­նե­­­րու յի­­շատա­­կին ի յար­­գանք։ Սա­­պէս կ՛սկսի։

Լոյ­­սի ճամ­­բան ին­­կող հո­­գինե­­րուն ի՛նչ հեգ­­նանք

Իբ­­րեւ թէ լոյ­­սը մթա­­մած եր­­կինքնե­­րէն պի­­տի գայ. -

Հա­­րիւր երկրէ դեռ կը պո­­ռան մի­­լիոնա­­ւոր կին, տղայ

Մենք լու­­սե­­­ղէն առա­­ւօտ­­ներ ող­­ջունե­­լու հա­­մար ծնանք։”

Երկրորդ Աշ­­խարհա­­մար­­տի յաղ­­թա­­­նակի եւ ազա­­տու­­թեան վե­­րաբե­­րեալ այդքան ար­­ժէ­­­քաւոր եւ տար­­բեր քեր­­թո­­­ւած­­ներ կար­­դա­­­ցած եմ, սա­­կայն այսքան կա­­րեկից ու հա­­րազատ զգայ­­նութեան եւ նուրբ իմա­­ցակա­­նու­­թեան նո­­ւազ հան­­դի­­­պած եմ։ Պի­­տի անցնիմ չոր­­րորդ քա­­ռեակին, նպա­­տակս պար­­զե­­­լու հա­­մար։

Դուք, որ ձեր քիմ­­քը թրջե­­ցաւ յաղ­­թա­­­նակի գի­­նիով

Պի­­տի մոռ­­նա՞ք թէ հիւթն էր ան՝ զո­­հողու­­թեանց ող­­կոյզին.-

Հաս­­տատ քայ­­լե­­­րով շու՛տ քա­­լեցէք, քա­­նի դեռ բաց է ու­­ղին

Ու խնդա­­ցէ՛ք, երբ ձեր հետ­­քէն քա­­լէ ամ­­բոխն՝ ապա­­հով։

Այս իրաւ բա­­նաս­­տեղծու­­թեան սրտագ­­րաւ գե­­ղեց­­կութիւ­­նը մէկ դի դնե­­լով, կ՛ու­­զեմ մաս­­նա­­­ւորա­­բար ընդգծել հոս, ահա­­ւասիկ՝ հա­­մամարդկա­­յին ար­­ժէքնե­­րու պաշտպան՝ ար­­տա­­­կարգ հո­­գատա­­րու­­թիւնը եւ գի­­տակ­­ցութեան գնա­­հատան­­քը։ Կ՛ու­­զեմ նաեւ հրա­­ւիրել ձեր ու­­շադրու­­թիւնը այս բա­­ցառիկ, աննման չորս տո­­ղերու վրայ, որ պի­­տի հա­­մար­­ձա­­­կիմ Զահ­­րա­­­տի բա­­նաս­­տեղծու­­թեան բո­­վան­­դակ բարձրո­­րակ յա­­ջողա­­կին իբր թէ մա­­նիֆես­­թը հա­­մարել կամ հռչա­­կել զայն։ Ին­­չո՞ւ, որով­­հե­­­տեւ բա­­նաս­­տեղծը տե­­ղեակ էր ընդմիշտ յաղ­­թա­­­նակի գի­­նիին զո­­հողու­­թեանց ող­­կոյզին հիւ­­թը ըլ­­լա­­­լէն եւ անոր բարձր գի­­նով ձեռք բե­­րուե­­լէն, թէեւ առանց պար­­ծե­­­նալու բո­­լոր դժո­­ւարու­­թիւննե­­րուն ակնյայտ հա­­մես­­տութեամբ կուրծք տա­­լով։ Ու հաս­­տատ քայ­­լե­­­րով երբ քա­­լեց բաց ու­­ղիէն, շա­­տեր, իր­­մէ ներշնջո­­ւելով ար­­դէն պի­­տի”հե­­տեւէին իրեն, իր ինքնու­­րոյն գրա­­կան ակո­­սի հետ­­քէն։ Սա­­կայն՚ իս­­թանպու­­լա­­­հայ բա­­նաս­­տեղծնե­­րու նման սփիւռքա­­հայ բա­­նաս­­տեղծներն ալ պի­­տի ազ­­դո­­­ւէին իր­­մէ, իր քեր­­թո­­­ղի տի­­պարէն, ար­­դի հնա­­րաւո­­րու­­թիւննե­­րէն, ան­­զուգա­­կան բա­­նաձե­­ւէն, լե­­զուա­­կան ճկու­­նութե­­նէն, հմայ­­քէն ու եր­­գի­­­ծան­­քէն, որոնք բա­­նաս­­տեղծին ճա­­կատագ­­րա­­­կանին կը պատ­­կա­­­նին։

Զահ­­րա­­­տի «յօ­­ժարա­­կամ» են­­թարկուած կամ մղո­­ւած ճա­­կատագ­­րա­­­կանը նա­­խընտրան­­քէ ան­­կախ դրու­­թիւն մըն էր ու ան­­խուսա­­փելի։ Իր էու­­թեան, ինքնու­­թեան, լի­­նելու­­թեան միակ ելքն էր կար­­ծես թէ, բա­­նաս­­տեղծու­­թեան հաշ­­ւոյն տա­­ռապի­­լը, բռնկիլ, նոյ­­նիսկ մե­­ծատա­­ղանդ մէ­­կու մը հա­­մար։ Կամ ո՞վ գի­­տէ, այս կե­­ցուած­­քը աշ­­խարհին հան­­դուրժե­­լու ամո­­քիչ ձեւ մըն էր։

Զահ­­րատ, ինչպէս քիչ առաջ նշե­­ցի, առա­­ջին լուրջ փոր­­ձե­­­րը կա­­տարած է 1939-էն սկսեալ, այ­­սինքն 15 տա­­րեկա­­նին շուրջ։ Գրե­­լու ար­­դիւնա­­բեր ար­­տադրու­­թիւնով հան­­դերձ, առա­­ջին ան­­գամ 1943-ին «Ժա­­մանակ» օրա­­թեր­­թի գրա­­կան բաժ­­նին մէջ լոյս տե­­սաւ իր մէկ քեր­­թո­­­ւածը՝ «Աստղ մը» վեր­­նագրով, Ծո­­վակի, այ­­սինքն Վահ­­րամ Սար­­գի­­­սեանի քա­­ջալե­­րու­­թեամբ, բա­­ւական ուշ։ Հար­­կաւ թէ, բնաւ դիւ­­րին չե­­ղաւ ինքզինք ապա­­ցու­­ցել, հա­­մակ­­րանք ձեռք բե­­րել ու հան­­րա­­­ծանօթ դառ­­նալ։ Ինչպէս՝ նման ժխտա­­կան վար­­մունքին են­­թարկո­­ւեցան Ճան­­ճի­­­կեանը եւ Գա­­լուստեանը՝որոնք հիմ­­նա­­­դիր­­ներն էին «Իս­­թանպու­­լա­­­հայ բա­­նաս­­տեղծու­­թեան նո­­րարար շար­­ժում»ին։ Այս քեր­­թո­­­ղական նո­­րար­­քը այնպի­­սի շար­­ժում մըն էր, որ նախ­­նի գրա­­կանու­­թեան փա­­ռաւոր ժա­­ռան­­գէն սնա­­նելէ զատ պի­­տի ներշնչո­­ւէր նաեւ ֆրան­­սա­­­կան եւ թրքա­­կան ար­­դի բա­­նաս­­տեղծու­­թեան տա­­րազէն։ Յե­­տոյ հարստա­­ցաւ, զար­­գա­­­ցաւ ան, Խրա­­խու­­նիի, Իգ­­նա Սա­­րըաս­­լա­­­նի նման կա­­րեւո­­րագոյն վար­­պետ բա­­նաս­­տեղծնե­­րու եր­­կե­­­րով ալ։ Բայց ներ­­կա­­­յիս, դժբախ­­տա­­­բար, իրենց յա­­ջոր­­դող նոր սե­­րունդ մը չկրցաւ ծայր տալ, երե­­ւան գալ իր մէ­­ջէն։

Զահ­­րատ բա­­ռերուն արա­­րիչ ու­­ժին գի­­տակից որ­­պէս տար­­րա­­­բան, կազ­­միչ ճար­­տա­­­րու­­թեամբ, սրա­­միտ տե­­սու­­թեամբ մնա­­յուն իրա­­գոր­­ծումներ ար­­ձա­­­նագ­­րեց յատ­­կա­­­պէս։ Պարզ նիւ­­թե­­­րէն կրցաւ նաեւ հրաշքներ կեր­­տել, թէեւ անոնցմէ ոմանք, որ­­քան կարճ, այդքան ազ­­դու եղան։

Ան­­շուշտ՝ թէ ամէն մի քեր­­թո­­­ւած (ինչպէս գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան ամէն մի ար­­տադրու­­թիւն) իր ժա­­մանա­­կինն է՝ նկա­­րագ­­րա­­­կան բո­­լոր բա­­ղադ­­րիչնե­­րով՝ իր հո­­գիով, հո­­գեբա­­նու­­թիւնով, միտ­­քով, զգաց­­մունքնե­­րով ու հզօ­­րէն կա­­խեալ գո­­յատեւ­­ման կամ­­քով։ Սա­­կայն՝ Զահ­­րա­­­տի եր­­կե­­­րը մեծ մա­­սամբ զերծ պի­­տի մնան ժա­­մանա­­կին անխնայ կոր­­ծա­­­նու­­մէն, քա­­նի որ՝ անոնք իրենց մէջ զգա­­յացունց ու գե­­ղագի­­տական գրա­­ւիչ տի­­պարով մը ըն­­կե­­­րային եւ հա­­մամարդկա­­յին ար­­ժա­­­նիք­­նե­­­րը նկա­­րագ­­րե­­­լով, լու­­սա­­­ճաճանչ, իմաս­­տա­­­սէր, հա­­ճելի կամ թախ­­ծոտ հա­­յեաց­­քով խնդու­­թիւն մը կը ստեղ­­ծեն։ Բա­­ցի այդ, անոնք յա­­ճախ առ յա­­ճախ կար­­դա­­­ցուե­­լու, իմա­­ցուե­­լու ցան­­կութիւն կը խրա­­խու­­սեն ըն­­թերցո­­ղին իմա­­ցակա­­նու­­թե­­­նէն ներս։ Իր անձնա­­յատուկ յղաց­­ման հզօ­­րու­­թիւնը յստա­­կաց­­նե­­­լու հա­­մար, ամ­­բողջա­­կան եր­­կե­­­րէն, բո­­լորին ծա­­նօթ, միայն վաղ շրջա­­նի սա գլուխ-գոր­­ծոցնե­­րը նշե­­լով պի­­տի բա­­ւարա­­րուիմ։ «Գի­­շերա­­պահը», «Ոսպ ստկող կի­­նը», «Ան­­հա­­­շիւ», «Իւղ», «Նի­­նա», «Մին­­չեւ Գա­­նատա», «Զրոյց», «Սի­­րած­­նե­­­րուդ բեր­­նին մէջ»ը։ Ահա թէ ինչ ըսել կ՛ու­­զեմ։

Խօսքս աւար­­տին պի­­տի հաս­­նի «Դդու­­մի համ» հա­­տորին յա­­ռաջա­­բանէն նմոյ­­շով մը, որ Տկ. Անա­­յիս Եալ­­տըզճեանի կող­­մէ ըն­­թերցո­­ղին հաս­­ցէին ուղղո­­ւած էր իբ­­րեւ սրտի խօսք։

«Զա­­րէն նոյ­­նա­­­ցած էր իր գրա­­կանու­­թեան հետ. ան կ՛ապ­­րէր բա­­նաս­­տեղծու­­թեան մէջ, բա­­նաս­­տեղծու­­թեան զու­­գա­­­հեռ, բա­­նաս­­տեղծու­­թեան հա­­մար։ Իր եղե­­լու­­թեան առանցքը այդ ան­­ձեռնմխե­­լին, այդ ան­­թա­­­փան­­ցե­­­լին էր, իր վա­­հանը՝ վա­­հան մը ան­­նիւթ, զուտ գա­­ղափար, բորբ հա­­ւատ­­քէ զոր դրօ­­շի պէս կուրծքին վրայ կը բռնէր։

Այդ կուրծքը այ­­լեւս չկայ։ Բայց կայ այս հա­­տորը, զոր իրենց կուրծքին վրայ խան­­դա­­­ղատան­­քով պի­­տի սեղ­­մեն բո­­լոր անոնք, որոնք սի­­րեցին իր տա­­ղեր­­գութիւ­­նը եւ իր ան­­ձը որ­­պէս Զահ­­րա­­­տը - Ու­­րի­­­շը – Տար­­բե­­­րը»։

Կը շնոր­­հա­­­ւորեմ Զահ­­րա­­­տի հա­­րիւ­­րա­­­մեակը։ Կեց­­ցէ՚ իր հզօր, հան­­ճար եր­­կե­­­րը եւ ան­­թա­­­ռամ բա­­րի յի­­շատա­­կը առ­յա­ւէտ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ