ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ
bastimar.kurtulus@gmail.com
Անուրանալի իրողութիւն մըն է Խորհրդային միութեան քրտերէնի զարգացման բերած նպաստը։ Խորհրդային մտայնութիւնը գիտակցած էր, թէ լեզուի մը գոյութիւնը եւ զարգացումը կախեալ է ազատ միջավայրէ։
Այդ ազատ միջավայրի շնորհիւ է, որ քրտերէն առաջին վէպը ծնաւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ։ Քրտերէն առաջին վէպ։ Սա ինքնին յաղթանակ մըն է։ Ապացոյց է, այն իրողութեան թէ լեզուի մը վրայ գործադրուող ճնշումները, արգելքները, գրաքննութիւնը, երբ վերանայ, կրնայ ծաղկիլ գրականութիւնն ալ։ Քրտերէն առաջին վէպի Խորհրդային Հայաստանի մէջ հրատարակուիլը պատահականութիւն մը չէ, այլ ազատութեան բնական արդիւնք։ Կարսի Սուսուզ գաւառը ծնած եւ ապա կոմունիստական շարժումի հետ ծանօթանալով յեղափոխական պայքարին մասնակցած եւ վերջապէս քրտերէն առաջին վէպը գրելով այս լեզուով ալ գրականութիւն հիւսելու կարելիութիւնը փաստած հսկայ անուն մըն է Էրէպէ Շամոն։ Անոր «Քիւրտ Հովիւը» անուն վէպը հրատարակուելով մեծ արձագանգներ յառաջացած են, եւ այս վէպը արդի քրտերէն վիպագրութեան հիմնաքարը դարձած է։ Շամիլովը այդքանով չէր կրնար գոհանալ եւ վրայ հասաւ յաջորդ վէպերը, որոնց շնորհիւ գրականութեան պատմութեան մէջ ամրացաւ իր արժանի դիրքը։
Յատակագիծով ձեւաւորուած առաջին փողոցներէն մէկն է Աբովեանը եւ ես այդ փողոցի վրայ կը որոնեմ Էրէպէ Շամոյի ոտնահետքերը։ Կ՚անցնիմ ամբողջ փողոցը եւ ի վերջոյ կը գտնեմ Էրէպէ Շամոյի երբեմնի բնակարանը, որուն մուտքին զետեղուած է ռուսատառ յուշաքար մը։ «Անուանի քիւրտ վիպագիր Էրէպէ Շամօ բնակած է այս տունը»։ Նմաններուն յաճախ հանդիպած եմ Երեւանի փողոցները շրջելու ատեն։ Յայտնի է, որ քաղաքը նոր սերունդներուն ալ կը ծանօթացնէ իր արժանի զաւակները նման յուշաքարեր զետեղելով, անոնց ապրած վայրերը եւ այդ վայրերու մէջ անոնց գոյութիւնը պատմական փաստի մը կը վերածէ։ Էրէպէ Շամօ նաեւ «Երեւանի քիւրտերը» ֆիլմի բեմագրութեան հեղինակն է։
Էրէպէ Շամոն յիշելով կ՚աւարտեմ Երեւանեան տպաւորութիւններուս ձօնուած այս յօդուածաշարքը։
Կը խոստանամ «Ակօս»ի յաջորդ թիւերուն մէջ ծանօթացնել գիրքեր, շաբաթական հերթականութեամբ։ Պարտիմ նշել թէ ինծի համար շատ հաճելի է եւ բացառիկ արժէքաւոր «Ակօս»ի հայերէն էջերուն մաս կազմելուս իրողութիւնը։