Նախորդ շաբաթ արձագանգած էինք փոքրամասնութիւններու պատկանող հիւանդանոցներու հոգաբարձութեանց ընտրութեան մասին կանոնագրի նախագծին։ Հայոց Սուրբ Փրկիչ եւ Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցներու, Պալըքլըի Յունաց հիւանդանոցի եւ Հրէից Օր Ահայիմ հիւանդանոցներու վարչութեան ընտրութիւնները պէտք է աւարտի մինչեւ այս տարեվերջ։
Նախագծի վերաբերեալ բարեփոխման առաջարկները երկուշաբթի օր փոխանցուած են Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան։ Նախագիծը որոշ քննարկումներէ ետք պիտի ներկայացուի Նախագահ Էրտողանին եւ անոր վաւերացումէն ետք Պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուելով գործադրութեան պիտի մտնայ։
Նախագծի մէջ վերատեսութեան կարիքի շեշտ կը դրուի ընտրատարածքի, վարչակազմի մէջ բժիշկ, իրաւաբան եւ մասնագէտ հաշուապահի պահանջի նման նիւթերու շուրջ։
Այս մասին Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ եւ Հայ համայնքային հաստատութիւններու հարթակի՝ ԷՐՎԱՊ-ի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու Համբարձման Տօնին յայտարարած էր, որ մտադիր չէ անգամ մը եւս հոգաբարձութեան պաշտօն ստանձնելու։ Նախագծի հրապարակումէն ետք Շիրինօղլու յայտնեց որ, եթէ խնդրայարոյց թեկնածուներ նկատէ, մինչեւ վերջ պիտի պայքարի անոնց դէմ։
Շիրինօղլու ընտրութեան նախագծի մասին ըսաւ հետեւեալը. «Նախագիծը դժգոհութիւն պատճառած է որոշ համայնքներուն։ Անոնք պիտի առարկեն եղեր։ Լաւ պիտի ըլլար որ իւրաքանչիւր համայնքի պայմանները նկատի ունեցող անջատ կանոնագիրներ ըլլային։ Դժբախտաբար կարելի չէ եղած։ Ինչպէս համայնքային միւս հաստատութիւնները, հիւանդանոցներու վարչութիւններն ալ պէտք է ընտրութիւնով պաշտօնակոչուին։ Հիւանդանոցի վարչութիւնը շատ կարեւոր է եւ հազիւ արժանիներ պէտք է ընտրուին այդ պաշտօնին։ Պէտք է դրամով յագեցած մարդիկ ընտրեն։ Ես հազիւ այդ տեսակ մարդկանց կրնամ յանձնել իմ աթոռը։ Իսկ եթէ վիճայարոյց անձեր իբրեւ թեկնածու ներկայանան անոնց, դէմ մինչեւ վերջ կը պայքարիմ»։