«Սար» երաժշտա-պարային ներկայացումը կը կրկնուի

Որպէս «Փո­­կոտ­­ներ»ու պա­­րային ըն­­կե­­­րու­­թեան նա­­խաձեռ­­նութիւ­­նը, Միհ­­րան Թո­­մասեան եւ Սա­­րօ Ուստա­­յի հե­­ղինա­­կած «Սար»ը կրկին կը ներ­­կա­­­յանայ հան­­դի­­­սատե­­սին։ Բե­­մադ­­րութիւ­­նը առա­­ջին ան­­գամ ներ­­կա­­­յացո­­ւած էր 2015 թո­­ւին։

Միհ­­րան Թո­­մասեան եւ Սա­­րօ Ուստա նոյն թա­­ղի մէջ հա­­սակ առած, նոյն վար­­ժա­­­րանը աւար­­տած եւ նոյն մշա­­կոյ­­թէն բա­­ժին քա­­ղած եր­­կու ըն­­կերներ են։ Անոնց միաս­­նա­­­բար ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծած երաժշտու­­թեան եւ պա­­րի բե­­մադ­­րութիւ­­նը հիւ­­սո­­­ւած է հա­­սարա­­կած ինքնու­­թեան յու­­շե­­­րէն, ուր շար­­ժումը, թուղթը եւ երաժշտու­­թիւնը օգ­­տա­­­գոր­­ծե­­­լով կը փոր­­ձեն պատ­­մել լեռ­­նա­­­յին հէ­­քեաթ մը, որ այնքան ալ օտար չէ հան­­դի­­­սատե­­սին։

Բե­­մադ­­րութիւ­­նը կը նկա­­րագ­­րո­­­ւի հե­­տեւեալ տո­­ղերով՝ «Ընտրե­­ցիր նո­­րատունկդ, որո­­շեցիր վայ­­րը, պատ­­րաստե­­ցիր հո­­ղը, տնկե­­ցիր ու կե­­նաց ջու­­րը տո­­ւիր ու ապա կռնակդ դար­­ձար հե­­ռացար։ Օրեր ան­­ցան, թե­­րեւս շա­­բաթ­­ներ, անձրեւ­­ներ տե­­ղաց ու նաեւ ձիւն, քա­­միներ ան­­ցան ու եկար տե­­սար որ հա­­սակը հա­­սակիդ հա­­ւասա­­րած է։ Բռնած էր նո­­րատունկը։ Ար­­մա­­­տի մազմզու­­քը կրնար ան­­հուն եր­­կա­­­րիլ։ Ապա գա­­րուն եղաւ, յա­­ջոր­­դեց ամա­­ռը։ Արե­­ւը ծա­­գեցաւ, լու­­սի­­­նը մայ­­րը մտաւ, Արու­­սեակը յայտնո­­ւեցաւ։ Դուն ար­­դէն մե­­ռած էիր, թոռ­­ներդ ո՞վ գի­­տէ ո՞ւր արթնցան։ Գա­­ցող­­ներ եղան, եկող­­նե­­­րը ու­­րիշ գա­­ցող­­ներ էին, չե­­ղաւ, բա­­ներ մը սխալ ըն­­թա­­­ցան, ծա­­ռը աճե­­ցաւ հե­­ռուի տու­­նը մէկ էր երեք եղաւ, հինգ էր հինգհա­­րիւր եղաւ, շու­­քին տակ սպա­­նուող­­ներ եւ ան­­շուշտ համ­­բուրուող­­ներ եղան։ Ան­­տե­­­սող­­ներ եւ ջուր տո­­ւող­­ներ…

Ապա հա­­տեցին ծա­­ռը։

Լաւ եղաւ, մայ­­թը կը նեղցնէր։

Այս ներ­­կա­­­յացու­­մը հիւ­­սո­­­ւած է աշ­­խարհը, մարդկու­­թիւնը, լեռ­­նե­­­րը, եր­­կի­­­րը ու եր­­կինքը սխալ ըն­­կա­­­լելու հի­­ման վրայ։ Վե­­րեւ նշո­­ւած ծա­­ռին հետ առնչու­­թիւն մը չու­­նի։ Թոռ­­նե­­­րուն ուր արթննա­­լով մտա­­հոգո­­ւած է»։

«Սար»ի ներ­­կա­­­յացու­­մը կ՚իրա­­կանա­­նայ 22 Մա­­յիս ժա­­մը 20.30-ին Գա­­տըգիւ­­ղի «Մօ­­տա Սահ­­նէ­­­սի» թատ­­րո­­­նի մէջ, ներ­­կա­­­յաց­­ման տոմ­­սե­­­րը կա­­րելի է հայ­­թայթել www.modasahnesi.com/events/sar/ կայ­­քէ­­­ջի մի­­ջոցաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ