Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ բացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին ձօնուած խաչքարը։ 18 Նոյեմբեր 2017-ին կայացող պաշտօնական բացման ներկայ գտնուեցան Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Տէր Սերովբէ Վրդ. Իսախանեան, իր հետ ունենալով թեմի այլ հոգեւորականները, Հայատանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Սմբատեան, նահանգային քաղաքական դէմքեր եւ քէօլնաբնակ հայեր։
Շուրջ երկու տարի տեւող աշխատութեան արդիւնքն է խաչքարի տեղադրումը։ Գործընթացը մերթ ընդ մերթ հանդիպեցաւ քաղաքի թրքական կազմակերպութիւններու եւ թրքական իշխանութիւններու արգելման ջանքերուն։ Սակայն շնորհիւ յարատեւ աշխատութեան այդ ջանքերը իսպառ մնացին եւ խաչքարին վրայ տեղ գտաւ «Խաչքարս կանգնեցուած է ի յիշատակ 1915-1916 Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին» գրութիւնը։ Խաչքարի բացումէն եւ օրհնութենէն ետք Առաջնորդանիստ Սուրբ Սահակ Մեսրոպ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիսութիւն։ Միջոցառման բացումը կատարեց Քէօլնի հայ համայնքի ատենապետուհի Մինու Նիքբայ։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան ՀՀ. Դեսպան Աշոտ Սմբատեան, Քէօլնի քաղաքապետուի Էլիֆէ Շօ Անտվերպես, նահանգային խորհրդարանի անդամ Պերիվան Այմազ, քաղաքային խորհուրդի քրիստոնեայ տեմոքրաթական խմբակցութեան ղեկավար Պերնդ Պետելքաու, Քէօրլնի հայ համայնքի երիտասարդներու անունով ալ Մատլեն Քալտըրըմ եւ ուրիշներ։ Ելոյթներու միջեւ տեղւոյն Կեմիտաս երգչախումբի կատարումները լսուեցան։
Միջոցառումը իր աւարտին հասաւ Առաջնորդական փոխանորդ Հայր Սերովբէ Վարդապետի հուսկբանքով։