Քաւալա անարդարութեան զոհ

18Հոկտեմբերին բերման ենթարկուած հանրածանօթ գոր­ծա­րար եւ հա­սարա­կական գոր­ծիչ Օս­ման Քա­ւալա եր­կու շա­բաթ ոս­տի­կանական հար­ցաքննու­թեան են­թարկուելէ ետք 1 Նո­յեմ­բե­րին ձեր­բա­կալուեցաւ եւ բան­տարկուեցաւ Սի­լիվ­րիի ար­գե­լանո­ցը։ Օս­ման Քա­ւալա ձեր­բա­կալու­թե­նէն ետք առա­ջին ան­գամ 6 Նո­յեմ­բե­րին զինք այ­ցե­լող Հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր­ներ Վե­լի Աղ­պա­պա եւ Շե­նալ Սա­րըհա­նի մի­ջոցաւ ար­տա­յայ­տուեցաւ իր ձեր­բա­կալ­ման ման­րա­մաս­նութիւննե­րուն մա­սին։ Քա­ւալա նշեց որ մեծ անար­դա­րու­թեան մը են­թարկուած է։ «Իմ ձեր­բա­կալու­թիւնը իշ­խա­նու­թեան ընդդի­մադիր­նե­րու ուղղուած հա­լածան­քին մէկ մաս­նիկն է։ Իմ կամ կնոջս Այ­շէ Պուղրա­յի Ֆե­թուլլա­հակա­նու­թեամբ մե­ղադ­րուիլը տրա­մաբա­նու­թե­նէ դուրս երե­ւոյթ մըն է։ Մենք տա­կաւին 1990-ական տա­րեթի­ւերուն անդրա­դար­ձած էինք այդ վտան­գին եւ կը պայ­քա­րէինք յի­շեալ կա­ռոյ­ցին դէմ։ Իմ ձեր­բա­կալու­թիւնը հե­տեւանք է նա­խագահ Էր­տո­ղանի ան­ձիս դէմ ըրած մե­ղադ­րանքնե­րուն»։

Հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թեան Մա­լաթիոյ երես­փո­խան Վե­լի Աղ­պա­պա այ­ցե­լու­թե­նէն ետք իր տպա­ւորու­թիւննե­րը փո­խան­ցեց «Ակօս»ին։ Ան նշեց թէ Քա­ւալա­յի առող­ջութիւ­նը եւ տրա­մադ­րութիւ­նը բա­ւակա­նին լաւ է։ «Թուրքիոյ մէջ ար­դա­րադա­տու­թեան հա­սած մա­կար­դա­կը ցոյց տա­լու առու­մով կա­րեւոր երե­ւոյթ մըն է իր դէմ ուղղուած մե­ղադ­րանքնե­րը իրա­ւացի չեն։ Ապա­գային իրա­ւաբա­նու­թեան գրա­կանու­թեան մէջ իբ­րեւ բա­ցասա­կան օրի­նակ պի­տի գոր­ծա­ծուի այս գոր­ծընթա­ցը։ Զինք կը մե­ղադ­րեն չորս տար­բեր կազ­մա­կեր­պութեան զօ­րակ­ցե­լով, իշ­խա­նու­թեան դէմ ապստամ­բութիւն կազ­մա­կեր­պե­լով եւ դեռ ան­հա­մար, ան­հիմն պնդումնե­րով։ Այս ձեր­բա­կալու­թիւնով կ՚ու­զեն, թէ հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը եւ թէ գոր­ծա­տէրե­րը լռեց­նել» ըսաւ Վե­լի Աղ­պա­պա։ Մինչ այդ Օս­ման Քա­ւալա­յի ձեր­բա­կալու­թեան դէմ ընդվզումներն ալ հետզհե­տէ կը ծա­ւալին։ Քա­ւալա­յի այ­րին Այ­շէ Պու­ղրա յայ­տա­րարու­թիւն մը ընե­լով ան­գամ մը եւս պնդեց, թէ Էր­տո­ղանի խօս­քե­րը պատ­ճառ դար­ձան այս ձեր­բա­կալու­թեան։ Միւս կող­մէ հա­յազ­գի անուանի դե­րասան Ար­սի­նէ Խան­ճեան եւս հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցոյց տուաւ կա­տարուած­նե­րուն։ Ան նկա­րագ­րեց եօթը տա­րի առաջ Քա­ւալա­յի հետ իր առա­ջին հան­դի­պու­մը եւ դրուատեց անցնող այդ տա­րինե­րու ըն­թացքին անոր շի­նիչ աշ­խա­տու­թիւննե­րը հայ-թուրքա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու աւե­լի յա­մերաշխ գետնի մը վրայ ընդանալու մասին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ