Լիոնի հայ քաղաքապետը

Մայրաքաղաք Փարիզ եւ Մարսէյլէ ետք Ֆրանսայի երրորդ մեծ քաղաքն է Լիոն, որուն քաղաքապետ ընտրուեցաւ 67 ամեայ ԺորԺ Քեփենեքեան։

Լիոնի քաղաքապետ Ժերար Քոլոմպ նախորդ Մայիս ամսուան մէջ կատարուած ընտրութիւններէ վերջ ստանձնեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը։ Համայնավար կուսակցութեան շարքերէն Մաքրօնը Ֆրանսայի նախագահ դարձնող Երթ Շարժումին մասնակցած էր նաեւ հայազգի քաղաքական գործիչը, այդ իսկ պատճառաւ ալ նախորդ քաղաքապետը իր պաշտօնին փոխարինելու համար առաջարկած էր զինք։ 17 Յուլիսին կատարուած ընտրութիւնով Քեփենեքեան 55 քուէարկողներէ 49-ի ձայներով ընտրուեցաւ Լիոնի քաղաքապետ։ Նշենք որ վերջին ընտրութենէ ետք Ֆրանսական Խորհրդարանի մէջ պաշտօն ստանձնած են չորս հայ երեսփոխաններ, որոնց բոլորն ալ Երթ Շարժումի անդամներ են։       

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ