Յոյսը այլընտրանքային լրատուամիջոցներն են


Գրաւոր ու տեսլական մամուլի մէջ տիրող ցամքածութիւնը ինքնաբերաբար պատճառ կը դառնայ նոր որոնումներու։ Այլընտրանքային գրաւոր մամուլը այլեւս տպարաններու փոխարէն կը գործէ համացանցի վրայ։ Իշխանութեան օժանդակու­թիւնով ապա­հովուած գո­վազդնե­րը թէեւ կը պա­հեն իշ­խա­նամէտ թեր­թե­րը, բայց չեն կրնար անոնց տպա­քանա­կին օրըս­տօ­րէ նուազեց­ման ար­գելք ըլ­լալ։ Իսկ միւս կող­մէ տե­սողա­կան մա­մու­լը ալ աւե­լի ծանր վի­ճակ մը կը ներ­կա­յաց­նէ։ այնտեղ բազ­մա­թիւ հե­ռուստա­կայան­ներ իրենց բո­լոր հա­ղոր­դումը սահ­մա­նած են աժան սե­րիալ­նե­րով կամ ան­մա­կար­դակ մրցումնե­րով։ Այս ընդհա­նուր հա­մայ­նա­պատ­կե­րին մէջ «մա­մուլ» բա­ցատ­րութիւ­նը ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար ու­րիշ ոչ մէկ գե­տին կայ բա­ցի ար­տա­սահ­մա­նեան նո­րայայտ հե­ռուստա­կայան­նե­րէ։ Անոնցմէ մէկն է «Artı TV», որ կը փոր­ձէ ձայ­նը անլսե­լի դար­ձածնե­րու հա­մար նոր խօ­սափող մը դառ­նալ։ Նոր կա­յանի յատ­կութիւննե­րէն մէկն ալ հայ­կա­կան խնդիր­նե­րու նկատ­մամբ իր տա­ծած ու­շադրու­թիւնն է։ Ար­դա­րեւ գոր­ծունէու­թեան այս կարճ շրջա­նին իսկ հե­ռուստա­կայա­նը յա­ջողե­ցաւ ներ­կա­յաց­նել հա­յոց վե­րաբե­րեալ զա­նազան հա­ղոր­դումներ։ Այդ հա­ղոր­դումնե­րէն մէկն ալ նիւթ կ՚ու­նե­նար «Ակօս»ի կող­մէ օրա­կար­գի բե­րուած ասո­րի եկե­ղեց­ւոյ ինչքե­րու յափշտակ­ման խնդի­րը։ Այսպէս 4 Յու­լիս Երեք­շաբթի երե­կոյ կա­յանին հեր­թա­կան հա­ղորդման մէջ «Ակօս»ի անձնա­կազ­մէն Բագ­րատ Էս­դուգեան եւ ծա­նօթ ու­սումնա­սիրող Նեւ­զաթ Օնա­րան մաս­նակցե­ցան Այ­շէ Հիւ­րի եւ Էր­տո­ղան Այ­տը­նի միաս­նա­բար պատ­րաստած հա­ղոր­դումին։ Հա­ղոր­դա­վար­նե­րը մէջ­բե­րելով «Ակօս»ի հրա­պարա­կած լու­րը, քննե­ցին ասո­րինե­րու պատ­մութեան կա­րեւոր հա­տուած­նե­րը։ Յատ­կա­պէս ծան­րա­ցան 1915-ի դէպ­քե­րուն, ուր ասո­րինե­րու պատ­մութեան մէջ կը յի­շուի «Սէյ­ֆօ» անուանու­մով։ Եր­կար քննար­կումներ կա­տարուեցան Լո­զանի դաշ­նագրի խմբագրման օրե­րու կա­րեւոր ան­ցուդար­ձե­րու շուրջ։ Այնտեղ եւս մեկ­նա­բանուեցաւ թէ ինչ պայ­մաննե­րու տակ ասո­րինե­րը զրկուած են այս դաշ­նագրի երկրի փոք­րա­մաս­նութիւննե­րուն ընդձե­ռած կարգ մը իրա­ւունքնե­րէն։ Ատե­նախօս­նե­րը ծան­րա­ցան այդ տա­րեթի­ւերուն ասո­րի ժո­ղովրդին տա­կաւին ազ­գա­յին դի­մագիծ մը գո­յաց­նե­լէ բա­ւական հե­ռու ըլ­լա­լու երե­ւոյ­թին շուրջ։ «Հա­զիւ սփիւռքի պայ­մաննե­րուն մէջ եկե­ղեց­ւոյ բա­ցար­ձակ գե­րակշռու­թե­նէն ազա­տուե­լով է որ ասո­րինե­րը յա­ջողե­ցան ազ­գա­յին դի­մագիծ մը ներ­կա­յաց­նել եւ քա­ղաքա­կան գետ­նի վրայ պա­հան­ջա­տիրու­թիւն մը դրսե­ւորել» եզ­րա­կացուց Բագ­րատ Էս­դուգեան։ Միւս կող­մէն Նեւ­զաթ Օնա­րան լայն տե­ղեկու­թիւններ փո­խան­ցեց երկրի ոչ իս­լամ ժո­ղովուրդնե­րու կա­լուած­նե­րուն պե­տական ծրագ­րի մը հի­ման վրայ իւ­րա­ցուե­լու գոր­ծո­ղու­թեան մա­սին։ Նշենք որ Նեւ­զաթ Օնա­րան այս նիւ­թի ձօ­նուած շատ լուրջ ու­սումնա­սիրու­թեան հե­ղինակն է նաեւ։ Իսկ պատ­մա­բան Այ­շէ Հիւր եւ Էր­տո­ղան Այ­տըն քննար­կե­ցին Ա. Հա­մաշ­խարհա­յին Պա­տերազ­մին յա­ջոր­դող տա­րեթի­ւերուն ասո­րի հա­մայնքին դէմ­հանդի­ման մնա­ցած զրկանքնե­րուն։ «Այդ զրկանքնե­րը այ­սօր ալ կը շա­րու­նա­կուին նոյն թա­փով, քա­նի որ տա­կաւին վերջ չէ գտած երկրի սե­փական հարստու­թեան յափշտակ­ման ոդի­սակա­նը» ըսաւ Էր­տո­ղան Այ­տըն։

Նշենք որ «Artı TV»-ի հա­ղոր­դումնե­րուն կա­րելի է հե­տեւիլ hotbird-ի ար­բա­նեակի դրու­թեամբ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ