ՌՈՊԵՐ ՔՈՓԹԱՇ
Դիւրին չէ, մանաւանդ այդ անիծեալ օրուան ճնշող ցաւով, տասը տարի անց, յաւակնիլ բաներ մը ըսելու Հրանդ Տինքի մասին, որու շուրջ կը թուի թէ ալ ամէն ինչ ըսուած է։ Յամենայնդէպս, իր գործին մասին անգամ մը եւս խորհրդածելու առիթը կարեւոր է՝ յիշեցնելու համար այն զօրաւոր ազդեցութիւնը, զոր, նոյնիսկ ծանրագոյն պայմաններու տակ, նամանաւանդ երկրի ներկայի գնացքին ու կացութեան մէջ, երկխօսութեան, թափանցկութեան, փոխըմբռնումի եւ ժողովրդավարական նման այլ արժէքներով շաղախուած մաքառումով, կրնայ իրականացնել փոփոխութիւնը...
Հրանդ Տինքը այս անգամ ալ պատկերացնենք, իր բազմաթիւ յատկանիշներու ընդմէջէն, որպէս մտաւորական ու մաքառող մը, որ կը փոխակերպէ, որ ճանապարհ կը բանայ յիշեցնելով։ Որպէս յիշողութեան վաստակեալ մը, որ մէկուն կը յիշեցնէ իր մոռցածը, միւսին բան մը՝ որ չ՚ուզեր յիշել, ուրիշին այն՝ որ կորսնցուցած է, կը յիշեցնէ իրեն՝ զինքը։ Սուրհանդակ մը, որ մեր կորուսեալ կտորները կը գտնէ ու մեզ կ՚ամբողջացնէ, մեզ կը հրաւիրէ տեսնելու մեր լրացած վիճակը։ Մարմնացեալ բանբեր մը՝ ձայնազուրկերուն յիշեցնող թէ կրնան խօսիլը յիշել։
Հայերուն, թուրքերուն, քիւրտերուն, անոնց, որոնք հոս են ու դուրսը, յիշեցուց ժամանակն ու տարածութիւնը, զորս մոռցած էին։ Օրինակ, ճնշուած, իւրացուած, նուազեցուած թրքահայերը, վախուորած ջնջելով իրենց երէկը, գրեթէ մոռցած էին, թէ անցեալ մը ունին։ Անոնց յիշեցուց իրենց անցեալը՝ իր թերթով։ Բայց միայն այսքանը չէ։ Յիշեցուց, թէ իրենց կծկուած համայնքային պատեանէն անդին, հանապազօրեայ հացէն ու ապահովութեան մտահոգութենէն անդին ունին ապագայ մը, կրնան երեւակայել իրենց երկրին գալիքը, ուր կրնան դիրք ու դեր ալ ունենալ։ Ի մի բան, բուռ մը մնացած թրքահայերուն յիշեցուց, թէ պարտաւոր չեն մոռնալու ցաւերով լի իրենց անցեալը եւ կրնան պահանջել ապագան, միաժամանակ տէր ըլլալ իրենց անցեալին ու ապագային։
Նոյն Հրանդ Տինքը աշխարհասփիւռ եւ ներկան ու գալիքը միեւնոյն անցեալի ստուերով գորշացած հայութեան յիշեցուց, թէ դեռ կը գոյատեւէ իրենց հայրենիքը, ուրկէ արմատախիլ եղած էին եւ ուր հիմնադրուած էր Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, այնտեղ կար կեանք մը եւ այդ հողերուն ապագան միեւնոյն ժամանակ նաեւ իրենց ապագան է։ Յիշեցուց, թէ առերեւոյթ նիւթապէս կորուսեալ իրենց հայրենիքին բարոյական մէկ մասնիկն են, հակառակ ամէն ինչի անկարելի է խզումը հոն ապրող մարդոց հետ, անկարելի է իրենց յետամնաց մշակոյթին հետ առկայ կապերուն ջնջումը, ուզեն կամ ոչ կը բաժնեն թուրքերու եւ քիւրտերու ճակատագիրը։ Ոչ թէ այլաբանութեամբ, այլ իրապէս ցոյց տուաւ, թէ հոն գիւղ մը կայ ու այդ գիւղը իրենցն է։
Իսկ թուրքերուն ու քիւրտերուն, այս հողերու մարդոց յիշեցուց պատմական ճշմարտութիւնները, որոնք ջնջուած էին բոլոր արձանագրութիւններէն, պատժուած էին։ Յիշեցուց, թէ եթէ ծուռ է անցեալը ապա ապագան ալ պիտի ըլլայ ծուռ, անկարելի է ժողովրդավարութիւն ստեղծել արիւնի ու յանցանքի վրայ, եթէ ստեղծել փորձեն իսկ՝ պիտի ձախողի։ Յիշեցուց, թէ միակերպ չենք, պիտի չկարենանք ըլլալ, ընդհակառակը՝ կը գեղեցկանանք միայն մեր զանազանութեամբ, մենք մեզ կ՚ըլլանք ո՛չ թէ պարտադրեալ ինքնութեամբ, այլ մեր ինքնութեան կենդանութեամբ ու բազմացումով, չենք կրնար խաղաղիլ մինչեւ որ իրարու վէրքին սպեղանի ու ցաւին դարման չդառնանք։ Յիշեցուց անոնց, որոնք կ՚ուզէին յիշել անշուշտ։
Կը տեսնենք, որ Հրանդ Տինք ցոյց չէ տուած մեզի բան մը, որ չունենայինք, որ չգիտնայինք։ Չէ՛, ըրաւ աւելի դժուարը։ Իմաստուններուն յատուկ նրբութեամբ մը մեր առջեւ դրաւ այն բոլորը, զոր գիտենք, ջնջած ենք, ճնշած ենք, թաղած ենք մեր խորունկ նկուղներուն մէջ եւ երդում ըրած լոյս աշխարհ չհանելու համար։ Այնպէս մը ըրաւ, որ այլեւս չկարենանք անտեսել այն ամէնը, զորս կ՚ուզէինք որ ոչնչանային։
Անցաւ ժամանակ։ Քիչ չէ, ուղիղ տասը տարի։ Այս տարիներուն Հրանդ Տինք մեզի հետ չէր։ Եթէ ապրէր պիտի շարունակէր յիշեցնել, մէկերու հետ պիտի վիճէր, պիտի սխալէր, պիտի նեղացնէր ու պիտի նեղուէր, սիրտեր պիտի գրաւէր, երբեմն պիտի իյնար, սակայն միշտ պիտի կանգնէր դարձեալ ու պիտի բանար իր հսկայ թեւերը ու պիտի շարունակէր ճշմարտութեան հեղուկով մաքրագործուած ջինջ նախադասութիւներով խօսիլ, պիտի շարունակէր պատմել մեր մոռցածները եւ այս ամէնը, զորս մեզի մոռցուցած էին, մեզ պիտի կոչէր պայքարի՝ այս դժոխքը դրախտի վերածելու համար։
Իր վերջին յօդուածը, որ տպագրուած էր «Ակօս»ի երկու թիւերուն մէջ, թէեւ միտքերու մէջ արձանագրուեցաւ «հոգեվիճակիս աղաւնիի խռովքը» ասոյթով, սակայն հոն հոյակապ ձեւով կը վերլուծէր 2007-ի Թուրքիան, կ՚ըսէր, թէ սարսափելի պիտի ըլլայ նախքան նախագահական ընտրութիւնները ստեղծուած քաոսը, կը յայտնէր, թէ գործը կրնայ հասնիլ մինչեւ իր սպանութիւնը ու ոճրագործներուն անունները մի առ մի կարմիր մելանով կը գրէր պատին վրայ։ 2007-ն էր, իսկ հիմա 2017-ն ենք։ Այդ ժամանակ կռիւ կար հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան շուրջ եւ այսօր ալ եղածը մէջտեղն է։ Եւ Հրանդ Տինք կը շարունակէ յիշեցնել։ Այլասիրութիւնը, զօրակցութիւնը, դիմադրութիւնը, կեանքին կառչիլը, առանց դադրելու պատմելն ու լսելը, զիրար պաշտպանելը, երկրի հանդէպ ունեցած մեր սէրը այլոց չթողելը։ Նոյնիսկ եթէ մեր հոգեվիճակը ապրի աղաւնիի խռովք մը։