Եթէ Շէքսփիր ողջ ըլլար

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ

Ամբողջ կեան­քիս տե­ւողու­թեամբ տար­բեր բնոյ­թի յե­ղափո­խու­թիւննե­րու ակա­նատես եղած եմ։ Տե­սած եմ նոր յե­ղափո­խու­թիւններ ծնող յե­ղափո­խու­թիւններ։ Տե­սած եմ յե­ղափո­խու­թե­նէ տու­ժա­ծի դե­րը կա­տարե­լով մեծ շա­հեր ապա­հոված­ներ, նո­րանոր յե­ղափո­խու­թիւննե­րու գե­տին պատ­րաստող­ներ։

Միջ­նա­կար­գի երկրորդ դա­սարա­նէն եր­րորդ ան­ցած էի, երբ պա­տահե­ցաւ 27 Մա­յիսի յե­ղափո­խու­թիւնը։ Թուրքիոյ առա­ջին վկա­յեալ օդա­չու­նե­րէն եղող հօ­րեղ­բայրս Զէ­քի Զա­րաքօլ այդ հա­րուա­ծէն տա­րի մը առաջ նող­կա­լով հրա­ժարած էր բա­նակէն եւ սկսած էր իրա­ւաբա­նու­թիւն ու­սա­նելու։ Բա­նաս­տեղծ էր նաեւ։ Յե­ղափո­խու­թե­նէ շա­բաթ մը ետք, երբ սրտի կա­թուա­ծով մա­հացաւ, 49 տա­րեկան էր։

Յե­ղափո­խու­թեան հե­տեւան­քով տու­ժա­ծի դե­րի մատ­նուած Պա­յար-Մեն­տէ­րէս եր­կեակը բազ­մա­թիւ լրագ­րողներ բան­տարկած էին նա­խապէս։ «Հայ­րե­նասէր­նե­րու ջո­կատ» հռչա­կած, ընդդի­մադիր կու­սակցու­թիւնը ար­գի­լելով միահե­ծան իշ­խա­նու­թեան մը ճամ­բան բա­նալ փոր­ձած էին։

Իրենց կու­սակցու­թեան մէջ կա­յին իս­կա­կան ժո­ղովրդա­վարա­կան մար­դիկ ալ։ Անոնցմէ մէկն էր քրոջս ամու­սի­նը Ռը­զա Չէր­չէլ։ Դի­մադ­րած էր Կար­միր Մա­հիկի գու­մարնե­րուն իրենց կու­սակցու­թեան ի նպաստ գոր­ծադրու­թեան։ Պաշ­տօ­նազրկուեցաւ եւ իր տեղ բե­րին պնա­կալէզ մը՝ Շէ­մի Էր­կի­նը։ Մեն­տէ­րէս ուրկէ՞ գիտ­նար որ իր պնա­կը լի­զող Էր­կի­նը յե­ղափո­խու­թիւն կա­տարող­նե­րու հետ միասին կը գոր­ծէ։ Էր­տո­ղանն ալ չէր անդրա­դար­ձած «քրտա­կան քա­ղաք­նե­րը փլենք կոր­ծա­նենք» ըսող իր թիկ­նա­պահին այ­սօ­րուայ յե­ղափո­խական­նե­րուն հետ գործ կա­պելը։

Չէր­չէլ պաշ­տօ­նազրկուելէ ետք սրտի կա­թուած ու­նե­ցաւ, դժուար փու­թա­ցինք Գեր­մա­նիա։

Յե­ղափո­խական­նե­րը, նե­րառեալ իրենց գոր­ծակցող­նե­րը, իշ­խող կու­սակցու­թեան բո­լոր պատ­գա­մաւոր­նե­րը բան­տարկեցին Եաս­սը Ատա­յի մէջ։ Այդտե­ղի դա­ժան վե­րաբե­րու­մին չհան­դուրժող Լիւթֆի Քըր­տա­րի նման որա­կաւոր մար­դիկ եւս սրտի կա­թուա­ծով մա­հացան։ Միւս կող­մէ Օս­մա­նեան Յա­տուկ Ծա­ռայու­թեան՝ Թէշ­քը­լաթը Մահ­սուսա­յի գոր­ծիչ Ճէ­լալ Պա­յար ողջ մնաց։

Ժո­ղովրդա­վար­նե­րու կու­սակցու­թիւնը չէ որ տու­ժած էր, այդ տու­ժա­ծի հո­գեբա­նու­թե­նէն լա­ւագոյնս օգ­տուողը եղաւ Տէ­միրէ­լը։ Թէ՛ նախ­կին կու­սակցա­կան­նե­րը մե­կու­սա­ցուց եւ թէ զի­նուոր­նե­րու հա­մակ­րանքը ապա­հովեց։ Ձա­խի եր­դուեալ թշնա­մի մըն էր։ Ան ալ զի­նուոր­նե­րու պնա­կալէ­զը դար­ձաւ։ Տէ­նիզի դա­հիճը ըլ­լա­լով պի­տի յի­շուի։

Դպրո­ցաշի­նու­թեան նուիրեալ, աղ­քատնե­րու հո­գատար, փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու բա­րեկամ հայրս զի­նուո­րական իշ­խա­նու­թեան ձեռ­քով աք­սո­րուե­ցաւ։ Ամե­նաբե­ղուն շրջա­նին պաշ­տօ­նազրկուեցաւ եւ 62 տա­րեկան ան ալ մա­հացաւ սրտի կա­թուա­ծի մը հե­տեւան­քով։ Իսկ Տէ­միրէ­լի ձախ շար­ժումը չէ­զոքաց­նե­լու պա­տուա­բեր գոր­ծը վի­ճակե­ցաւ 12 Մար­տի յե­ղափո­խու­թեան զի­նուոր­նե­րուն։

Ձա­խը կո­տորող 12 Սեպ­տեմբե­րի յե­ղափո­խու­թեան տա­նող ճամ­բու քա­րերը Տէ­միրէլ-Էճէ­վիթ միասին շա­րեցին։ Նա­խապէս եր­կի­րը քա­ղաքա­ցիական պա­տերազ­մի շե­մին բե­րած եր­կեակը 28 Փետ­րուարի յե­ղափո­խու­թեան օրե­րուն հա­մագոր­ծակցու­թեան մէջ էին։ Էճէ­վիթ իր վա­ղեմի թշնա­միին՝ Պահ­չէ­լիին հետ կա­ռավա­րու­թիւն կազ­մեց, բայց ան ալ դա­ւադ­րութիւ­նով մը տա­պալե­ցաւ։

Մեն­տէ­րէս 1959-ին Անգլիոյ մէջ խոր­տակուած ինքնա­թիռէ մը ողջ դուրս եկաւ։ Եթէ այդ օր մա­հանար հա­ւանա­բար կը սրբա­դասէին։ Բայց ճա­կատա­գիրը իրեն հա­մար կա­խաղա­նի պա­րանը կը հիւ­սէր։ Անձնաս­պան ըլ­լա­լով իր վար­կը փրկե­լու առիթն ալ զլա­ցան։ Վճռած էին ու կա­խեցին։ Իրա­կանու­թեան մէջ հա­մաձայ­նե­լու ճամ­բա­ներն ալ որո­նեց, բայց խո­րունկ պե­տու­թեան գոր­ծի­չը Պա­յար ար­գելք եղաւ։

Խո­րունկ պե­տու­թեան Ա. եւ Բ. թի­մերու բա­խումնե­րը ան­վերջա­նալի են։ Անոնց ստեղ­ծած բե­ւեռա­ցու­մէն օգ­տուելով կը ձե­ւաւո­րուի պե­տու­թիւնը եւ հա­սարա­կու­թիւնը։ Ձե­ւաւոր­ման մի­ջոց­նե­րէն մէկն ալ եռ­ման կէ­տին հաս­նե­լով գոր­ծադրուած յե­ղափո­խու­թիւններն են։

Պա­յար-Ինէօնիւ եր­կեակը, Էճէ­վիթ- Տէ­միրէլ եր­կեակը եւ հի­մա ալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու-Էր­տո­ղան եր­կեակը… իրա­կանու­թեան մէջ անոնք զիրար ամ­բողջաց­նող գոր­ծօններ են։

Իսկ Էր­տո­ղան-Կիւ­լէն եր­կեակը զար­գա­ցող ու­րիշ ըն­թացքի մը խորհրդան­շանն է։

Հետզհե­տէ հա­րիւ­րա­մեայ հա­շուե­յար­դար մը կը կա­տարուի, որուն սկիզբն է 1908-ի յե­ղափո­խու­թիւնը։ Քա­ղաքա­կանա­ցած իս­լա­մը 1908-ի ար­դիակա­նաց­ման ձգտող յե­ղափո­խու­թեան տա­րի մը ետք փո­խադար­ձեց 31 Մար­տի ապստամ­բութեամբ։

Քա­ղաքա­կանա­ցած իս­լա­մի հիմ­նա­դիրն է Հա­միտը։ Երիտ­թուրքե­րը տա­պալե­ցին անոնք եւ անոնց հետ ալ բո­լոր ազա­տական, ինքնա­վարա­կան հո­սանքնե­րը։ Անոնց հա­սարա­կաց եզ­րը իս­լամն էր։ Յի­շենք որ առա­ջին ան­գամ ճի­հատ հռչա­կելու պա­տիւն ալ կը վի­ճակի այ­սօ­րուայ Հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թեան գա­ղափա­րախօ­սու­թեան հայ­րը հա­մարուած Իթ­թի­հատա­կան կու­սակցու­թեան։

Արեւ­մուտքը հա­կակո­մու­նիստ մի­ջոց մը ըլ­լա­լով շա­հագոր­ծեց քա­ղաքա­կանա­ցած իս­լա­մը։ Այժմ այդ հո­սան­քը իր ու­ղին բռնած է եւ Թուրքիոյ մէջ ալ կ՚ապ­րինք Իրա­նէ ներս ապ­րուած­նե­րու նմա­նը։

Հա­րիւր տա­րի անց 31 Մար­տի մեկ­նա­կէտը հան­դի­սացող Թաք­սի­մի զօ­րանո­ցը կրկին պի­տի կա­ռու­ցուի։ Ձե­ւով մը վրի­ժառու­թիւն։ Սա­կայն Թուրքիա հե­ռան­կարնե­րու եր­կիր ըլ­լա­լու կող­քին անակնկալ­նե­րու եր­կիր է նաեւ։

1925-ի ան­կազմա­կերպ Իզ­մի­րի մա­հափոր­ձը առիթ տուաւ, որ քէ­մալա­կան­նե­րը բո­լոր ընդդի­մադիր շար­քե­րը չէ­զոքաց­նեն եւ բռնա­տիրու­թեան հիմ­քը դնեն։

Տես­նենք որ 15 Յու­լի­սի յե­ղափո­խու­թիւնն ալ դէ­պի իս­լա­մական հան­րա­պետու­թեան առիթ պի­տի ստեղ­ծէ՞։

Խելք ու­նե­ցողը նման ճամ­բու մը չի դի­մեր։ Մա­հապա­տիժը վե­րահաս­տա­տելով իր ոճիրը չի կայացներ։

Եթէ Շէքսփիր ողջ ըլլար, ով գիտէ քանի՞ ողբերգութիւններ կը հիւսէր այս ապրուածներէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ