Սերովբեան Պապիկը

ՊԷՍՍԷ ՔԱՊԱՔ

Խմբագ­րա­տուն այ­ցե­լու­թիւննե­րէս մէ­կուն Սար­գիս Սե­րով­բեանի սե­­­­ղանին վրայ տե­­­­սած էի հա­­­­յերէն գրա­­­­կանու­­­­թեան դա­­­­սագիրք «Մեղ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­գետ»ը։ Ռուբէն Զար­­­­դա­­­­­­­­­րեանի խմբագ­­­­րած այդ գիր­­­­քէն Սաս­­­­նայ վե­­­­րաբե­­­­րեալ հա­­­­տուա­­­­ծը ցոյց տուած էր։ Խնդրե­­­­ցի որ գիր­­­­քը մի­­­­ջոց մը իմ մօտ մնայ ու կար­­­­դամ։ Չէր մեր­­­­ժած զիս։ Բայց ես թե­­­­րացած էի գիր­­­­քը ետ յանձնե­­­­լու։ Նա­­­­խորդ շա­­­­բաթ երբ գրա­­­­դարանս կը դա­սաւո­­­­րէի դար­­­­ձեալ ձեռքս ան­­­­ցաւ այս 105 ամեայ գիր­­­­քը։ Ան ու­­­­րիշ յատ­­­­կութիւն մըն ալ ու­­­­նէր՝ կը պատ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­նէր ող­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­ցեալ Յա­­­­կոբ Այ­­­­վա­­­­­­­­­­­­­­­զի։

9 Ապ­­­­րիլ Շա­­­­բաթ օր, «Պա­­­­րոն, աղ­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­րիկ, վար­­­­պետ» եւ տա­­­­կաւին բա­­­­զում ածա­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով օժ­­­­տուած Սար­­­­գիս Սե­­­­րով­­­­բեանը մա­­­­հուան տա­­­­րելի­­­­ցին առ­­­­թիւ յի­­­­շատա­­­­կելու հա­­­­մար մեկ­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­ղուած էինք «Ակօս»ի խմբագ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­նը։

Էր­­­­հան Արը­­­­քի նա­­­­խապէս նկա­­­­րահանուած տե­­­­սանիւ­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­րով պատ­­­­րաստած վա­­­­ւերագ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­կան ժա­­­­պաւէ­­­­նը դի­­­­տեցինք նախ։ Ապա Սե­­­­րով­­­­բեանի մտե­­­­րիմ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն Բագ­­­­րատ Էս­­­­դուգեան, Գա­­­­րին Գա­­­­րագաշ­­­­լը, Նա­­­­զար Պի­­­­նաթ­­­­լը եւ Մա­­­­հիր Էօզ­­­­քան յու­­­­շեր փո­­­­խանա­­­­կեցին Սար­­­­գի­­­­­­­­­­­­­­­սի որ­­­­դեգրած առա­­­­քելու­­­­թեան մասին։ Էս­­­­դուգեան պատ­­­­մեց խմբա­­­­գիր Սե­­­­րով­­­­բեանը։ Գա­­­­րին Գա­­­­րագաշ­­­­լը վկա­­­­յու­­­­թիւններ փո­­­­խան­­­­ցեց թեր­­­­թի հիմ­­­­նադրութեան շրջա­­­­նէն։ Նա­­­­զար Պի­­­­նաթ­­­­լը պատ­­­­մեց «Հայ­­­­Ճար» միու­­­­թեան հետ կա­­­­տարուած շրջա­­­­գայու­­­­թիւննե­­­­րը։ Մա­­­­հիր Էօզ­­­­քան վառ տպա­­­­ւորու­­­­թիւններ ու­­­­նէր «Վո­­­­վա» համ­­­­շէ­­­­­­­­­­­­­­­նական երաժշտա­­­­կան խումբի հետ դէ­­­­պի Հա­­­­յաս­­­­տան կա­­­­տարուած հիւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­համերգնե­­­­րէն։ Այս ելոյթնե­­­­րէն ետք ատե­­­­նախօս­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը կոչ ուղղե­­­­ցին հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­սատե­­­­սին, որ­­­­պէսզի փա­­­­փաքող­­­­ներ եւս ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տուին։ Զիս տպա­­­­ւորո­­­­ղը այն տի­­­­կինն էր որ խիստ յու­­­­զուած պատ­­­­մեց Սե­­­­րով­­­­բեանի հետ ծա­­­­նօթա­­­­նալու պա­­­­հը։ «Մեծ մայրս հա­­­­յու­­­­հի մըն էր եւ ես կ՚ու­­­­զէի անոր ան­­­­ցեալը յստա­­­­կեց­­­­նել։ Դի­­­­մեցի Հրանդ Տին­­­­քին, որ զիս ծա­­­­նօթա­­­­ցուց Սե­­­­րով­­­­բեանի հետ։ Մեր մի­­­­ջեւ այնպի­­­­սի ջերմ բա­­­­րեկա­­­­մու­­­­թիւն մը գո­­­­յացաւ որ ես Սար­­­­գիս Սե­­­­րով­­­­բեանի կեր­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­րին մէջ ար­­­­դէն գտած զգա­­­­ցի մեծ մայրս։ Այսպէս իր կո­­­­րուստով ան­­­­գամ մը եւս կը կորսնցնեմ հա­­­­րազա­­­­տը»։

Ետ դար­­­­ձի ճա­­­­նապար­­­­հին խոր­­­­հուրդներ կը խու­­­­ժեն միտքիս։ Իւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­քան­­­­չիւրս ձե­­­­ւով մը հարստա­­­­ցած էինք Սե­­­­րով­­­­բեանի ըն­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­յած գի­­­­տելիք­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով։ Ան մեր թա­­­­քուն ձիր­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րը յայտնա­­­­բերած էր։

Կի­­­­րակի առա­­­­ւօտ այս ան­­­­գամ հո­­­­ղակոյ­­­­տին վրայ պի­­­­տի յի­­­­շատա­­­­կենք մեր սի­­­­րելի երէց եղ­­­­բայրը։ Վերջ կը գտնէ նաեւ «Մեղ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­գետ»ի իմ մօտ պահ մնա­­­­լու ժա­­­­մանա­­­­կը։ Պէտք է յանձնուի իր տե­­­­ղը։ Ճամ­­­­բու տե­­­­ւողու­­­­թեամբ կը թղթա­­­­տեմ էջե­­­­րը եւ զար­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նալով կը տես­­­­նեմ թէ Խրի­­­­մեան Հայ­­­­րի­­­­­­­­­­­­­­­կի նկա­­­­րագ­­­­րած «Պա­­­­պիկ»ի կեր­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­րը աչ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րուս առ­­­­ջե­­­­­­­­­­­­­­­ւ կը մարմնա­­­­ւորուի Սար­­­­գիս Սե­­­­րով­­­­բեանի տես­­­­քով։ Հիացու­­­­մով կ՚ըն­­­­թերցեմ «Պապ­­­­կէ Պսակ» յօ­­­­դուա­­­­ծը։ Այնտեղ պա­­­­պիկը իր թոռ­­­­նի­­­­­­­­­­­­­­­կը կը պսա­­­­կէ մա­­­­ճով։ Ցո­­­­րենի յար­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­րով հիւ­­­­սուած պսակ մը կը տե­­­­ղադ­­­­րէ գլխուն։ Փո­­­­խաբե­­­­րական իմաս­­­­տով թո­­­­ռանը կի­­­­նը՝ Շու­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­նը եւ հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նի հո­­­­ղը կը նմա­­­­նց­­­­նէ իրա­­­­րու։ Խոր­­­­հուրդ կու տայ հո­­­­ղին չդա­­­­ւաճա­­­­նելու հա­­­­մար։ Քան­­­­զի այստեղ «հող» կո­­­­չուա­­­­ծը իր լայն իմաս­­­­տին մէջ հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նիքն է։ Շու­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­նը մահ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­նացու է, բայց հո­­­­ղը կամ այս օրի­­­­նակով հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նիքը յա­­­­ւիտե­­­­նական։ Ան կը մեռ­­­­նի միայն այն պա­­­­հուն, երբ թոռ­­­­նի­­­­­­­­­­­­­­­կը իր ձեռ­­­­քը կը հե­­­­ռաց­­­­նէ մա­­­­ճէն։

Մենք որ ակա­­­­մայ պո­­­­կուած ենք հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նի հո­­­­ղէն ու ցրուած աշ­­­­խարհով մէկ, Սե­­­­րովբեանն էր որ պա­­­պիկի մը զգայ­­­նութեամբ ու գի­­­տակ­­­ցութեամբ մեզ կը կա­պէ հողին կամ դարձեալ լայն իմաստով հայրենիքին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ