ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ
«Պէլկէ» հրատարակչութեան համահիմնադիր եւ համատնօրէն Այշէնուր Զարաքօլու 1982-ին ձախակողմեան համոզումի, յունական խնդրի, 1990-ին քրտական խնդրի եւ 1993-ին հայկական խնդրի անձեռնմխելիութեան դէմ պայքարած է։ Անոր խիզախ պայքարին ետին կար պետական ու պաշտօնական պատմագրութեան դէմ դիմադրելու կորովը։ Ի վերջոյ կրնանք ըսել որ ան գլուխ ցցած էր բռնակալ պետութեան անցեալի եւ ներկայի գաղափարախօսութեան դէմ։ Առանց այս հանգրուանը յաղթահարելու կարելի չէր քաղաքական պայքարի կամ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին խօսիլ։
Անշուշտ որ նման յանդգնութեան փոխհատուցումը ծանր պիտի ըլլար։ Ծանր բայց պատուաբեր փոխհատուցում մը։ Հատուցումը եղաւ մերթ բանտարկութիւնով, մերթ ծանր տուգանքներով, մերթ հրատարակչատան ռմբակոծումով ու վերջապէս անողոք առողջական խնդիրներով։
Հիւանդութեան ախտանշանները յայտնուեցան Մէթրիսի բանտին մէջ։ Ապա յաջորդեց սխալ ախտաճանաչումը, եւ հետզհետէ ծաւալող քաղցկեղը։ Վարանումներէ ետք երբ որոշում տուինք վիրահատութեան ենթարկուիլ, արդէն պարզուեցաւ որ քաղցկեղը տարածուած էր մարմնի այլ գործարաններուն։ Վեց ամիս շարունակուող դեղերու դարմանում, կամ աւելի ծանօթ անունով «քէմոթերափի»։ Ապա վիրահատութիւն եւ դարձեալ դեղերէ յոյս ակնկալելու շրջան։
Այդ պայմաններու տակ խմբագրական աշխատանք տարաւ Ամին Մալուֆի «Սեմերքանտ», հարաւ ափրիկեցի գրող Գորցէի «Բառբարոսները սպասելով», Զաւէն Պիպէռեանի «Հայրս Աշքալէ չէ գացած», Ինկէպոր Պահմանի «Մալինա» անուն գիրքերուն վրայ։
Մեր թէրիյէր շնիկը «Փամուք» միշտ գլխուն վերեւ։
Օրուան լուրերուն կը հետեւինք հեռուստացոյցի դիմաց եւ Նիւ Եորքէն կը հասնի ճամբորդատար ինքնաթիռ զոյգ աշտարակներ հարուածելու լուրը։ Վրայ կը հասնի հաղորդավարի սարսափի բացագանչութիւնը «Վա՜յ ինքնաթիռ մը եւս կու գայ»։
Աշխարհ տակն ու վրայ եղած է։
Յետոյ հաղորդում ասուլիս մը՝ «Ընկոյզի Կեղեւ»։ Զինուորական ակադեմիայի մէջ դասաւանդող անձին ծանօթ հաղորդումը։ Մեր հրատարակչատան գրողներէն Էօմէր Ասան միամիտօրէն ընդառաջած է հաղորդումի մասնակցելու առաջարկին։ Կարծես թէ հաղորդավար մը չէ այլ պատժական ատեանի դատախազ ըլլայ։ Այդ բնոյթով կ՚ուղղէ հարցումները։ Մեր ուրիշ մէկ գրողը՝ Եորկօ Անտրէատիս եւս կը կապուի հաղորդումին ու ան ալ իր կարգին սպառնալիքներու կ՚արժանանայ։ Այշէն չի կրնար հանդուրժել, «Անջատէ հեռուստացոյցը» կ՚ըսէ։
1996-ին Սեւ Ծովեան քաղաքներու մէջ ցեղապաշտ հակաքրիստոնեայ հոսանք մը կը հրահրուի իբրեւ թէ լաիք շրջանակներու կողմէ։ Այդ արշաւի առաջին զոհը կ՚ըլլայ Եորկօ Անտրէատիս։ Նոյն տարուայ Դեկտեմբերին Persona Non Grata յայտարարուելով կ՚արգիլուի երկիր մուտքը։ Քրիստոնեայ քարոզիչները երկրին մեծագոյն սպառնալիքը կը համարուին։ Ճնշումներ կը բանեցուին Յունաց Տիեզերական Պատրիարքութեան դէմ։ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի որոշումով կը հիմնուի «Ցեղասպանութեան Անհիմն Պնդումներուն Դէմ Պայքարի Յանձնախումբ»ը։
Այշէնուրի վերջին պայքարի դաշտը եղաւ Պոնտոսի թապուն։ Այս մասին գիրքեր հրատարակելէ քանի մը տարի ետք Սեւ Ծովի քաղաքներու բարձունքներուն բնակող յունախօս իսլամները ծանր ճնշումներու ենթարուեցան։
Միշտ վախով ապրող, ընդմիշտ թշնամիի մը կարիքը զգացող, եթէ սպառնացող չկայ իր թշնամին ինք արտադրող դրութիւն մը։ Դրութիւն մը որ ի վերջոյ Դալեաթներու, Էնվէրներու նման երկիրը կործանելու կարողութիւն ունի։
2002-ի Յունուարի երրորդ շաբաթն էր որ Այշէնուր ալ աւելի ծանրացաւ։ Հիւանդանոց փոխադրեցինք։ Մինչեւ վերջին պահը ուշքը տեղն էր։ Այցելողներու հետ կը զրուցէր, մեր տրամադրութիւնը բարձր պահելու կ՚աշխատէր։ Հիւանդի սնարին հասաւ դատարանի կանչը։ Թուրքիոյ փառաւոր դատական համակարգը զինապաշտութեան, քէմալականութեան, հայկական, յունական խնդիրներու համար մղած պայքարէն ետք հիմա ալ Պոնտական քարոզչութեան մեղադրանքով հաշիւ կը պահանջէր իրմէ։
Կը մերժէ հրատարակչութեան պատասխանատուութենէ հրաժարելու մասին մեր առաջարկները։ «Թող դատեն, ես չեմ նահանջեր իրենց դէմ» կ՚ըսէ վճռակամ։
Ննջեցեալը հիւանդանոցի կտուրին ավտոմատ զէնքերով դիրք բռնած ոստիկաններու հսկողութեան տակ դուրս կը հանենք։ Յայտնի է որ դիակէն ալ կը վախնան։ Ոստիկանական ինքնաշարժեր կը հետեւին մեռելակարգին։ Տարբեր ազգային եւ կրօնական ինքնութիւններով հազարաւորներ եկած են թաղման։ Քիւրտ կանայք անշունչ մարմինը կ՚իջեցնեն փոսը։
Հազար տարուայ իշխանութեան հեռանկարով գործող համակարգը կքած է ընտրութիւններու հետեւանքով։ Պոնտեցիներու մշակոյթին ձօնուած գիրքին դէմ յարուցուած դատը անպարտութեամբ կ՚աւարտի։ Վարչապետ Թայյիպ Էրտողան կը մերժէ Եորկօ Անտրէատիսի դէմ դրուած արգելքը վերցնել։ Այս տարուայ Յունուարին Անտրէատիսն ալ հրաժեշտ առաւ մեր աշխարհէն։
Կը հաւատամ որ սա պահուն ամպերու վերեւ Այշէնուրի հետ սիրով լեցուն զրոյցի մը մէջ են։