ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@gmail.com
Սոյն շաբաթավերջին միօրեայ այցելութիւնով ճամբորդեցի Պէլկիոյ մայրաքաղաք Պրուսէլ։ Հրաւիրուած էի այս քաղաքէն հաղորդումներ սփռող «Մէտ-Նուչէ» հեռուստակայանի կողմէ, Հրանդ Տինքի մասին պատրաստուած հաղորդումի մը մասնակցելու։ «Շաբթուայ Օրակարգը» խորագրեալ հեղինակային հաղորդումի վարիչը, լրագրող Ֆիւսուն Էրտողան կ՚ուզէր Տինքի օրինակին մեկնելով Թուրքիոյ մամուլին դերակատարութիւնը տեսնել քաղաքական ոճիրներու շրջագծով։
Աշխարհի երեսին 40 միլիոն համարուած քիւրտերը չունին ՄԱԿ-ի ցանկին մէջ տեղ գտած անկախ պետութիւն։ Հետեւաբար չունին պետական հեռուստակայան։ Տարբեր երկիրներէ հաղորդումներ կատարող եւ արբանեակի դրութեամբ այդ հաղորդումները համայն աշխարհին սփռող քրտական հեռուստակայաններու թիւը կը հասնի 20-ի։ Թուրքիոյ քիւրտերուն եւ թրքախօս քիւրտ սփիւռքին ուղղեալ հաղորդումներ կատարող «Մէտ-Նուչէ» մաս կը կազմէ մէտիայի խմբակի մը, ուր կը գործեն քրտերէն հաղորդում կատարող «Ռոհանի» եւ «Սթարք» հեռուստակայանները եւ քանի մը ռատիօկայաններ։
Այս լսելով կը յիշեմ տարիներ առաջ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի թելադրանքով գործի լծուած, բայց անյաջող մնացած պոլսահայ ռատիօկայան մը հիմնելու ոդիսականը։ Այս տեսակ նոր մարտահրաւէրներու դիմաց դժկամողները շատ ճարպիկ էին պատճառաբանութիւններ արտադրելու մէջ։ «Ռատիօն այլեւս նշանակութիւն մը չունի, աւելի լաւ է որ հեռուստակայան մը հիմնուի» կ՚ըսէին։ Վստահ եմ որ հեռուստակայան մը հիմնելու համար եթէ շարժման անցած ըլլայինք այս անգամ «մենք դեռ ռատիօկայան մը չունինք, ինչո՞ւ հեռուստակայան» պիտի հարցնէին։
Շատ հասկնալի էր հայուն, յատկապէս սփիւռքահայուն մատնուած դժկամ, նոյնիսկ թերահաւատ հոգեբանութիւնը։ Յիշենք որ հայը ուղիղ 100 տարի առաջ ապրեցաւ այն ինչ որ այսօր կ՚ապրի քիւրտ ժողովուրդը։ Նախքան 1915, հայոց նախաձեռնելու կազմակերպելու, կերտելու կորովը ու կարողութիւնը երբեք աւելի նուազ չէր, քան այսօր քիւրտերուն։
Հայ ազգային միտքը գաղափարական ու քաղաքական ոստում մը կատարած էր։ Կը բացակայէր միայն Խրիմեան Հայրիկին ձեռքին երկաթէ շերեփ մը։ Չենք կրցած համաձայնիլ այդ շերեփը արտադրելու, պատշաճ ձեւով օգտագործելուն, որուն հետեւանքը շատ ծանր արժած է։
Քիւրտերը օգտուեցան երկաթէ շերեփէն։ Անոր շնորհիւ ապահովեցին ազգային միասնութիւն, մեծ մասամբ յաղթահարելով աշիրաթական համակարգը։ Այստեղ «մեծ մասամբ» շեշտադրումով կը բացառենք հիւսիսային Իրաքի մէջ Պարզանիի գլխաւորած ինքնավար մարզը։ Արդարեւ Իրաքի Քիւրտիստանը այժմ հեռու է թուրքիաբնակ քիւրտերուն երազած ազատութենէն։ Ան հիմնուած է Իրաքը արշաւած ԱՄՆ-ի շահերուն համապատասխան կերպով, հետեւաբար հազիւ Իսրայէլի նման յաջողութեան մը տիրացած։ Հարցական յաջողութիւն մըն է այս որ կապուած է անդրովկիանոսեան հզօր դաշնակիցի մը աջակցութեան եւ հիմնադրութենէն այս կողմ կը մնայ պատերազմի մղձաւանջին մէջ։ Հզօրութիւնը, զինեալ կարողութեան սոսկալիութիւնը ինքնին չեն կրնար երկրի մը խաղաղութիւնը, մանաւանդ ալ անդորրը ապահովել։ Ներկայ դրուածքի մէջ զինուորական կարողութեան առումով շատ աւելի տկար Յորդանանի հասարակ քաղաքացին անհամեմատօրէն աւելի ապահով ու անհոգ է, քան ամէն վայրկեան յարձակումի մը սպառնալիքով ապրող իսրայէլացին։
Ճիշդ ալ այս հեռանկարով քրտական քաղաքական միտքը կը հրաժարի օտար հզօր դաշնակցի մը շահերուն համար ձեռք բերուելիք «իբրեւ թէ» անկախութենէ։ Կը նախըտնրէ իր ապագան տեսնել Թուրքիոյ ամբողջութեան մէջ, ազգային ինքնութիւնը եւ այդ ինքնութեան պահանջած շահերը ապահովելու պայմանաւ։ (Նոյնպէս հայ ժողովուրդի ապագան Օսմանեան Կայսրութեան ամբողջութեան մէջ տեսնող հայ քաղաքական գործիչները լրջօրէն սխալած էին, անտեսելով որ թուրքերը իրենք կ՚ուզեն փլել կայսրութիւնը, անոր տեղ ազգային պետութիւն մը հիմնելու հեռանկարով)։
Այդ իսկ պատճառաւ, Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողքին ԱՄՆ եւ ԵՄ-ի անդամ երկիրներն ալ լուրջ վերապահութիւն ունին թուրքիացի քիւրտերուն ազգային շարժումին հանդէպ։ Բոլորին համար աւելի մատչելի էր անկախ պետականութեան տիրանալու համար մարտնչող քիւրտերու հետ գործ ունենալ, քանի որ բոլորն ալ պիտի կրնային այդ պետութենէն շահեր ակնկալել։ Միւս կողմէ քրտական քաղաքական միտքը կը սիրէ իր պայքարը «կիներու յեղափոխութիւն» բնութագրել։ Այս բացատրութիւնը արմատական իսլամներու համազօր անհանդուրժելի է նաեւ արեւմտեան, եւրոպական քաղքենիութեան համար։
Նպատակասլաց յօդուած մը եղաւ այս, բայց պիտի չփորձեմ ան սկզբնական նպատակին համապատասխանեցնել։ Երբեմն այսպէս կը պատահի գրելու պահուն։ Կարծես գրիչը ինք կամք կը պարտադրէ եւ նիւթը կը շեղէ դէպի աւելի խոր մտորումներ։ Ո՛չ, պիտի չուղղեմ գրիչին կամքը, քանի որ այս բոլորը մենք՝ հայերուս համար խորհրդածութեան կարիք ներկայացնող նիւթեր են։ Հետեւելով սփիւռքահայ մամուլին կրնանք տեսնել թէ հայկական սփիւռքն ալ նկատած է քրտական շարժումին առաջ բերած հրամայականները։
Իսկ կ՚արժէ քիչ մըն ալ խօսիլ մեր հեղինակային «Պատուհան» ծրագրին մասին։
«Պատուհան» մէկ տարեկան
«Մէտ-Նուչէ» հեռուստակայանէն ամէն Երկուշաբթի երեկոյ սփռուող «Պատուհան» հաղորդումին համար մեկնարկումէն լման տարի մը ետք, տեղւոյն վրայ մեկնաբանութիւններ լսելը կասկած չկայ որ շահեկան պիտի ըլլար։ Այս համոզումով նախ կը դիմեմ հաղորդումներու Պրուսելեան վերատեսուչ Ֆէրտայի կարծիքներուն։ Գոհունակութիւն կը յայտնէ յայտագրի մասնակիցներուն, հետեւաբար քննարկուած նիւթերուն զանազանութեան համար։ Փաստացի վառ օրինակներ ըլլալով կը նշէ Ժուլիա Մութլուի հետ կատարուած եւ հայկական տարազները նիւթ առնող հաղորդումը։ Նոյնպէս տպաւորուած է աճուրդի մասնագէտ եւ արուեստաբան Ռաֆֆի Փորթաքալի պատմածներէն։ «Մեզ քիւրտերուս համար շատ տպաւորիչ էր Փորթաքալի իր մեծ հայրէն սկսելով մինչեւ դուստրը հասնող ընտանեկան աւանդութիւնը» կ՚ըսէ Ֆէրտա։ Ապա կը յայտնէ թէ իրենք նման հաղորդաշարի մը որոշում կայացնելու հանգրուանին նկատի ունէին սփիւռքահայ հասարակութիւնը։ «Մեզի հասնող արձագանգներով կրնամ ըսել թէ յաջողած ենք այդ նպատակին մէջ։ Բացի Պէլկիայէ, ուրիշ երկիրներու մէջ ալ մեր հաղորդումներուն արբանեակի դրութեամբ հետեւող բազմաթիւ հայերէ դրական արտայայտութիւններ լսած ենք։ Բայց ես նոյնքան կը կարեւորեմ ոչ հայերու մեկնաբանութիւնը։ Ուրախութեամբ ըսեմ որ հայկական մշակոյթի շրջագծով նոր հաղորդումի մը սկսելու գաղափարին դէմ բաւական անտարբեր մնացած մեր գործընկերները այսօր ոգեւորութիւնով կը խոստովանին թէ որքան շատ բան սորված են հայոց մշակոյթի մասին, այս հաղորդումին հետեւելով»։ Խրախուսիչ այս արտայայտութիւններէն ետք ան ունի քննադատութիւն մըն ալ։ «Իւրաքանչիւր հաղորդում կ՚աւարտէք շատ պատշաճ երաժշտական կատարումով։ Բայց համազօր պատշաճութեամբ չէք ներկայացներ կատարուած գործը կամ կատարող արուեստագէտը»։ Տեղին քննադատութիւն մը։ Կը խոստանամ յաջորդ հաղորդումներուն լուծում մը գտնել այս խնդրին։ Նշում մըն ալ կը կատարէ Ֆէրտա։ «Եթէ կը տեսնենք որ անդրադառնալու արժանի դեռ շատ նիւթեր կան, մի վարանիք շարունակութիւն մը նկարահանելու համար»։ Իրաւ ալ որքան շատ պատահեցաւ այդ երեւոյթը։ Ունեցանք այնպիսի մասնակիցներ, որոնց հետ շատ աւելի երկար զրուցել կարելի էր, բայց մենք ձեւով մը անաւարտ վերջակէտի դիմեցինք պարզապէս մեզի սահմանուած ժամանակին սպառման պատճառաւ։
Վրայ կը հասնի հաղորդումի հաւատարիմ հետեւողներէն Մերալի մեկնաբանութիւնը։ «Տէրսիմցի ըլլալով ալ աւելի լարուած ուշադրութեամբ կը հետեւիմ հաղորդումին։ Հայոց հետ առնջուած բոլոր նիւթերը հարազատ են ինծի։ Իմ քննադատութիւնը աւելի թեքնիքական է»։ Սխալ կը գտնէր մօտէն նկարուած երկու դէմքերու անընդհատ զրոյցը։ «Հեռուստադիտողը շարժում կը պահանջէ։ Արծարծուած նիւթը որքան ալ շահեկան ըլլայ, նկարի միապաղաղ գոյութիւնը ձանձրոյթ կը պատճառէ։ Երանի որոշ սդուտիոյի մէջ նկարահանելու փոխարեն փողոց ելլել կամ զրուցակիցին միջավայրին մէջ պատրաստել ֆիլմը։ շատ աւելի հետաքրքրական կը թուի։ Նոյնիսկ եթէ սդուտիոյի մէջ նկարահանէք, նախընտրեցէք տեսախցիկներէն մին աւելի հեռուն տեղադրել»։