սեւան տէյիրմենճեան
Գրիգորիս ծ. վրդ. Պալաքեանի «Նկարագրութիւն Անիի աւերակներուն» գիրքը (Կ. Պոլիս, 1910), Սաթենիկ Ուսթայի ու Անահիտ Հազարեանի թարգմանութեամբ, վերջերս հրատարակուեցաւ «Փարոս» հրատարակչութեան կողմէ։ Գիրքը, որ Անիին ու իր համբաւեալ աւերակներուն վերաբերող մատենագիտական ընդարձակ ցուցակին վրայ հեղինակաւոր ներկայութիւն մը չէ թէեւ, սակայն յատկապէս Արա Կիւլերի տպաւորիչ լուսանկարներով կու գայ միանալու Բագրատունեաց պատմական մայրաքաղաքին մասին եղած ու վերջին շրջանին մանաւանդ յաճախակի դարձած թրքերէն հրատարակութիւններուն։ Շահեկան են այս ու նման հրատարակութիւնները, որոնք աղաւաղեալ ու շատ անգամ կորուսեալ յիշողութիւն մը վերականգնելու ջանքին կը բերեն իրենց կարեւոր նպաստը՝ ո՛չ միայն հասարակ ընթերցողներ գտնելով մերազն ու այլազն շրջանակներու մօտ, այլեւ որպէս աղբիւր գործածուելով հետաքրքիր պրպտողներուն կողմէ։
Նկատի ունենալով այս հանգամանքը, այսինքն նման հրատարակութիւններուն վերագրուած կարեւորութիւնը, հարկաւոր է, որ հրատարակիչները, թարգմանիչները եւ յատկապէս հրատարակութեանց խմբագիրները ըլլան չափազանց բծախնդիր, որպէսզի պակասաւոր կամ թերի չըլլան այս գիրքերը, առիթ չտան սխալ հասկացողութիւններու եւ, ինչքան որ հնարաւոր է, ըլլան ամբողջական։
Այս աչքով կարդացինք Geçmişin Yorgun Tanıkları Ani Harabeleri հատորը եւ, ինչպէս յաճախ կ՚ընենք, կը ներկայացնենք մեր դիտողութիւններն ու նշումները թարգմանութեան ու առհասարակ հրատարակութեան մասին։
Նախ թարգմանական սխալներու մասին, որոնք պատմական անցքերը կ՚աղաւաղեն։
Այն դրուագը, որ կը պատմէ անարժան (sıradan, ըսած են թարգմանիչները) Կիրակոս քահանային ու Կոստանդին կայսրի հանդիպումը, կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, թէ կայսրը իր իսկ ձեռագրով գրուած նամակ մը կը յանձնէ քահանային՝ ուղղեալ հայոց արքային։ Մինչդեռ կայսրը Յովհաննէս-Սմբատ հայոց արքային կը վերադարձնէ Անին բիւզանդացիներուն յանձնող վաւերագիրը, այսինքն վերջինիս ինքնագիր ձեռագիրն է որ կը վերադարձնէ եւ այսպէսով յիրաւի կը կատարէ խղճամիտ քայլ մը, Կիրակոս քահանային միջնորդութեամբ (թարգմանութեան մէջ էջ՝ 30, բնագրին մէջ էջ՝ 5-6)։ Սակայն թարգմանական բուն սխալը հիմա է. Պալաքեան կը գրէ, թէ Կիրակոս իր քով պահեց Անիի յանձման արքայական նամակը եւ սուղ գնով մը զայն վաճառեց Կոստանդին կայսեր յաջորդին՝ Միքայէլ Ե.-ին։ Թարգմանիչները իսկական խառնաշփոթ մը ստեղծած են այս հատուածին մէջ. “Giragos daha sonra Ani’yi 1034 yılında Konstantin’in yerine geçen 5. Mihail’e iyi bir fiyata sattı”։ Անին անարժան տէրտէրի մը ձեռամբ վաճառուելիք ապրանք չէր, բարեբախտաբար։
Թրքերէն հրատարակութեան մէջ կ՚ըսուի,
թէ Վասպուրականի Սենեքերիմ Արծրունի թագաւորը իր երկիրը յանձնած է բիւզանդացիներուն՝ գործակցելով Վասիլ Բ.-ին հետ, եւ անցած է Սեբաստիա։ Մինչդեռ ըստ բնագիրին, Սենեքերիմ եւ Վասիլ բանակցած են եւ հայոց իշխանը Վասպուրականի դիմաց ստացած է Սեբաստիան, ուր ալ հաստատած է իր բնակութիւնը (թարգմանութեան մէջ էջ՝ 29, բնագիրին մէջ էջ՝ 5)։
Ահա հատուած մը եւս՝ այս անգամ առանց մեկնաբանութեան։ Նախ բնագիրը. «Հարիւր հազար զօրքով յունական եւ թաթարական մեծ բանակներ ամիսներով Անին պաշարելով հանդերձ՝ չեն կրցած քաղաքն յարձակմամբ գրաւել ու միայն տիրած են քաղքին՝ տիրանենգ իշխաններու դաւաճանութեամբ» (ընդգծումը մերն է, Ս. Տ.)։ Հոս ալ թարգմանութիւնը. “Yüzbinlerce askerden oluşan Bizans ve Tatar orduları aylarca süren kuşatmalara rağmen Ani’yi ele geçirememişler; ancak tahta oturan kralların ihaneti sonucu şehre sahip olabilmişlerdir”։ Դաւաճանները թագաւորնե՞րն են, թէ իրենց թագաւորներուն դաւաճանած, տիրանենգ իշխանները։
Պէտք է նշել, որ ընդհանրապէս իշխանը թարգմանուած է kral, եւ շփոթութիւն մը կը ստեղծէ տեւապէս։ Օրինակ՝ Գրիգոր իշխանը եղած է Kral Krikor (թարգմանութեան մէջ էջ 78, բնագիրին մէջ՝ էջ 38), հակառակ որ Ս. Փրկիչի արձանագրութեան թարգմանութեան մէջ նշուած է ճիշդ կերպով (տե՛ս՝ էջ 78)։ Ուրիշ օրինակ մը. նախարարներ եւ իշխաններ (էջ 6) թարգմանուած է yöneticiler ve krallar (էջ 31)։ Աւելի նախընտրելի ըլլար թերեւս՝ soylular ve prensler։ Ընթերցողներ կրնան կարծել, թէ բազմաթիւ թագաւորներ գոյութիւն ունեցած են թագաւորութեան մը մէջ։
Թարգմանութեան մէջ պատմական քանի մը անձեր ներկայացուած են թերի կերպով, երբեմն նոյնիսկ զեղչուած են իրենց կատարած պաշտօնները։ Օրինակ. բնագիրին մէջ յստակօրէն նշուած է, որ Վեստ Սարգիս Սիւնի խնամակալ իշխանն էր պատանի արքային՝ Գագիկ Բ.-ին (էջ 6), սակայն թարգմանութեան մէջ անտեսուած է Վեստ Սարգիսին այս պաշտօնը (էջ 31), ինչ որ զինքը կը վերածէ պատահական արկածախնդիրի մը։ Նոյնպէ՛ս, թարգմանիչները անտեսած են Վահրամ Պահլաւունիի սպարապետ ըլլալուն հանգամանքը (էջ 31)։
Թարգմանիչները անտեսած են նաեւ շրջանի կարեւոր դէմքերէն Գրիգոր Մագիստրոսի անունը։ Վեստ Սարգիս միջոց մը վերստին կը բարեկամանայ Գագիկ Բ. արքային հետ, կը շահի կուսակիցներ, որոնցմէ կարեւորագոյնը անկասկած սպարապետ Վահրամ Պահլաւունիի եղբօրորդին էր՝ Գրիգոր Մագիստրոսը (էջ 8)։ Թարգմանիչները չես գիտեր ինչու զանց առած են այս կարեւորագոյն անունը։
Ուրիշ օրինակ մը. Պալաքեան կը նշէ Անին նուաճող բիւզանդացի զօրավարին անունը՝ Պարակամանոս ներքինի (էջ 11), սակայն այս պատմական անունն ալ զանց առնուած է թարգմանիչներուն կողմէ։
«Ապուղամրենց Ս. Գրիգոր եկեղեցին» խորագրեալ հատուածին առաջին պարբերութիւնը, ուր հեղինակը կը խօսի մատրան Տրդատ ճարտարապետին կողմէ ու Գրիգոր Պահլաւունի իշխանի ծախքով կառուցուած ըլլալուն եւ պատմական այլ տեղեկութիւններու մասին, չէ թարգմանուած (բնագիրին մէջ՝ էջ 45)։ Նոյն հատուածին մէջ, Ապուղամրենց Ս. Գրիգորի արձանագրութեան մէջ, Ապլղարիպ կ՚ըսէ, թէ անտեսուած էր հօրմէն՝ «յաղագս կրտսերութեան» (էջ 46), սակայն թարգմանիչները չեն նշած այդ անտեսումի պատճառը՝ գոհանալով միայն հետեւեալով. “babam tarafından önemsenmememe rağmen...” (էջ 98)։
Անձերու ինքնութեան վերաբերող սխալներէն իր բաժինը կը ստանայ նաեւ պատմիչ Ստեփանոս Տարօնեցի Ասողիկ։ Այժմու Մուշին ու շրջակայքին համապատասխանող Տարօնը սխալմամբ կը նոյնացուի Էրզրումին, Ստեփանոսն ալ կը դառնայ էրզրումցի (տե՛ս էջ 155)։ Իսկ Կայենին համար ալ գործածուած է գերմանական ձեւը՝ Kain, մինչդեռ թրքերէն ձեւը պէտք է ըլլար՝ Kabil (էջ 129)։
Հակառակ այս սխալներուն պէտք է նշենք, որ թարգմանիչները ճշդած են Պալաքեանի գիրքին մէջ տեղ գտած սխալ մը։ Հեղինակը խօսելով Անիի բնակչութեան թիւին վերաբերող վարկածներուն մասին, կու տայ Էօժեն Պրոսէ անունը (էջ 19, մականունը հաւանաբար շփոթած է Մարի Պրոսէի հետ), մինչդեռ պէտք է ըլլար Էօժեն Պոր (էջ 45)։
Քանի մը տեղանուններու պարագային ալ կան շփոթութիւններ։ Ծաղկոցաձորը թրքերէն թարգմանութեան մէջ եղած է Ծաղկաձոր, Zağgatsor (էջ 44-45, 53, 112, 114, 117, 198 եւլն.)։ Ախուրեանի դիմաց գրուած է, թէ ան կը կոչուի նաեւ Արփաչայ, սակայն Yerash Irmağı-ն նախ չհասկցանք, թէ որն է (տե՛ս էջ 44)։ Բնագիրէն սորվեցանք, որ խօսքը Երասխին մասին է, այսինքն Արաքս գետը, ներկայի Արասը։ Արարատեան դաշտը եղած է Ağrı Ovası (էջ 70, 152, 158, 188)։
Թարգմանիչները քանի մը տեղ խմբագրած են հեղինակը, առանց սակայն նշելու այդ մասին։ Օրինակ՝ Պալաքեան Անիի տեղագրականը նկարագրելու ժամանակ չ՚ըսեր, թէ քաղաքը կը գտնուի Doğu Anadolu Bölgesi-ին մէջ կամ չէ գրած, թէ 48 քմ. հեռաւորութիւն ունի Կարսէն։ Ասոնք թարգմանչաց յաւելումներն են։ Պալաքեան տուած է նաեւ Անիին ունեցած հեռաւորութիւնները ս. Էջմիածնէն ու Թիֆլիսէն, որոնք սակայն դուրս ձգուած են թրքերէն թարգմանութենէն։
Անիի պատմականին նուիրուած բաժնին Գ. բաժինը վերնագրուած է «Սելճուկներու արշաւանքներն ու Անիին կործանումը» (էջ 12), մինչդեռ թարգմանիչները վերնագրած են բաւական հեղինակային մօտեցումով մը՝ “Ani Şehrinin Selçuklular tarafından fethi” (էջ 37)։ Տիգրան Հոնենցի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բաժնին մէջ թրքերէն թարգմանութեան մէջ նշուած է, թէ եկեղեցին կը կոչուի նաեւ Şırlı Kilise, մինչդեռ բնագրին մէջ նման անուանումի մը չենք հանդիպիր (հմմտ. թարգմանութեան մէջ՝ էջ 69, բնագիրին մէջ՝ էջ 34)։ Պալաքեան կը հաղորդէ, որ Գագիկ Ա.-ի արձանը փոխադրուած է Անիի թանգարանը (էջ 49), սակայն թարգմանիչները զայն կարդացած են ըստ հետեւեալի. “Gagik’in heykeli Ani müzesindeki kütüphaneye taşınarak...” (էջ 103)։ Պալաքեան գրադարանի մը կամ մատենադարանի մը խօսք չ՚ըներ։
Թարգմանիչներու այս յաւելումներուն կողքին, կատարուած են նաեւ զեղչումներ։ Օրինակ, Պալաքեան կը յայտնէ Ալփասլանէն ետք Անիին տիրած Մանուչէի ինքնութիւնը՝ ըսելով, թէ ան թուրք էր, սակայն թարգմանիչները զանց առած են այս կարեւոր մանրամասնութիւնը (հմմտ. թարգմանութեան մէջ՝ էջ 37 եւ բնագիրին մէջ՝ էջ 13)։ Ուրիշ օրինակ մը։ Պալաքեանի պատմութենէն կը հասկնանք, որ Անիին հասցուած ամենամեծ աւերը իրականացուցած է Ճինկիզ-խանի յաջորդը՝ Չարմաղան։ Սակայն թարգմանիչները զանց առած են Չարմաղանի պատճառ դարձած աղէտին նկարագրութիւնը (հմմտ. թարգմանութեան մէջ՝ էջ 39, բնագիրին մէջ՝ էջ 15)։
Այս բաժինը փակենք թարգմանական մէկ քանի մանր-մունր սխալներու նշումով. ապստամբութիւնը թարգմանուած է sığınmak (հաւանաբար թարգմանիչները բառը շփոթած են ապաստանութեան հետ, տե՛ս թարգմանութեան մէջ՝ էջ 30 եւ բնագիրին մէջ՝ էջ 5)։ Պատուիրակը (էջ 9) թարգմանուած է yandaş (էջ 33), անշուշտ պէտք է ըլլար temsilci, elçi։ Լուսամուտը եղած է ışık yeri (էջ 63, 98, 112), ışık girişi (էջ 116), մինչդեռ պէտք էր պարզապէս ըսել՝ pencere։ «Արծիւ խոյակներ»ը (էջ 41) վերածուած է «aslan figürlü»ի (էջ 84)։ Նիկողայոս Մառին համար գործածուած հայագէտ (էջ 82, 91) տիտղոսը, թարգմանուած է Ermeni bilimci (էջ 184, 193)։ Անհասկնալի այս ասոյթի փոխան նախընտրելի է գործածել Armenolog բառը։ Հայ-Հռովմէական (էջ 92) թարգմանուած է որպէս Roma Ermenisi (էջ 194), տրուած է նաեւ տողատակի ծանօթութիւն մը. “Roma Ermenisi, büyük olasılıkla Ermeni Katolik anlamında kullanılmaktadır”։ Բացատրութիւն մը կամ մեկնաբանութիւն մը աւելորդ է, կը կարծեմ։ Կողբայ սարեր (էջ 95) թարգմանուած է նոյնութեամբ Goğpa tepeleri (էջ 196), մինչդեռ պէտք է ըլլար Goğp tepeleri, նետելով հոլովական վերջաւորութիւնը։ Անիի մերձակայ վանքին անունն է Ղօշավանք եւ ոչ թէ Goşavank, որ մարդիկ դիւրութեամբ կրնան շփոթել Նոր Գետիկի համանուն վանքին հետ, որ նոյնպէս կը կոչուի Գօշավանք եւ գիտական տառադարձութեամբ կը վերածուի Goshavank-ի։
Գրքի աւարտին թարգմանաբար տեղադրուած է նաեւ Ալեքսանդր Արարատեանի (1855-1885), (թէեւ Պալաքեան որեւէ հեղինակ չէ նշած) «Տաղ Անի քաղաքի» տաղը։ Դժբախտաբար թրքերէն թարգմանութիւնը բաւական տկար է։ Բանաստեղծութիւնը, որ երկու բաժին ունի, թրքերէն տարբերակին մէջ ներկայացուած է որպէս երկու առանձին քերթուածներ։ «Յորդորակ»ը, որ երգի մը աւելի արագ ընթացող բաժինն է, այստեղ թարգմանուած է որպէս՝ nasihat (էջ 202-203)։
Քանի մը նկատողութիւն ալ լուսանկարներուն վերաբերեալ։
Էջ 50-ի երրորդ նկարին մասին կ՚ըսուի, թէ anonim է։ Մինչդեռ նկարը առնուած է Հրայր Իսաբեկեանի «Հայկական ռենեսանսի ճարտարապետութիւնը» (Երեւան, 1990, էջ 163) հատորէն։ Այս եւ յիշեալ գիրքին մէջ տեղ գտած միւս նկարներուն հեղինակներն են՝ Հրայր Իսաբեկեան, ճարտարապետ Վ. Խաչատրեան եւ լուսանկարիչ Ն. Որբվերեան։
Էջ 51-ի վրայ տեղադրուած է Զուարթնոցի լուսանկարը։ Նոյն Զուարթնոցի ուրուանկարն ու աւերակները դրուած են նաեւ էջ 207-ին վրայ, որպէս Գագկաշէնի աւերակներ։ Զուարթնոց-Գագկաշէն շփոթութիւնը միշտ առկայ է հրատարակիչներուն մօտ։ Քանի մը էջ անդին, Զուարթնոցի յատակագիծը դրուած է որպէս «Գագկաշէն Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ յատակագիծը» (էջ 102), հակառակ որ հայերէն գիտցող մը անմիջապէս կրնայ նկատել այս ակնյայտի սխալը։ Էջ մը անդին ալ, 103-ին վրայ, Վաղարշապատի մերձակայ Զուարթնոցի տաճարին աւերակներուն լուսանկարը տրուած է որպէս Գագկաշէն։
Էջ 71-ի նկարներուն մասին գրուած է, թէ որմնանկարները կը պատկերեն ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կեանքէն դրուագներ, սակայն յստակօրէն կը տեսնուի, թէ պատկերուածը Մարիամ Աստուածածնի ննջման տեսարանն է (ի դէպ, լուսանկարը հակառակ տպուած է)։ Նոյնպէս էջ 72-ի վրայ պատկերուած է Յիսուսի կեանքէն դրուագներ, եւ ոչ թէ Լուսաւորիչի։ (Duvar freskleri, էջ 40, 71-75, արտայայտութիւնը աւելորդ է, եթէ fresk է, ուրեմն պատի վրայ է, որմնանկար է։ Չենք ըսեր, օրինակ, պատի որմնանկար)։
Էջ 80-81-ի լուսանկարը ո՛չ թէ Ս. Փրկիչէն է, այլ Անիի մայր տաճարէն։
էջ 96.- Քանի մը էջ ասդին, էջ 84-ին վրայ, նշուած էր, թէ Ս. Առաքելոց եկեղեցին կառուցուած է 1000 թուականին, «ինչպէս կը կարծուի»։ Սակայն լուսանկարին տակ գրուած է, թէ կառուցման թուականը անյայտ է։
Մեծ հանելուկ մը մնաց Ապուղամրենց Ս. Գրիգորին մասին տրուած հետեւեալ ծանօթութիւնը՝ լուսանկարի մը տակ. “1040 yılında inşa edilen Abuğamrents Surp Krikor Kilisesi, MS 980 yılında Prens Pahlavuni tarafından bir plato üzerine yaptırılmıştır”(էջ 100-101)։
էջ 130-131 լուսանկարին վրայ կ՚երեւի Ախուրեանի կամուրջը, որու բացատրութենէն այնպէս մը կը հասկցուի, թէ կամուրջը կառուցուած է Հայաստանն ու Թուրքիան միացնելու նպատակով, մինչդեռ Ժ դարու շինարարները նման մտահոգութիւն մը չէին կրնար ունենալ։
Էջ 183-ի լուսանկարը, որու հեղինակն է Արտաշէս Վրոյր, նկարուած է 1912-ին, ո՛չ թէ 1908-ին, ինչպէս նշուած է։ Մառի կողքին կ՚երեւին Յովսէփ Օրբելին, Նիկողայոս Ադոնցը, Արամ Վրոյրը եւլն.։
Էջ 184-ի լուսանկարին մէջ կ՚երեւին այցելուներ, որոնք նստած են Աշոտ Գ Ողորմած թագաւորի շիրմին մօտ։ Սակայն այս մասին որեւէ բացատրութեան չենք հանդիպիր։
Կուսանաց վանքը, «որ Ս. Ստեփանոսի նուիրուած կը կարծեն ոմանք»՝ ըստ Պալաքեանի (էջ 62), “Surp Stepanos’a adanmış” (էջ 122) է։ “Surp Stepanos’a adanmış” վանքը էջ մը ետք, լուսանկարին տակ, կը մկրտուի Ս. Հռիփսիմէի անունով (տե՛ս էջ 124)։
Հապճեպ քանի մը նշում ալ խմբագրական աշխատանքին մասին։ Հայերէնի տառադարձութեան գիտական ու աւանդական կանոնները գործածուած են միասնաբար, խառն կերպով (օրինակ, Գ-ը տառադարձուած է թէ մերթ K, մերթ G, Պ-ն՝ երբեմն B, երբեմն P)։ Ճիշդ պիտի ըլլար ընտրել սկզբունք մը ու հետեւիլ միայն այդ մէկուն՝ ապահովելու համար միակերպութիւնը։ Ուշադրութեան չեն առնուած բնագիրին պարբերութիւններու բաժանումները, շեղագիրները, ինչ որ խոչընդոտ կը դառնայ իմաստին ամբողջական ու առողջ կերպով փոխանցումին։ Յայտնի է որ նկատի չեն առնուած Անիի եւ շրջակայքին կամ այդ դարերու հայոց պատմութեան մասին ցարդ եղած հրատարակութիւնները, այլապէս ստեղծուած բառապաշարին հետ միասնութիւն մը ստեղծելու ջանքը ակներեւ ըլլար թերեւս։ Կը պակսին անհրաժեշտ ծանօթագրութիւնները, որոնք հարիւր տարի առաջ տպագրուած գիրքը պիտի պատշաճեցնէին ներկային։ Գոնէ, օրինակ, կենսագրական տեղեկութիւններ պէտք է ըլլային հեղինակին՝ Գրիգորիս ծ. վրդ. Պալաքեանի մասին, կամ ընթերցողը պէտք է գիտնար, թէ գիրքի տպագրութեան տարիներուն, 1910-ականներուն, Անին եւ շրջակայքը մաս կը կազմէին Ցարական Ռուսաստանին։
Մաղթելով, որ այս եւ նման այլ թերացումները ուղղուին յաջորդ հրատարակութեան ընթացքին, անգամ մը եւս կը շնորհաւորենք թարգմանիչներն ու հրատարակիչները՝ շահեկան այս հատորին ու իրենց տարած աշխատանքին համար։
Ձեր վարձքը կատար։
բանակներ ամիսներով Անին պաշարելով հանդերձ՝ չեն կրցած քաղաքն յարձակմամբ գրաւել ու միայն տիրած են քաղքին՝ տիրանենգ իշխաններու դաւաճանութեամբ» (ընդգծումը մերն է, Ս. Տ.)։ Հոս ալ թարգմանութիւնը. “Yüzbinlerce askerden oluşan Bizans ve Tatar orduları aylarca süren kuşatmalara rağmen Ani’yi ele geçirememişler; ancak tahta oturan kralların ihaneti sonucu şehre sahip olabilmişlerdir”։ Դաւաճանները թագաւորնե՞րն են, թէ իրենց թագաւորներուն դաւաճանած, տիրանենգ իշխանները։
Պէտք է նշել, որ ընդհանրապէս իշխանը
թարգմանուած է kral, եւ շփոթութիւն մը կը ստեղծէ տեւապէս։ Օրինակ՝ Գրիգոր իշխանը եղած է Kral Krikor (թարգմանութեան մէջ էջ 78, բնագիրին մէջ՝ էջ 38), հակառակ որ Ս. Փրկիչի արձանագրութեան թարգմանութեան մէջ նշուած է ճիշդ կերպով (տե՛ս՝ էջ 78)։ Ուրիշ օրինակ մը. նախարարներ եւ իշխաններ (էջ 6) թարգմանուած է yöneticiler ve krallar (էջ 31)։
Աւելի նախընտրելի ըլլար թերեւս՝ soylular ve prensler։ Ընթերցողներ կրնան կարծել, թէ բազմաթիւ թագաւորներ գոյութիւն ունեցած են թագաւորութեան մը մէջ։
Թարգմանութեան մէջ պատմական քանի մը անձեր ներկայացուած են թերի կերպով, երբեմն նոյնիսկ զեղչուած են իրենց կատարած պաշտօնները։ Օրինակ. բնագիրին մէջ յստակօրէն նշուած է, որ Վեստ Սարգիս Սիւնի խնամակալ իշխանն էր պատանի արքային՝ Գագիկ Բ.-ին (էջ 6), սակայն թարգմանութեան մէջ անտես-
ւած է Վեստ Սարգիսին այս պաշտօնը (էջ 31), ինչ որ զինքը կը վերածէ պատահական արկածախնդիրի մը։ Նոյնպէ՛ս, թարգմանիչները անտեսած են Վահրամ Պահլաւունիի սպարապետ ըլլալուն հանգամանքը (էջ 31)։
Թարգմանիչները անտեսած են նաեւ շրջանի կարեւոր դէմքերէն Գրիգոր Մագիստրոսի անունը։ Վեստ Սարգիս միջոց մը վերստին կը բարեկամանայ Գագիկ Բ. արքային հետ, կը շահի կուսակիցներ, որոնցմէ կարեւորագոյնը անկասկած սպարապետ Վահրամ Պահլաւունիի եղբօրորդին էր՝ Գրիգոր Մագիստրոսը (էջ 8)։ Թարգմանիչները չես գիտեր ինչու զանց առած են այս կարեւորագոյն անունը։
Ուրիշ օրինակ մը. Պալաքեան կը նշէ Անին նուաճող բիւզանդացի զօրավարին անունը՝ Պարակամանոս ներքինի (էջ 11), սակայն այս պատմական անունն ալ զանց առնուած է թարգմանիչներուն կողմէ։
«Ապուղամրենց Ս. Գրիգոր եկեղեցին» խորագրեալ հատուածին առաջին պարբերութիւնը, ուր հեղինակը կը խօսի մատրան Տրդատ ճարտարապետին կողմէ ու Գրիգոր Պահլաւունի իշխանի ծախքով կառուցուած ըլլալուն եւ պատմական այլ տեղեկութիւններու մասին, չէ թարգմանուած (բնագիրին մէջ՝ էջ 45)։ Նոյն հատուածին մէջ, Ապուղամրենց Ս. Գրիգորի արձանագրութեան մէջ, Ապլղարիպ կ՚ըսէ, թէ անտեսուած էր հօրմէն՝ «յաղագս կրտսերութեան» (էջ 46), սակայն թարգմանիչները չեն նշած այդ անտեսումի պատճառը՝ գոհանալով միայն հետեւեալով. “babam tarafından önemsenmememe rağmen...” (էջ 98)։
Անձերու ինքնութեան վերաբերող սխալներէն իր բաժինը կը ստանայ նաեւ պատմիչ Ստեփանոս Տարօնեցի Ասողիկ։ Այժմու Մուշին ու շրջակայքին համապատասխանող Տարօնը սխալմամբ կը նոյնացուի Էրզրումին, Ստեփանոսն ալ կը դառնայ էրզրումցի (տե՛ս էջ 155)։ Իսկ Կայէնին համար ալ գործածուած է գերմանական ձեւը՝ Kain, մինչդեռ թրքերէն ձեւը պէտք է ըլլար՝ Kabil (էջ 129)։
Հակառակ այս սխալներուն պէտք է նշենք, որ թարգմանիչները ճշդած են Պալաքեանի գիրքին մէջ տեղ գտած սխալ մը։ Հեղինակը խօսելով Անիի բնակչութեան թիւին վերաբերող վարկածներուն մասին, կու տայ Էօժեն Պրոսէ անունը (էջ 19, մականունը հաւանաբար շփոթած է Մարի Պրոսէի հետ), մինչդեռ պէտք է ըլլար Էօժեն Պոր (էջ 45)։
Քանի մը տեղանուններու պարագային ալ կան շփոթութիւններ։ Ծաղկոցաձորը թրքերէն թարգմանութեան մէջ եղած է Ծաղկաձոր, Zağgatsor (էջ 44-45, 53, 112, 114, 117, 198 եւլն.)։ Ախուրեանի դիմաց գրուած է, թէ ան կը կոչուի նաեւ Արփաչայ, սակայն Yerash Irmağı-ն նախ չհասկցանք, թէ որն է (տե՛ս էջ 44)։ Բնագիրէն սորվեցանք, որ խօսքը Երասխին մասին է, այսինքն Արաքս գետը, ներկայի Արասը։ Արարատեան դաշտը եղած է Ağrı Ovası (էջ 70, 152, 158, 188)։
Թարգմանիչները քանի մը տեղ խմբագրած են հեղինակը, առանց սակայն նշելու այդ մասին։ Օրինակ՝ Պալաքեան Անիի տեղագրականը նկարագրելու ժամանակ չ՚ըսեր, թէ քաղաքը կը գտնուի Doğu Anadolu Bölgesi-ին մէջ կամ չէ գրած, թէ 48 քմ. հեռաւորութիւն ունի Կարսէն։ Ասոնք թարգմանչաց յաւելումներն են։ Պալաքեան տուած է նաեւ Անիին ունեցած հեռաւորութիւնները ս. Էջմիածնէն ու Թիֆլիսէն, որոնք սակայն դուրս ձգուած են թրքերէն թարգմանութենէն։
Անիի պատմականին նուիրուած բաժնին Գ. բաժինը վերնագրուած է «Սելճուկներու արշաւանքներն ու Անիին կործանումը» (էջ 12), մինչդեռ թարգմանիչները վերնագրած են բաւական հեղինակային մօտեցումով մը՝ “Ani Şehrinin Selçuklular tarafından fethi” (էջ 37)։ Տիգրան Հոնենցի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բաժնին մէջ թրքերէն թարգմանութեան մէջ նշուած է, թէ եկեղեցին կը կոչուի նաեւ Şırlı Kilise, մինչդեռ բնագրին մէջ նման անուանումի մը չենք հանդիպիր (հմմտ. թարգմանութեան մէջ՝ էջ 69, բնագիրին մէջ՝ էջ 34)։ Պալաքեան կը հաղորդէ, որ Գագիկ Ա.-ի արձանը փոխադրըւած է Անիի թանգարանը (էջ 49), սակայն թարգմանիչները զայն կարդացած են ըստ հետեւեալի. “Gagik’in heykeli Ani müzesindeki kütüphaneye taşınarak...” (էջ 103)։ Պալաքեան գրադարանի մը կամ մատենադարանի մը խօսք չ՚ըներ։
Թարգմանիչներու այս յաւելումներուն կողքին, կատարուած են նաեւ զեղչումներ։ Օրինակ, Պալաքեան կը յայտնէ Ալփասլանէն ետք Անիին տիրած Մանուչէի ինքնութիւնը՝ ըսելով, թէ ան թուրք էր, սակայն թարգմանիչները զանց առած են այս կարեւոր մանրամասնութիւնը (հմմտ. թարգմանութեան մէջ՝ էջ 37 եւ բնագիրին մէջ՝ էջ 13)։ Ուրիշ օրինակ մը։ Պալաքեանի պատմութենէն կը հասկնանք, որ Անիին հասցուած ամենամեծ աւերը իրականացուցած է Ճինկիզ-խանի յաջորդը՝ Չարմաղան։ Սակայն թարգմանիչները զանց առած են Չարմաղանի պատճառ դարձած աղէտին նկարագրութիւնը (հմմտ. թարգմանութեան մէջ՝ էջ 39, բնագիրին մէջ՝ էջ 15)։
Այս բաժինը փակենք թարգմանական մէկ քանի մանր-մունր սխալներու նշումով. ապստամբութիւնը թարգմանուած է sığınmak (հաւանաբար թարգմանիչները բառը շփոթած են ապաստանութեան հետ, տե՛ս թարգմանութեան մէջ՝ էջ 30 եւ բնագիրին մէջ՝ էջ 5)։ Պատուիրակը (էջ 9) թարգմանուած է yandaş (էջ 33), անշուշտ պէտք է ըլլար temsilci, elçi։ Լուսամուտը եղած է ışık yeri (էջ 63, 98, 112), ışık girişi (էջ 116), մինչդեռ պէտք էր պարզապէս ըսել՝ pencere։ «Արծիւ խոյակներ»ը (էջ 41) վերածուած է «aslan figürlü»ի (էջ 84)։ Նիկողայոս Մառին համար գործածուած հայագէտ (էջ 82, 91) տիտղոսը թարգմանուած է Ermeni bilimci (էջ 184, 193)։ Անհասկնալի այս ասոյթի փոխան նախընտրելի է գործածել Armenolog բառը։ Հայ-Հռովմէական (էջ 92) թարգմանուած է որպէս Roma Ermenisi (էջ 194), տրուած է նաեւ տողատակի ծանօթութիւն մը. “Roma Ermenisi, büyük olasılıkla Ermeni Katolik anlamında kullanılmaktadır”։ Բացատրութիւն մը կամ մեկնաբանութիւն մը աւելորդ է, կը կարծեմ։ Կողբայ սարեր (էջ 95) թարգմանուած է նոյնութեամբ Goğpa tepeleri (էջ 196), մինչդեռ պէտք է ըլլար Goğp tepeleri, նետելով հոլովական վերջաւորութիւնը։ Անիի մերձակայ վանքին անունն է Ղօշավանք եւ ոչ թէ Goşavank,
զոր մարդիկ դիւրութեամբ կրնան շփոթել Նոր Գետիկի համանուն վանքին հետ, որ նոյնպէս կը կոչուի Գօշավանք եւ գիտական տառադարձութեամբ կը վերածուի Goshavank-ի։
Գրքի աւարտին թարգմանաբար տեղադրուած է նաեւ Ալեքսանդր Արարատեանի (1855-1885), (թէեւ Պալաքեան որեւէ հեղինակ չէ նշած) «Տաղ Անի քաղաքի» տաղը։ Դժբախտաբար թրքերէն թարգմանութիւնը բաւական տկար է։ Բանաստեղծութիւնը, որ երկու բաժին ունի, թրքերէն տարբերակին մէջ ներկայացուած է որպէս երկու առանձին քերթուածներ։ «Յորդորակ»ը, որ երգի մը աւելի արագ ընթացող բաժինն է, այստեղ թարգմանուած է որպէս՝ nasihat (էջ 202-203)։
Քանի մը նկատողութիւն ալ լուսանկարներուն վերաբերեալ։
Էջ 50-ի երրորդ նկարին մասին կ՚ըսուի, թէ anonim է։ Մինչդեռ նկարը առնուած է Հրայր Իսաբեկեանի «Հայկական ռենեսանսի ճարտարապետութիւնը» (Երեւան, 1990, էջ 163) հատորէն։ Այս եւ յիշեալ գիրքին մէջ տեղ գտած միւս նկարներուն հեղինակներն են՝ Հրայր Իսաբեկեան, ճարտարապետ Վ. Խաչատրեան եւ լուսանկարիչ Ն. Որբվերեան։
Էջ 51-ի վրայ տեղադրուած է Զուարթնոցի լուսանկարը։ Նոյն Զուարթնոցի ուրուանկարն ու աւերակները դրուած են նաեւ էջ 207-ին վրայ, որպէս Գագկաշէնի աւերակներ։ Զուարթնոց-Գագկաշէն շփոթութիւնը միշտ առկայ է հրատարակիչներուն մօտ։ Քանի մը էջ անդին, Զուարթնոցի յատակագիծը դրուած է որպէս «Գագկաշէն Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ յատակագիծը» (էջ 102), հակառակ որ հայերէն գիտցող մը անմիջապէս կրնայ նկատել այս ակնյայտի սխալը։ Էջ մը անդին ալ, 103-ին վրայ, Վաղարշապատի մերձակայ Զուարթնոցի տաճարին աւերակներուն լուսանկարը տրուած է որպէս Գագկաշէն։
Էջ 71-ի նկարներուն մասին գրուած է, թէ որմնանկարները կը պատկերեն ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կեանքէն դրուագներ, սակայն յստակօրէն կը տեսնուի, թէ պատկերուածը Մարիամ Աստուածածնի ննջման տեսարանն է (ի դէպ, լուսանկարը հակառակ տպուած է)։ Նոյնպէս էջ 72-ի վրայ պատկերուած է Յիսուսի կեանքէն դրուագներ, եւ ոչ թէ Լուսաւորիչի։ (Duvar freskleri, էջ 40, 71-75, արտայայտութիւնը աւելորդ է, եթէ fresk է, ուրեմն պատի վրայ է, որմնանկար է։ Չենք ըսեր, օրինակ, պատի որմնանկար)։
Էջ 80-81-ի լուսանկարը ո՛չ թէ Ս. Փրկիչէն է, այլ Անիի մայր տաճարէն։
էջ 96.- Քանի մը էջ ասդին, էջ 84-ին վրայ, նշուած էր, թէ Ս. Առաքելոց եկեղեցին կառուցուած է 1000 թուականին, «ինչպէս կը կարծուի»։ Սակայն լուսանկարին տակ գրուած է, թէ կառուցման թուականը անյայտ է։
Մեծ հանելուկ մը մնաց Ապուղամրենց Ս. Գրիգորին մասին տրուած հետեւեալ ծանօթութիւնը՝ լուսանկարի մը տակ. “1040 yılında inşa edilen Abuğamrents Surp Krikor Kilisesi, MS 980 yılında Prens Pahlavuni tarafından bir plato üzerine yaptırılmıştır”(էջ 100-101)։
էջ 130-131 լուսանկարին վրայ կ՚երեւի Ախուրեանի կամուրջը, որու բացատրութենէն այնպէս մը կը հասկցուի, թէ կամուրջը կառուց-
ւած է Հայաստանն ու Թուրքիան միացնելու նպատակով, մինչդեռ Ժ դարու շինարարները նման մտահոգութիւն մը չէին կրնար ունենալ։
Էջ 183-ի լուսանկարը, որու հեղինակն է Արտաշէս Վրոյր, նկարուած է 1912-ին, ո՛չ թէ 1908-ին, ինչպէս նշուած է։ Մառի կողքին կ՚երեւին Յովսէփ Օրբելին, Նիկողայոս Ադոնցը, Արամ Վրոյրը եւլն.։
Էջ 184-ի լուսանկարին մէջ կ՚երեւին այցելուներ, որոնք նստած են Աշոտ Գ Ողորմած թագաւորի շիրմին մօտ։ Սակայն այս մասին որեւէ բացատրութեան չենք հանդիպիր։
Կուսանաց վանքը, «որ Ս. Ստեփանոսի նըւիրուած կը կարծեն ոմանք»՝ ըստ Պալաքեանի (էջ 62), “Surp Stepanos’a adanmış” (էջ 122) է։ “Surp Stepanos’a adanmış” վանքը էջ մը ետք, լուսանկարին տակ, կը մկրտուի Ս. Հռիփսիմէի անունով (տե՛ս էջ 124)։
Հապճեպ քանի մը նշում ալ խմբագրական աշխատանքին մասին։ Հայերէնի տառադարձութեան գիտական ու աւանդական կանոնները գործածուած են միասնաբար, խառն կերպով (օրինակ, Գ-ը տառադարձուած է թէ մերթ K, մերթ G, Պ-ն՝ երբեմն B, երբեմն P)։ Ճիշդ պիտի ըլլար ընտրել սկզբունք մը ու հետեւիլ միայն այդ մէկուն՝ ապահովելու համար միակերպութիւնը։ Ուշադրութեան չեն առնուած բնագիրին պարբերութիւններու բաժանումները, շեղագիրները, ինչ որ խոչընդոտ կը դառնայ իմաստին ամբողջական ու առողջ կերպով փոխանցումին։ Յայտնի է որ նկատի չեն առնուած Անիի եւ շրջակայքին կամ այդ դարերու հայոց պատմութեան մասին ցարդ եղած հրատարակութիւնները, այլապէս ստեղծուած բառապաշարին հետ միասնութիւն մը ստեղծելու ջանքը ակներեւ ըլլար թերեւս։ Կը պակսին անհրաժեշտ ծանօթագրութիւնները, որոնք հարիւր տարի առաջ տպագըրւած գիրքը պիտի պատշաճեցնէին ներկային։ Գոնէ, օրինակ, կենսագրական տեղեկութիւններ պէտք է ըլլային հեղինակին՝ Գրիգորիս ծ. վրդ. Պալաքեանի մասին, կամ ընթերցողը պէտք է գիտնար, թէ գիրքի տպագրութեան տարիներուն, 1910-ականներուն, Անին եւ շրջակայքը մաս կը կազմէին Ցարական Ռուսաստանին։
Մաղթելով, որ այս եւ նման այլ թերացումները ուղղուին յաջորդ հրատարակութեան ընթացքին, անգամ մը եւս կը շնորհաւորենք թարգմանիչներն ու հրատարակիչները՝ շահեկան այս հատորին ու իրենց տարած աշխատանքին համար։
Ձեր վարձքը կատար։
«Անցեալի խոնջ վկաները՝ Անիի աւերակները»,
Գրիգորիս ծ. վրդ. Պալաքեան
թարգմանեցին՝ Սաթենիկ Ուսթա եւ Անահիտ Հազարեան,
Իսթանպուլ, 2015, «Փարոս» հրատարակչութիւն,
254 էջ