Հայաստանի Ազգային Ժողովը առաջին ընթերցմամբ ընդունեց Օգոստոսի 3-ը Սինճարի եզդիներու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր սահմանելու նախագիծը։
«Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքին լրացում կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը ընդունուեցաւ միաձայն՝ ստանալով 88 կողմ ձայն։
Նախագիծը ներկայացուցած է իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան՝ ազգութեամբ եզդի պատգամաւոր Ռուստամ Պաքոյեանը։ Նախագծի երկրորդ ընթերցմամբ քննարկումը եւս նախատեսուած է Ապրիլի 16-ին։
2014 թուականի Օգոստոսի 3-ին «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ տեղի ունեցած են յարձակումներ եզդիներով բնակեցուած Իրաքի Սինճար քաղաքի վրայ, որտեղ սպանուած են աւելի քան երեք հազար մարդ։
Սովի, ծարաւի եւ անտանելի շոգի հետեւանքով մահացած է լեռներուն ապաստան գտած մօտ հազար մարդ, աւելի քան 200 հազար եզդիներ դարձած են փախստական, առեւանգուած են 13-ից 56 տարեկան շուրջ 5000 կանայք եւ աղջիկներ։ Վերջիններուս կեանքի պահպանման նախապայման եղած է իսլամի ընդունումը եւ ամուսնութիւնը ճիհադիստներու հետ։
Հայաստանի Ազգային Ժողովի որոշումը ողջունելի է, իբրեւ ցեղասպանուած ժողովուրդի մը գերզգայուն զօրակցութիւնը նոյն դաժան տանջանքի մատնուած այլ ժողովուրդի մը հանդէպ։
Նշուած ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն կարգ մը եզդի ընտանիքներ ահրելի փրկագիներ հատուցելով վերագտան իրենց առեւանգուած իգական սեռի անդամները։
Ափսոս որ ի դէմ համաշխարհային բազմաթիւ կազմակերպութիւններու կամ կառոյցներու, մարդկութիւնը տակաւին չէ կրցած ցեղասպանութեան դէմ միատարր դիմադրութեան կամք դրսեւորել։ Այդ պատճառաւ ալ կրօնական կամ ազգային խտրականութիւնը ցանկացած երկրի մէջ կը գտնէ ցեղասպանութեան բնոյթով յանցագործութիւններու յարմարաւէտ դաշտ։