Արդէն իսկ մեկնարկած է Տիյարպեքիրի Սուր թաղամասի աւերակ Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ վերաշինութեան աշխատանքները։ Նշենք որ Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ սեփականութիւնն ալ կը պատկանի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ թաղականութեան։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը նախորդ տաուայ Հոկտեմբեր ամսուն այցելած էր Տիյարպեքիր։ Այդ այցելութեան ընթացքին հանդիպում մը կայացած էր Կուսակալ Միւնիր Քարալօղլուի հետ եւ այդ հանդիպման ընթացքին ալ օրակարգի եկած էր Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ նորոգման խնդիրը։ Վերանորգման ծախսերը պիտի հոգայ Տիյարպեքիրի Ներդրումներու Հետապնդման եւ Համակարգման Նախագահութիւնը։ Այս մասին հրահանգ հասած է Տիյարպեքիրի Յուշարձաններու Տնօրէնութեան։ Ստորագրուած համաձայնագրով յայտնի կը դառնայ թէ այս աշխատանքին համար յատկացուած է 941 հազար 640 ԹԼ. ։
Տիյարպեքիրի Յուշարձաններու տնօրէն Ճեմիլ Գոչ եւ Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըք շինութեան վայրը այցելելով բացատրութիւններ ստացան կատարուած աշխատութիւններու մասին։
Ճեմիլ Գոչ յայտնեց թէ եկեղեցին մինչեւ 1985 կարգ մը պետական հաստատութիւններու կողմէ շահագործուած է իբրեւ պահեստանոց։ Ան նշեց որ կոթողային կառոյց մը ըլլալով Սուրբ Սարգիս Եկեղեցին Տիյարպեքիրի կարեւոր խորհրդանշաններէն մէկն է։ Այս հանգրուանին նախագծի հիմքը հանդիսացող ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին։ «Եկեղեցին պիտի նորոգուի կառուցման շրջանի շինանիւթերով եւ ճարտարապետական դրութիւններով» ըսած է Ճեմիլ Գոչ։
Թաղական խորհուրդի ատենապետ Էրկուն Այըք ալ ուրախութիւն յայտնած է թէ այս բազմածախս աշխատանքը կը դիմագրաւուի Կուսակալութեան միջոցներով։