Յունաստանի մէջ կեցութեան իրաւունքը վերացած Սեւան Նշանեան 10 Յունուարին յաջորդող 15 օրուայ մէջ պէտք է լքէ երկիրը։ Անուանի լեզուաբանի հետ զրուցեցինք ապագայի ծրագիրներու մասին։
ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
Ե.Տ.- Նախ յաջողութիւն կը մաղթեմ։ Յունաստան արդեօք երտքայլ մը կ՚ընէ՞ այս որոշումէն։
Ս.Ն.- Քաֆկայական տարօրինակութիւններ կ՚ապրիմ։ Նախ Միտիլլիի ապահովութեան Բարձրաստիճան Ատեաններու մօտ պիտի քննարկուի արտաքսման որոշումը վերացնելու դիմումս։ Ապա Սիրոսի դատարանը որոշում պիտի կայացնէ սեւ ցուցակէն անունիս ջնջուելու մասին։ Միւս կողմէն Աթենքի մէջ տակաւին չէ աւարտած երեք տարիէ ի վեր ձգձգուած քաղաքացիական դիմումը։ Փաստաբանները ամէն օր 12 ժամ այս նիւթով կ՚աշխատին։
Ե.Տ.- Հաւանական է նաեւ Հայաստան հաստատուիլ։ Այդ մասին հեռանկար մը ունի՞ք, թէ ոչ կանուխ է այս հարցումին համար։
Ս.Ն.- Ճիշդ է Հայաստանը տրամաբանական այլընտրանք մըն է։ Երախտապարտ եմ այդ փոքր ու առանձին երկրին։ Բայց պիտի դժուարանամ այս տարիքէս վերջ նոր կեանք մը ձեւաւորելու։ Մնաց որ ես երբեք չեմ հետեւած տրամաբանական ճամբուն։
Ե.Դ.- Իսկ այս արտաքսման որոշումին ետին ի՞նչ կայ։
Ս.Ն.- Եթէ Քազանճաքիսի վէպերը կարդացած էք գիտէք այս սիրուն կղզիի գիւղերուն մէջ բամբասանքներուն ներքուստ ծածուկ կերպով աճելով յանկարծ ինչպիսի փոթորիկի մը վերածուիլը։ Ինծի համար ալ նոյնը պատահեցաւ։ Նախ «Թուրք մը եկեր է գիւղին տուները կը գնէ» ըսելով առասպել մը տարածուեցաւ։ Յետոյ բամբասանքներ ալ տարածուեցան «Ասոնք մզկիթ ալ կը կառուցեն»։ Եւ այսպէս իրեն զբաղում փնտռող գիւղի ազգայնական շրջանակներն ալ ալաւելի հրահրեցին եւ տարօրինակ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ։ Աթենքի իշխանաւորները այս բոլորէն որքանով տեղեակ են անշուշտ չեմ կրնար գիտնալ։