Այս օրերուս Անգարայի մերձակայ Սթանոզի երբեմնի հայոց գերեզմանը անգամ մը եւս երկրի օրակարգին է սրբապղծութեան նոր օրինակներով։ Պատմաբան Էրտինչ Աքկիւլ տարածաշրջանի վրայ հին շիրմաքարերը լուսանկարելու պահուն անդրադարձաւ վերջերս փորուած շիրիմներուն։ DHA լրատու գործակալութեան փոխանցած տեղեկութիւններու մէջ Աքկիւլ ափսոսանքով կը նշէ թէ 600 տարուայ անցեալ ունեցող այդ գերեզմանի շիրիմները փորուած են, նոյնիսկ կմախքներու յայտնաբերուած վայրէն աւել խոր։ Գանձախոյզները այսպէսով հասած են մինչեւ հելենիստիկական շրջանի մնացորդացին։ «Աջ ու ձախ նետուած ոսկորները կ՚ապացուցէին կատարուած վայրագութիւնը» կ՚ըսէ Աքկիւլ եւ կը պահանջէ թէ թանգարանային արժէք ներկայացնող շիրմաքարերը պէտք է թանգարանի տնօրէնութեան կողմէ հսկուին եւ տարածքի վրայ կազմուի բացօթեայ թանգարան մը։
Նշենք որ Սթանոզ անցեալին եղած է հայկական բնակավայր մը, որու բնակիչները գաղթած էին Պարսկաստանէն եւ այստեղ զարգացուցած տեղական այծի բուրդի մշակումով յայտնի անկորայի հիւսուածեղէնը։
1915 թուականէն ետք Սթանոզի հայերն ալ ցեղասպանութեան զոհ դարձան, որոնցմէ վերապրողներ աւելի ուշ բնակութիւն հաստատեցին Պոլսոյ մէջ։ Իսկ հայերու հեռացումէն ետք տարածքը ամայացաւ եւ վերացաւ նաեւ անկորա բուրդի արտադրութիւնը։