Հարցում համայնքային ընտրութիւններու մասին

Նախորդ շա­բաթ անդրա­դար­ձած էինք հա­մայնքա­յին չորս հաս­տա­տու­թիւննե­րու Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան կա­տարած դի­մու­մին։ Մինչ այդ Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Կու­սակցու­թեան (ՀՏՓ) պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան ալ Նա­խագահ Էր­տո­ղանի օգ­նա­կան Ֆո­ւաթ Օք­թա­յին ուղղած է գրա­ւոր հար­ցումներ։ Փայ­լա­նի գրու­թեան մէջ կը կար­դանք հե­տեւեալ տո­ղերը. «Փոք­րա­մաս­նութեան հիմ­նարկնե­րու ընտրու­թիւննե­րը բնու­թագրող կա­նոնա­գիրը առ­կա­խուած է 19 Յու­նո­ւար 2013 թո­ւակա­նէն այս կողմ։ Անցնող ու­թը տա­րինե­րու ըն­թացքին փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը յա­ճախա­կի կեր­պով պա­հան­ջած են նոր կա­նոնագ­րին շու­տա­փոյթ կեր­պով ձե­ւաւո­րու­մը։ Ընդմիշտ ընտրու­թիւննե­րու կա­րեւո­րու­թիւնը ընդգծող կա­ռավա­րու­թիւնդ ինչպի­սի՞ պատ­ճառներ ու­նի փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու ընտրե­լու իրա­ւունքը չե­ղար­կե­լու հա­մար։ Բա­զում ան­գամներ խոս­տա­նալով հան­դերձ ին­չո՞ւ հա­մար չեն ար­տօ­նուիր ընտրու­թիւննե­րը։ Այս մա­սին ի՞նչ ժ ամ­կէտ կը խոս­տա­նաք։ Ար­դեօք կ՚անդրա­դառ­նաք թէ նման ար­գելքով կը խա­փանէք հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու աշ­խա­տու­թիւնները»։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ