Գրաքննութիւնը վերացա՞ւ արդեօք

Գրաւոր մամուլի դէմ գրաքննութիւնը ունի երկար պատ­մութիւն մը Թուրքիոյ մէջ։ Ան­ցեալին թա­գաւոր­ներ իրենց իշ­խա­նու­թեան հան­դէպ սպառ­նա­լիք մը ըլ­լա­լով դի­տած են թեր­թե­րու լրա­տուու­թիւննե­րը։ Այդ սպառ­նա­լիքէն խու­սա­փելու հա­մար դի­մած են գրաքննու­թեան ծանր մի­ջոց­նե­րու։

Թէեւ 24 Յու­լիս 1908 թո­ւակա­նին պաշ­տօ­նապէս վե­րացած եւ ար­գի­լուած է գրաքննու­թիւնը, բայց լրագ­րողնե­րու ուղղեալ հար­ցաքննու­թիւննե­րը ընդմիշտ շա­րու­նա­կուած։ Բնաւ քիչ չեն մա­հափորձնե­րու հե­տեւան­քով սպան­նո­ւած լրագ­րողնե­րը։

Այժմ կա­ռավա­րու­թիւնը երբ ամ­բողջո­վին կը հսկէ երկրի գրա­ւոր ու տե­սալ­սո­ղական մե­տիայի ջախ­ջա­խիչ մե­ծամաս­նութիւ­նը, ներ­կա­յիս իրեն թի­րախ ընտրած է այդ ջախ­ջա­խիչէն դուրս մնա­ցող նո­ւազա­թիւ լրա­տուա­միջոց­նե­րը։

Հա­մացան­ցի նոր սահ­մա­նափա­կումնե­րով կը փոր­ձէ անոնց ձայ­նը անլսե­լի դարձնել։ Աւե­լին՝ վեր­ջերս օրա­կար­գի եկած է օտար հիմ­նադրամ­նե­րէն նպաստ ստա­նալու մե­ղադ­րանք մը։ Իրաւ ալ յատ­կա­պէս հա­մացան­ցի վրայ գոր­ծող կարգ մը մա­մուլ կ՚օգ­տո­ւէին ԵՄ-ի եւ ԱՄՆ-ի կարգ մը հիմ­նադրամ­նե­րու ընդձե­ռած օժան­դա­կու­թե­նէն։ Իշ­խա­նու­թեան մօտ շրջա­նակ­նե­րը այդ նպաստնե­րը կ՚ըն­կա­լեն որ­պէս դա­ւաճա­նու­թիւն։ Կը նշե­ն թէ նպաստ տրա­մադ­րողնե­րը բնա­կանա­բար պի­տի ու­նե­նան կարգ մը ակնկա­լու­թիւններ, որ մի գու­ցէ հա­կասէ երկրի շա­հերուն։ Նկա­տի ու­նե­նալով մօտ ան­ցեալի կարգ մը օրի­նակ­նե­րը բո­լորո­վին ան­հիմն չէ այս վար­կա­ծը, քա­նի որ այդ խո­ղովա­կի մի­ջոցաւ ար­ձա­նագ­րո­ւեցան գու­նա­ւոր յե­ղափո­խու­թիւններ Վրաս­տա­նի, Ուքրա­նիոյ եւ այլ եր­կիրնե­րու մէջ։ Բայց խնդի­րը այն է թէ երկրի ընդդի­մադիր մա­մու­լը ար­դէն կը գոր­ծէ լուրջ ար­գելքներ դի­մագ­րա­ւելով։ Կա­ռավա­րու­թիւնը ստեղ­ծած է վե­րաքննիչ հաս­տա­տու­թիւններ, որոնք յա­ճախ շատ բարձր տու­գանքնե­րով կ՚ընդհա­տեն ան­կախ մա­մու­լի առա­քելու­թիւնը։ Միւս կող­մէն իշ­խա­նամէտ մա­մու­լը կ՚օգ­տուի պե­տու­թեան շնոր­հած զա­նազան մի­ջոց­նե­րէն։

Խնդի­րը էական է ժո­ղովուրդի աջակ­ցութիւ­նը օրըս­տօ­րէ կորսնցնող իշ­խա­նու­թեան հա­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ