Թուրքիացի ընդդիմադիրներու սպառնալիք Եւրոպայի մէջ

Վեր­ջին տա­­­րինե­­­րուն գլխա­­­ւորու­­­թեամբ Գեր­­­մա­­­­­­­նիոյ Եւ­­­րո­­­­­­­պայի զա­­­նազան եր­­­կիրներ լուրջ հե­­­տապնդումներ կը կա­­­տարեն Թուրքիայէն զա­­­նազան պաշ­­­տօննե­­­րով Եւոր­­­պա­­­­­­­կան եր­­­կիրներ ու­­­ղարկո­­­ւած ան­­­ձե­­­­­­­րու գոր­­­ծունէու­­­թեան մա­­­սին։ Լրա­­­քաղու­­­թեան ծա­­­ռայու­­­թիւննե­­­րը ստու­­­գած են թէ այդ տե­­­սակի պաշ­­­տօ­­­­­­­նեանե­­­րէ շա­­­տերը Թուրքիոյ ազ­­­գա­­­­­­­յին լրա­­­քաղու­­­թեան ծա­­­ռայու­­­թեան գոր­­­ծիչներ են եւ մի­­­ջամուխ կ՚ըլ­­­լան զա­­­նազան բնոյ­­­թի յան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծութիւննե­­­րու։ Վեր­­­ջերս գեր­­­մա­­­­­­­նական ոս­­­տի­­­­­­­կանու­­­թիւնը հրա­­­պարա­­­կած էր մա­­­հափոր­­­ձի վտան­­­գի մատ­­­նո­­­­­­­ւած 55 թուրքիացի­­­ներու անուննե­­­րը։ Անոնք ընդհան­­­րա­­­­­­­պէս այ­­­լա­­­­­­­խոհ լրագ­­­րողներ, ակա­­­դէմա­­­կան­­­ներ կամ քա­­­ղաքա­­­կան գոր­­­ծիչներ են, որոնք Թուրքիոյ մէջ հե­­­տապնդումնե­­­րէ խու­­­սա­­­­­­­փելով ապաս­­­տա­­­­­­­նած են Գեր­­­մա­­­­­­­նիա։

Եր­­­կու շա­­­բաթ առաջ իր բնա­­­կարա­­­նին մէջ յար­­­ձա­­­­­­­կու­­­մի են­­­թարկո­­­ւած էր «Ար­­­դը» հե­­­ռուստա­­­կայա­­­նի աշ­­­խա­­­­­­­տակից Էրք Աճա­­­րէր։ Զինք խոշ­­­տանգող­­­նե­­­­­­­րը պա­­­հան­­­ջած էին, որ այ­­­լեւս լռէ։ Նոյ­­­նը կա­­­տարո­­­ւեցաւ Կա­­­լերու մէջ, այս ան­­­գամ վիպա­­­գիր Կէօք­­­հան Եաւու­­­զէ­­­­­­­լի։ Ան եւս ծե­­­ծի են­­­թարկո­­­ւեցաւ թրքա­­­խօս չորս ան­­­ձե­­­­­­­րու կող­­­մէ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ