Ուշ ալ ըլլայ արդարութիւնը հաստատուած

Վճռաբեկ Ատեանը վա­­ւերա­­ցուց շար­­քա­­­յին զին­­ծա­­­ռայող Սե­­ւակ Պա­­լըք­­ճըի սպա­­նու­­թեան հա­­մար Պաթ­­մա­­­նի Առա­­ջին Եղեռ­­նա­­­դատ Ատեանի վճի­­ռը։ Դա­­տարա­­նը իր քննար­­կումնե­­րու հե­­տեւան­­քով վճռած էր ոճ­­րա­­­գործ Քը­­վանչ Աղաօղ­­լուի 16 տա­­րի 8 ամիս բան­­տարկու­­թեան։ Դա­­տարա­­նը այս վճի­­ռը կա­­յացուց հա­­մոզո­­ւելով թէ ոճի­­րը գոր­­ծո­­­ւած է ոչ թէ սխալ­­մամբ, այդ գի­­տակ­­ցա­­­բար։

Պաթ­­մա­­­նի Քոզ­­լուք գա­­ւառի մէջ պար­­տա­­­դիր զի­­նուո­­րական ծա­­ռայու­­թիւն կա­­տարող Սե­­ւակ Պա­­լըք­­ճը 24 Ապ­­րիլ 2011 թո­­ւակա­­նին սպա­­նուած էր զի­­նըն­­կե­­­րոջ՝ Քը­­վանչ Աղաօղ­­լո­­­ւի կրա­­կոցով։

2013-ին զի­­նու­­րա­­­կան դա­­տարա­­նի մէջ կա­­յացող դա­­տավա­­րու­­թեան ար­­դիւնքին ոճ­­րա­­­գոր­­ծը դա­­տապար­­տո­­­ւած էր 4 տա­­րի 5 ամիս բան­­տարկու­­թեան։ Զո­­հուած զի­­նուո­­րի ըն­­տա­­­նիքի իրա­­ւապաշտպան Ճեմ Հա­­լաւուրթ առար­­կած էր այս վճի­­ռին դէմ եւ դա­­տավա­­րու­­թիւնը վերսկսած էր այս ան­­գամ քա­­ղաքա­­ցիական դա­­տարա­­նին մէջ 8 Փետ­­րո­­­ւար 2018-ին։ Դա­­տավա­­րու­­թեան ըն­­թացքին լսո­­ւեցան նաեւ ակա­­նատես­­նե­­­րու վկա­­յու­­թիւնը։ Շար­­քա­­­յին Հա­­լիլ Էք­­շի իր առա­­ջին յայ­­տին ըսած էր թէ Աղաօղ­­լու դի­­տումնա­­ւոր կեր­­պով սպան­­նած է Սե­­ւակ Պա­­լըք­­ճըն։ Ան աւե­­լի ետք իր յայ­­տը փո­­խած եւ այս ան­­գամ ալ պնդած էր որ սպա­­նու­­թիւնը սխալ­­մամբ գոր­­ծո­­­ւած է։ Պա­­լըք­­ճը ըն­­տա­­­նիքի առար­­կութիւննե­­րով Հա­­լիլԷք­­շի եր­­րորդ ան­­գամ ներ­­կա­­­յացաւ դա­­տարան եւ խոս­­տո­­­վանե­­ցաւ որ ճնշումնե­­րու տակ փո­­խած է իր առա­­ջին յայ­­տը։ Ան եւս դա­­տուե­­ցաւ սուտ վկա­­յու­­թեան մե­­ղադ­­րանքով, որու պատ­­ճա­­­ռաւ ստա­­ցաւ եր­­կու տա­­րի մէկ ամ­­սո­­­ւայ բան­­տարկու­­թեան պա­­տիժ։

Փաս­­տա­­­բան Ճեմ Հա­­լաւուրթ յայտնեց թէ վճռա­­բեկ Ատեանի հաս­­տա­­­տու­­մը տե­­ղին եղած է եւ ուշ ալ ըլ­­լայ ար­­դա­­­րու­­թիւնը ապա­­հովո­­ւած։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ