ՎԱՐԴԱՆ ՂԵՒԻԿԵԱՆ
Պսակաձեւ ժահրի համավարակը իր հետ բերաւ բազմաթիւ նորութիւններ։ Անոնց կարեւորագոյններէն է համացանցէ օգտուելու եղանակներու մէջ արձանագրուած նուաճումները։ Անշուշտ որ անցեալին ալ կային պլոկերներ, որոնք իրենց միտքերը համացանցի միջոցաւ լսելի կը դարձնէին ուրիշներուն։ Այժմ յայտնուած է «Փոթ քեսթ» կոչուած դրութիւնը, որու միջոցաւ բազմաթիւ միտքեր կ՚արծարծուին։ Անցեալները պատահմամբ լսեցի անոնցմէ մէկը, ուր զեկուցողը դժգոհութիւն կը յայտնէր հայոց ոչ հայերէն ազգանուններուն կամ մականուններուն համար։ Խորհուրդ կու տար այդ ազգանունները վերափոխել հայերէնով։
Արեւելահայոց մօտ ընդունուած աւանդութիւն մըն է ազգանունը կազմել նահապետի մը անունով։ Ընտանիքի աւագ սերունդէն անուն մը կ՚ըլլար ան, որուն յատկանիշները նոյնիսկ մոռացուած կ՚ըլլային սերունդներու հոլովոյթին մէջ։ Իսկ արեւմտահայոց մօտ ընտանիքները կը ներկայանային դարձեալ նահապետի մը, այս անգամ ոչ անունէն, այլ արհեստէն կամ մասնագիտութենէն ներշնչուելով։ Կը պատահէր նոյնը եւ քանի մը սերունդ անց այդ մականունը կրողը չէր կրնար իմաստաւորել թէ այդ իր որ մէկ պապին յատկանիշն է։
Յայտնի է որ այս խնդրին մէջ դժգոհութեան հիմնական առարկան տուեալ ասպարէզներուն կամ յատկանիշներուն թրքերէնով արտայայտուած ըլլալն է։ Աւելի պարզ խօսքով թրքերէնի հանդէպ անհանդուրժողականութիւնը։ Ճիշդ է որ այս միտքին հետեւելով բազմաթիւ անուանափոխումներ տեղի ունեցած են։ Կարելի է անմիջապէս մտաբերել «Սէօյլէմէզեան»ը, որ թարգմանութեան փոքրիկ միջամտութիւնով վերածուած է «Անասեան»ի։ Նոյնպէս կը յիշեմ «Էքմեքչի» ազգանունին «Հացպանեան»ի վերածուելու երեւոյթը։ Ինծի համար զարմանալի կը թուի այն երեւոյթը որ ազգանուններու հանդէպ նման հոգեր արտայայտողները ընդհանրապէս հաշտուած են օտար անձանուններու հետ։ «Չիզմէճիեան»ի հանդէպ դժգոհութիւն յայտնողները ընդհանրապէս նման դժգոհութիւնը չեն ունենար Գեւն, Գլեր, Լիլիթ, Մայք եւ նման անուններու դիմաց։ Եթէ անձը պիտի ներկայանայ որպէս Լուքաս Գույումճուեան, անհանգիստ պիտի չըլլան մեր հայեցի Ղուկասին Լուքասի վերածուելէն, բայց խորհուրդ պիտի տան թէ հրաժարիլ Գույումճուեանէն եւ դառնանք Ոսկերիչեան։
Պարտինք նշել թէ ազգայինը բնորոշելու ընթացքին մէջ շատ աւելի կարեւոր նշանակութիւն ունի անձանունը բաղդատմամբ ազգանունին։ Մենք յետեղեռնեան շրջանին կամայ թէ ակամայ ազդուած ենք ազգին վիճակող հալածանքէն եւ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար ճիգեր վատնած ենք, այդ հալածուած ազգէն հեռու մնալու համար։
Երեւոյթ մը որ շատերուս համար անընդունելի է։ Հետեւաբար ոչ ոք կը համարձակի այդ այլասերումը պաշտպանելու, բայց ենթագիտակցութեան մէջ կը սնուցէ զայն։ Անշուշտ որ դժուար, նոյնիսկ դաւաճանութեան համազօր պիտի համարուի այդ նախընտրութիւնը, բայց անդին պիտի մնայ ցաւալի բայց մերկ իրողութիւն մը ըլլալով գոյատեւել։
Ենթագիտակցութեան մէջ գերադասած ենք որոշ արժանիքներ, նոյնիսկ պատկանելութիւններ եւ կը սիրենք անոնց համակերպիլ։ Օրինակի համար հանդուրժողութեամբ կը լսենք ֆրանսախօս հայը, բայց նման հանդուրժողութիւնը բացարձակապէս չենք ցուցաբերեր թրքախօսին կամ արաբախօսին։ Սա իսկապէս հետաքրքրական երեւոյթ է, քանի որ թրքախօսութիւնը ոչ թէ այսօրուայ, այլ պատմական հիմքեր ունեցող սովորութիւն մըն է արեւմտահայոց մէջ։ Ինչ ինչ պատճառներով արեւմտահայոց զանազան գաղութներ, օրինակի համար կեսարացին, կուտինացին կամ մարաշցին ընդհանրապէս թրքախօս դարձած է։ Անոնց մէջ գրաճանաչ եղողները կ՚օգտագործէին Մեսրոպեան Այբուբենը, բայց կ՚արտայայտուէին թրքերէնով։ Այսպէսով ունեցած ենք հայատառ թրքերէնի աւանդութիւն մը, որուն նմանին կը հանդիպինք դարձեալ կեսարացի, այս անգամ յոյներու մօտ, որոնք եւս թրքախօս էին։ Անոնք ալ մեզ նման կը գրէին իրենց ազգային տառերով միշտ օգտագործելով թրքերէնը։ Այս բոլորը շատ հասկնալի է, որ խոչընդոտ համարուէր նախորդ դարասկիզբին Լիբանան ապաստանած հայ գաղութի համար։ Վերջապէս անոնք յամառ պայքար տանելով յաջողեցան համայնքէ ներս ընդհանուրին ձեռնտու լեզու մը կերտելու գործին մէջ։ Սերնդափոխութեան եւ ուսման շնորհիւ գաղութը կրցած էր ապահովել միասնական լեզուն, որն էր հայերէնը։
Հայերս այն բացառիկ ժողովուրդներէն եղանք, որու անհատները լաւագոյնս կը տիրապետեն երկրորդ լեզուի մը, իսկ այս երեւոյթը որքանով բարեբաստիկ է կամ որքանով մտահոգիչ ինքնին քննարկման արժանի խնդիր է։