Կրօնական փոքրամասնութիւնները ճնշումներու ենթակայ

ԱՄՆ-ի Կրօն­քի Ազա­տու­թիւննե­րու Յանձնա­խումբը (USCBRF) հրա­տարա­կեց 2020 թո­ւակա­նի կրօ­նական ազա­տու­թիւննե­րու մա­սին իր տա­րեկան տե­ղեկա­գիրը։ Կ՚առա­ջար­կո­ւի Թուրքիան նե­րառել յա­տուկ հե­տապնդման ար­ժա­նի եր­կիրնե­րու ցան­կին մէջ։ Այդ ցան­կը կը պատ­կա­նի կրօ­նական ազա­տու­թիւննե­րուն ոտ­նա­կոխ­ման կա­ռավա­րու­թեան ձեռ­քով առիթ տո­ւող եր­կիրնե­րուն։ Ընդգծո­ւած է Սուրբ Սո­ֆիայի տա­ճարին մզկի­թի վե­րածո­ւելու երե­ւոյ­թը։

Թուրքիոյ կրօ­նական փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու մա­սին կը տրուին թո­ւային տո­ւեալ­ներ։ Տե­ղեկագ­րի հա­մաձայն երկրի բնակ­չութեան 99 տո­կոսը կը բաղ­կա­նայ մահ­մէ­տական­նե­րէ։ Անոր ջախ­ջա­խիչ մե­ծամաս­նութիւ­նը սիւննիադա­ւան են եւ կը պատ­կա­նին հա­նեֆի աղան­դին։ Աւե­լինե­րը, քիւրտ եւ թուրք միաս­նա­բար կը կազ­մեն 25 տո­կոս։ Այլ կրօ­նական փոք­րա­մաս­նութիւննե­րը մե­ծաւ մա­սամբ կը բնա­կին Իս­թանպուլ եւ մի քա­նի ու­րիշ քա­ղաք­նե­րու մէջ։ Երկրի հա­րաւ արե­ւելեան տա­րածքնե­րուն ալ կա­րելի է հան­դի­պիլ ոչ իս­լամ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու խմբակ­նե­րուն։ Տե­ղեկա­գիրը կը նշէ թէ Թուրքիոյ մէջ մօ­տաւո­րապէս 90 հա­զար Հայ առա­քելա­կան, 25 հա­զար լա­տին կա­թողի­կէներ, որոնց կար­գին են նաեւ Ափ­րի­կեան եր­կիրնե­րը եւ Փի­ղիփեան կղզի­ներէ գաղ­թածներ։ Կը նշո­ւի նաեւ 16 հա­զար հրեանե­րու, 25 հա­զար ասո­րի ու­ղա­փառ­նե­րու, 15 հա­զար ռուս ուղղա­փառ­նե­րու եւ 10 հա­զար պա­հայի­ներու գո­յու­թիւնը։ Բո­ղոքա­կան­նե­րը կը յի­շուին իբ­րեւ 10 հա­զար, Եհո­վայի վկա­ները 5 հա­զար, քաղ­դէացի­ները 3 հա­զար, յոյն ուղղա­փառ­նե­րը 2 հա­զար 500 եւ աւե­լի նո­ւազ թի­ւով ալ հայ կա­թողի­կէներ Պուլկար եւ Վրա­ցի ուղղա­փառ­ներ, նաս­թո­րեան­ներ, ասոր եւ քաղ­դէացի կա­թողի­կէներ, մա­րոնի­ներ եւ մոր­մոններ։

Տե­ղեկա­գիրը կը նշէ թէ տո­ւեալ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րը զա­նազան ճնշումնե­րո կ՚են­թարկո­ւին երկրի մե­ծամաս­նութիւ­նը կազ­մող սիւննի մահ­մե­տական­նե­րուն եւ կրօ­նամէտ կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ