Բացատրութիւն կը պահանջուի Սոյլուի խօսքերուն համար

Ներքին Գոր­ծոց Նա­խարար Սիւ­լէյման Սոյ­լու հե­ռուստազ­րոյցի մը ըն­թացքին կա­պեր գո­յացու­ցած էր Սե­տաթ Փե­քեր, Էր­հան Թունճել, Վե­լի Քիւ­չիւք անուննե­րու եւ Պա­տերա­զի Յա­տուկ Ծա­ռայու­թեան մի­ջեւ։ Հրանդ Տինք ըն­տա­նիքի իրա­ւապաշտպան­նե­րը դա­տարա­նէն պա­հան­ջե­ցին որ գրու­թիւնով մը դի­մէ Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րին եւ լրա­ցու­ցիչ տե­ղեկու­թիւններ փո­խան­ցէ իր պնդումնե­րու մա­սին։

Յան­ցա­գործ աշ­խարհի կա­րեւոր դե­րակա­տար­նե­րէն Սե­տաթ Փե­քեր հրա­պարա­կած էր նկա­րահա­նում մը, ուր զա­նազան մե­ղադ­րանքներ կը հնչեց­նէր Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Սիւ­լէյման Սոյ­լո­ւի հաս­ցէին։ Այդ պնդումնե­րուն իբր պա­տաս­խան նա­խարա­րը 24 Մա­յիսին «Հա­պեր Թիւրք» հե­ռուստաըն­կե­րու­թեան էկ­րա­նէն յայ­տա­րարած էր թէ Հրանդ Տին­քի ոճի­րի դա­տապ ար­տեալ­նե­րէն Էր­հան Թունճե­լի եւ Սե­տաթ Փե­քերի մի­ջեւ յա­րաբե­րու­թիւն մը կայ։ Ան նաեւ յա­ւելած էր թէ Փե­քեր կա­պի մէջ է նաեւ Վե­լի Քիւ­չիւքի հետ։

Պե­տական պաշ­տօ­նեանե­րու իբ­րեւ մե­ղադ­րեալ դա­տուած Իս­թանպու­լի 14-րդ Եղեռ­նա­դատ Ատեանը թէեւ ար­ձա­կած էր իր վճի­ռը, բայց տա­կաւին կը շա­րու­նա­կուի թղթած­րարնե­րը ան­ջա­տուած Ֆե­թու­լահ Կիւ­լեն եւ Էք­րեմ Տու­մանլըի նման անուննե­րու դա­տավա­րու­թիւնը։ Տինք ըն­տա­նիքի իրա­ւապաշտպան Հա­քան Պա­քըր­ճըօղ­լու Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րէն բա­ցատ­րութիւն պա­հան­ջե­լու հա­մար դի­մու­մը 24 Յու­նի­սին ներ­կա­յացու­ցած է դա­տարա­նին։ Աղեր­սագրի վեր­ջին հա­տուա­ծը հե­տեւեալն է. « Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Սիւ­լէյման Սոյ­լու Հրանդ Տին­քի ոճի­րի հետ կա­պուած Սե­տաթ Փե­քերի, Վե­լի Քիւ­չիւքի եւ Պա­տերազ­մի Յա­տուկ Ծա­ռայու­թեան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու մա­սին ելոյթ մը ու­նե­ցած է, ուր յայտնած է թէ կը խօ­սի ոչ­ թէ հա­մակար­գի, այլ մտայ­նութեան մա­սին։ Կը պա­հան­ջեմ որ իրեն գրու­թիւնով մը հարցնէք թէ՝

ա) Ի՞նչ է եւ որոնց կող­մէ կա­ռու­ցո­ւած է Վե­լի Քիւ­չիւք, Սե­տաթ Փե­քեր եւ Էր­հան Թունճել անուննե­րը իրա­րու շաղ­կա­պող դրու­թիւնը։

բ) Էր­հան Թունճել որո՞ւ կող­մէ, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս յանձնո­ւած է Սե­տաթ Փե­քերին։

գ) Ի՞նչ է Հրանդ Տին­քի եւ Պա­տերազ­մի Յա­տուկ Ծա­ռայու­թեան կա­պակ­ցութիւ­նը։ Տին­քի ոճի­րը, այդ ծա­ռայու­թեան մէկ գոր­ծո­ղու­թի՞ւնն էր։

դ) Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թիւնը Նա­խարար Սիւ­լէյման Սոյ­լո­ւի 24 Մա­յիսի յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն հիմք ծա­ռայող տե­ղեկու­թիւննե­րը եւ փաս­տա­թուղթե­րը տրա­մադ­րէ դա­տարա­նին»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ