ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ
17Յունիսին էր, երբ «Ակօս»ի նախորդ համարը դուրս կու գար տպարանէն, վրայ հասաւ սարսափազդու լուր մը։ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութեան (ՀՏՓ) Իզմիրի կեդրոնական մասնաճիւղին մէջ ոճիր մը գործուած էր։ Շուտւվ պարզուեցաւ ոճրագործի անունը՝ Օնուր Կենճէր։ Ան ժամը 11.00-ին ձեռքի խոշոր պայուսակով մը թակած էր կուսակցութեան դուռը եւ ներս մտնելէ ետք սպաննած էր հոն գտնուող միակ անձը, խոհանոցի սպասարկութիւներով պաշտօնուած երիտասարդուհի մը՝ Տենիզ Փոյրազը։ Ապա կրակած էր շէնքի պատերուն, նկարներուն եւ իրերուն վրայ։ Վեց փամփուշտներ ստացած էր Տենիզ Փոյրազ։ Այդքանով չէր յագեցած ոճրագործին ինքնութիւնը պատած ոխը եւ աքացիի անհամար հարուածներ տուած էր երիտասարդ կնոջ դիակին։
Նշենք որ ՀՏՓ-ի Իզմիրի մասնաճիւղի մուտքին ոստիկաններ հերթ կը պահեն ստուգելով եկող գացողները։ Դէպքի պահուն անոնք եւս հոն էին, կը լսէին կրակոցները բայց երբեք չէին միջամտեր, այլ ընդհակառակ արգելք կ՚ըլլային ներս մտնել ուզողներուն։ Անոնցմէ մէկն էր մասնաճիւղի համանախագահը, որ իզուր տեղ կը ջանար ազատիլ իրեն արգելք եղող ոստիկաններու ձեռքէն։ 50 վայրկեան տեւած էր վայրագ յարձակումը եւ ոճրագործը հաւատալով թէ կատարած է իր առաքելութիւնը դուրս եկած էր շէնքէն։ Ահա այդ պահուն ոստիկաններ դիմաւորեցին զինք շատ պարկեշտ ձեւով հարցուցին անունը եւ ապա բերման ենթարկելով առաջնորդեցին ոստիկանական ինքնաշարժ։
Լուրերու հաղորդման պահուն ժողովուրդը ափիբերան լսեց բերման ենթարկող ոստիկանի «Անունդ ի՞նչ է աղբարիկս» խօսքերը։ Ոճրագործը դիւրացուց ոստիկաններու աշխատութիւնը յստակ պատասխաններ տալով իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն։ Ստանձնած պարտականութիւնը կատարած մարդու մը հոգեբանութեամբ ուղղուած բոլոր հարցումները պատասխանելէ ետք հանգստօրէն հարցուց հետեւեալ հարցումը. «Աւարտեցի կրնա՞մ երթալ»։ Վստահ էր թէ կատարածը մարդասպանութիւն չէր, այլ մաքրագործում մը պարզապէս։ Իրեն ուղղուած հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ յայտնեց թէ կը յուսար աւելի մեծ թիւով մարդիկ գտնել եւ աւելի շատ զոհեր խլել՞ բայց չէր ստացուած։ Կուսակցութեան վարիչները կը հաստատէին այդ պնդումը, նշելով թէ այդ ժամերուն համար ծրագրած էին հանդիպում մը, որ վերջին պահուն ջնջուած էր։ «Եթէ կայանար նախատեսուած հանդիպումը մօտաւորապէս 30 կամ 40 հոգի պիտի գտնուէր այս տեղ եւ զոհերու թիւը շատ աւելի բարձր պիտի ըլլային»։
Ոճիրի լուրը հաղորդող թղթակիցները կամ նկահանող խումբերը հազիւ ժամեր ետք յաջողեցան ոճիրի գործուած վայրը մտնել։ Մինչեւ այդ անոնք կը գոհանային շէնքտ մուտքին կատարուած նկարահանումներով։ Տարեց կին մը կ՚աղաղակէր պահանջելով թոյլ տան երթայ տեսնէ աղջնակը։ Յայտնի էր թէ սպանուած Տենիզ Փոյրազի մայրն էր։ Լրագրողներ ապա կ՚ամբողջացնէին իրենց քաղած տեղեկութիւնները դիտել տալով թէ մասնաճիւղի մէջ որպէս խոհարար եւ մատուցող աշխատողը ինքն է եւ այդ օր բացառաբար աղջիկը փոխարինած է իր գործը։
Իզուր տեղ չէ որ խորագրին մէջ (ներ) մասնիկով հոգնակիի վերածած էինք ոճիրի հեղինակները։ Թուրքիա անգամ մը եւս կը ներկայանար ատելութեան ոճիրի մը թատերաբեմը ըլլալով։ Ոճրագործի անունը արդէն նշեցինք վերի տողերուն վրայ։ Իսկ ոճրագործներուն անունները նշելու իսկ արժանի չեն։ Բայց որպէսզի խօսքը տեղը հասնի մենք նշենք անոնց տիտղոսները ԱՔՓ կուսակցութեան նախագահէն սկսեալ, անոր պուճուր գործընկեր Ազգային Շարժում Կուսակցութեան պետը, Ներքին եւ Արդարադատական նախարարները, Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան բազմաթիւ երեսփոխանները, Լրաքաղութեան Բաժնի պաշտօնեաները, ոստիկանապետերը, արդարադատական համակարգի դատախազները, դատաւորները եւ անոնց նման ոճիրի մը մասնակցելու համար ազդանշան սպասող բիւրաւոր կամաւորները, այդ (ներ) մասնիկով նշուած յոգնակին կը կազմեն։ Բազմիցս ըսուած է թէ ատելութեան բնոյթով ոճիրները բնական հետեւանքն են ատելութեան պատգամներուն։ Ամբողջ երկիրը կողմ եւ դէմ ըլլալով բեւեռացնող քաղաքականութեան մը բնական հետեւանքն է այս ոճիրը։ Արդարեւ կառավարութեան պուճուր գործընկերոջ յայտարարութիւնը կու գար կրկին անգամ հաստատելու այս փաստը։ Ան իբրեւ թէ դատապարտելով գործուած ոճիրը իրականութեան մէջ մեղադրանքի սլաքները կ՚ուղղէր զոհուած Տենիզ Փոյրազին։ Առանց փաստացի տուեալ մը ունենալու կը յանդգնէր յայտարարել թէ Փոյրազ կը կազմակերպէ ահաբեկչական խումբին մասնակցիլ ցանկացողներու անդամակցութիւնը եւ անոնց դէպք ՓՔՔ-ի ճամբարներ ուղեւորութիւնը։ Այդ անհիմն պնդումները արտասանած պահուն քաջ գիտէր թէ իր խօսքերը լուրջ պնդումներ ըլլալով արձագանգ պիտի գտնեն իշխանամէտ մամուլի վրայ։
Ոճիրը ակամայ կը յիշեցնէ աւազակապետ Սետաթ Փեքերի վերջին հրապարակումները։ Ան դիտել կու տար, որ այս օրերուս շատ հաւանական է հանրութիւնը գրգռելու բնոյթով զգայացուցն դէպքերու կայացումը։ Ան յատկապէս մատնացոյց կ՚ընէր ալեւիներու կամ քիւրտերու ուղղեալ դաւադրական մահափորձները։ Թերեւս ալ շատ աւելի մեծ թիւերով զոհեր խլելու նպատակաւ կազմակերպուած ոճիրը իր նպատակին չհասաւ շէնքի մէջ մինակ մէկ հոգի գտնուելուն պատճառաւ։ Այդ առումով ալ չափազանցուած պիտի չըլլայ խորհիլ թէ պատահածը ձախողած մահափորձ մըն է շատ աւելի լուրջ հետեւանքներ ակնկալող դաւադրական ծրագրի մը։
Պահը դարձեալ գերազանց զգօնութիւն կը պահանջէ երկրի բոլոր բնակիչներուն համար։ Դիտելով անօրէնութիւններու համատարած պատկերը, տեսնելով հասարակութեան մէջքը կքող սղաճը եւ աղքատութիւնը, կառավարութեան միջազգային գետնի վրայ մատնուած մերժուածութիւնը եւ այս բոլորին իբր արդիւնք գործող իշխանութեան դէմ հետզհետէ աճող հակադրութիւնը, երկիրը ղեկավարելու կարեւոր լծակներէն մէկը պիտի ըլլայ ժողովուրդը դէպի ահ ու սարսափի տանող քաղաքականութիւնը։