«Աստուածաշունչէն» ձօնուած Սուրբ Գիրքի տպագրութեան 350 ամեակին

Աստուածաշունչի հայերէն առաջին տպագրութեան 350-ամեակին առթիւ հրատարակուեցաւ «Աստուածաշունչէն» խորագրեալ եռալեզու հատոր մը «Քիտապը Մուքատտես» ընկերութեան մեկենասութեամբ։ Այս առթիւ 12 Յունիս շաբաթ յետմիջօրէին շնորհանդէս մը կազմակերպուեցաւ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։ Պատրիարք Սրբազանի արտասանած «Տէրունական Աղօթք»ով մեկնարկող շնորհանդէսի ընթացքին ելոյթ ունեցան Հայր Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Հայր Յարութիւն Աբղ. Տամատեան եւ Հայր Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան։ Տամատեան Աբղ. ընթերցեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի յատուկ կոնդակը, որ նաեւ տեղադրուած էր այս հրատարակութեան մէջ։

Յովակիմ Աբեղայի ելոյթը բաւականն բովանդակալից էր, որմէ հատուածներ կը փոխանցենք ստորեւ։

Աստուածաշունչ Մատեանի հայերէն անդրա­նիկ տպագ­րութեան 350 ամեակի յո­բելեանը տօ­նելը Պատ­րիար­քա­կան Աթոռս ժա­մանա­կին ծրագ­րեց։ Այն ատեն ան­գամ մը եւս տե­սանք, թէ Աս­տո­ւածա­շունչ Մա­տեանի անդրա­նիկ տպագ­րութիւ­նը եւ Ոս­կան Եպիս­կո­պոս Երե­ւան­ցին իրենց ու­րոյն տե­ղերն ու­նին պոլ­սա­հայ պատ­մութեան մէջ։

Այս հաս­կա­ցողու­թեամբ մաս­նակցե­ցանք Հայ Տպագ­րութեան Մար­գա­րիտ գի­տաժողովին եւ ու­ղերձ կար­դա­ցինք։

Աս­տո­ւածա­շունչ մա­տեանի Պոլ­սոյ մէջ տպագ­րութեան մա­սին առա­ջին մտա­հոգու­թիւնը կը տես­նենք Զա­քարիա Պատ­րիարք Վա­նեցիի մօտ, որ 1632 թո­ւակիր նա­մակով դի­մում կը կա­տարէ Հա­ւատոյ Տա­րած­ման Ժո­ղովին, հա­յերէն գիրք տպե­լու հա­մար աջակ­ցութիւն խնդրե­լու, քա­նի ինք նկա­տած է «այն մեծ օգու­տը որ հայ գիր­քե­րու տպագ­րութիւ­նը կրնայ բե­րել մեր սուրբ հա­ւատ­քին տա­րածու­մին»։

Նոյն շրջա­նին, Յով­հաննէս Խուլ հրա­ժարեալ Պատ­րիար­քը կը մեկ­նի արեւ­մուտք եւ իր հետ կը տա­նի ինքնա­գիր Աս­տուածա­շունչ մը, տպագ­րել տա­լու հա­մար։

Եր­կար է Աս­տո­ւածա­շունչի հա­յերէն տպագ­րութեան պատ­մութիւնին ու այս գոր­ծի Կայ­սե­րանիստ Կ.Պո­լիս մայ­րա­քաղա­քի հետ կա­պը, որոնց մա­սին եր­կար խօ­սած ենք նո­րատիպ այս հա­տորին մէջ։

Ինչպէս ծա­նօթ է, առա­ջին հայ տպագ­րութե­նէն 154 տա­րի ետք, 1666-ին ձեռ­նարկո­ւեցաւ Աս­տո­ւածա­շունչ մա­տեանի տպագ­րութեան եւ եր­կու ու կէս տա­րի ետք լոյս աշ­խարհ եկաւ այժմ մեր «Ոս­կա­նեան» կո­չած առա­ջին տպա­գիր Աս­տո­ւածա­շունչը։

Եւ 1705-ին, Ոս­կան Երե­ւան­ցիի ազ­գա­կան­նե­րէն Պետ­րոս Լա­տինա­ցին Պո­լիս գա­լով, այս քա­ղաքին մէջ ձեռ­նարկեց տպագ­րութեան եւ հրա­տարա­կեց Պոլ­սոյ առա­ջին Աս­տո­ւածա­շունչը, «ի թաղն Պէ­կօղ­լի»։ Այս մէ­կը գրե­թէ փոք­րա­դիր նմա­նատիպն է Ոս­կա­նի հրա­տարա­կածին։

Յա­կոբ Մե­ղապար­տէ ետք, Աբ­գար Դպիր Թո­խատե­ցի իր Սուլթան­շահ որդւոյն հետ կու գան Կ.Պո­լիս եւ այս քա­ղաքը կը վե­րածեն Հա­յաշ­խարհի տպագ­րութեան Բ. կեդ­րո­նին։ Թո­խատե­ցիին կը յա­ջոր­դեն Երե­միա Չէ­լէպի Քէօմիւրճեանը, Գրի­գոր Մար­զո­ւանե­ցին, Աս­տո­ւածա­տուր Ագու­լեաց Դաշ­տե­ցին եւ ու­րիշներ։

Իսկ Աս­տո­ւածա­շունչ մա­տեանի տպագ­րութեան պա­րագա­յին.

Ոս­կան Ար­քե­պիս­կո­պոսի վախ­ճա­նու­մէն ետք, տպա­րանը (տա­ռերու եւ կազ­մածնե­րու գէթ մէկ մա­սը) փո­խադ­րո­ւած է Կ.Պո­լիս։

1705-ին «Աս­տո­ւածա­շունչ գրոց երկրորդ տպագ­րութիւն մը եղաւ ի Պո­լիս «ի թաղն Պէ­կօղ­լի կո­չեցեալ, ի ձեռն ու­րումն Պետ­րո­սի Լա­տինա­ցի կո­չեցե­լոյ»։

Ոս­կա­նեան տա­ռերու Կ.Պո­լիս հա­սած ըլ­լա­լու հար­ցը ան­կասկած է։ Իսկ այս քա­ղաքի մէջ քա­նի՞ տպա­րան ստեղ­ծուեցաւ. մէ՞կ կամ եր­կու։ Պարզ չէ։

Կ.Պոլ­սոյ եւ Վե­նետի­կի հե­տագայ շատ հրա­տարա­կու­թիւննե­րու մէջ կը կար­դանք, որ անոնք ար­տատպո­ւած են ոս­կա­նեան ըն­տիր օրի­նակ­նե­րէ։ Եր­կար ժա­մանակ ոս­կա­նեան հրա­տարա­կու­թիւննե­րէ կա­տարո­ւած ար­տատպու­թիւններն ան­գամ բարձր կը գնա­հատուէին։

Ոս­կա­նի գոր­ծին ու աւան­դին մա­սին որ­քան գե­ղեցիկ է Լէոյի խօս­քը. «Ճիշդ է, անոր տպա­րանը մաս-մաս եղաւ, ցրո­ւեցաւ, բայց այդ բե­կոր­նե­րը նոր եւ նոր տպա­րան­նե­րու կո­րիզ­ներ դար­ձան Մար­սէյլի, Ամստեր­դա­մի, Վե­նետի­կի, Կ.Պոլ­սոյ մէջ»։

Այս պատ­մա­կան ամ­փո­փու­մէն ետք Հայր Յո­վակիմ Աբե­ղայ Սե­րով­բեան թո­ւային տո­ւեալ­նե­րով ներ­կա­յացուց վեր­ջին 350 տա­րինե­րու ըն­թացքին Պոլ­սոյ մէջ կա­տարո­ւած աւե­լի քան 450 Սուրբ Գրա­յին հրա­տարա­կու­թիւննե­րը, որոնց մէջ կը հան­դի­պինք նաեւ հա­յատառ թրքե­րէն եւ հա­յատառ քրտե­րէն օրի­նակ­նե­րուն։

Ապա Հայր Սուրբը բո­վան­դա­կալից բա­ցատ­րութիւննե­րով յի­շեց, այդ տպագ­րութիւննե­րը ապա­հովող հո­գեւո­րական գոր­ծիչնե­րը։

«…Եւ պէտք չէ ան­տե­սել Աս­տո­ւածա­շունչի տպագ­րութեան գոր­ծին նա­խաձեռ­նող-հո­վանա­ւորող հայ­րա­պետը՝ Յա­կոբ Ջու­ղա­յեցին։ Ինք եւս իր կեան­քը կնքեց Կ.Պոլ­սոյ երկնա­կամա­րին ներ­քեւ, ուր եկաւ առ­կայ վի­ճաբա­նու­թիւննե­րուն վերջ տա­լու առա­ջադ­րութեամբ։

Հա­յերս, որ ընդհան­րա­պէս զուսպ ենք մար­դիկ սրբաց­նե­լու գոր­ծին մէջ, Յա­կոբ Կա­թողի­կոս Պոլ­սոյ Հայ ժո­ղովուրդին կող­մէ ճանչցո­ւած է որ­պէս «Հո­գեւոր Տէր»։ Իր շի­րիմը ան­ցեալին կը գտնո­ւէր Փան­կալթըի գե­րեզ­մա­նատան մէջ, ապա փո­խադ­րուած է Բե­րայի Ս. Եր­րորդու­թիւն Եկե­ղեց­ւոյ հիւ­սի­սային փա­կը։ Իր շի­րիմը, այ­սօր եւս ուխտա­ւոր­նե­րու այ­ցե­լու­թեան վայր է։ Իսկ տե­ղացի ոչ-քրիս­տո­նեանե­րու եւ յատ­կա­պէս Օս­մա­նեան պա­լատին կող­մէ ճա­նաչո­ւած է որ­պէս «էվ­լի­յա» (սրբա­կեն­ցաղ անձնա­ւորու­թիւն) եւ իր շիր­մին վրայ կան­թեղ վա­ռուած է ու կը վա­ռի մին­չեւ այ­սօր։

Հայ տպագ­րութեան պատ­մութեան ըն­թացքին Սուրբ Գրա­կան մաս­նա­կի առա­ջին տպագ­րութիւ­նը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ 1565-ին։ Աս­տո­ւածա­շունչ Մա­տեանի Հին Կտա­կարա­նի Սաղ­մո­սաց գիր­քը, հա­յերէ­նով առա­ջին ան­գամ տպագ­րո­ւած է, Վե­նետի­կի մէջ, Աբ­գար Դպիր Թո­խաթե­ցիի կող­մէ։

Իսկ Ս. Գիր­քի հա­յերէն լրիւ առա­ջին տպագ­րութիւ­նը կա­տարո­ւած է չա­փազանց դժո­ւարին պայ­մաննե­րու ներ­քեւ 1666-1668ին, Ամստեր­դա­մի մէջ՝ Ոս­կան Եպիս­կո­պոս Երե­ւան­ցիի եւ Մատ­թէոս Վրդ. Ծա­րեցիի ջան­քե­րով, Յա­կոբ Դ. Ջու­ղա­յեցի Կա­թողի­կոսի յանձնա­րարու­թեամբ։

Հե­տագա­յին Աս­տո­ւածա­շունչը բազ­միցս հրա­տարա­կուած է»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ