Պատմական յուշարձաններ անտէրութեան մատնուած

Վանեցի բա­րեկամ­ներ «Ակօս»ի հետ կապ հաս­տա­տելով կը տե­ղեկաց­նեն թէ Պարսկաս­տա­նէ ներս տե­ղի ու­նե­ցած վեր­ջին երկրա­շարժնե­րը որոշ չա­փով վնա­սած են Վանի սահ­մա­նամերձ Սուրբ Բար­թո­ղիմէոսի տա­ճարը։ Ցնցումնե­րու հե­տեւան­քով փլած է պա­տին մէկ հա­տուա­ծը, որ կրնայ պատ­ճառ դառ­նալ աւե­լի մեծ վնաս­նե­րու։ Մաս­նա­գէտ­ներ տա­րիներ առաջ ահա­զանգ հնչե­ցու­ցած ու պա­հան­ջած էին եկե­ղեց­ւոյ շու­տա­փոյթ նո­րոգու­թիւնը։ Ինչպէս նշած էինք նա­խապէս ալ, Սուրբ Բար­թո­ղիմէոսի տա­ճարը մին­չեւ մօտ ան­ցեալ կը գտնո­ւէր զի­նուո­րական ար­գի­լեալ տա­րած­քի մէջ։ Վեր­ջերս բա­նակը լքած է այդ տա­րածքը եւ եկե­ղեցին ալ թի­րախը դար­ձած է գան­ձա­խոյ­զե­րու։

Նոյն շրջա­նակ­նե­րը կը յայտնեն թէ Պիթ­լի­սի մէջ ալ վնա­սուած է Ուի­լեամ Սա­րոյեանի ըն­տա­նիքին պատ­կա­նող հնա­մաշ տու­նը։ Թէեւ այս լու­րը աւե­լի յստակ ստու­գումի կը կա­րօտի, որով­հե­տեւ վի­ճելի է այդ տան իս­կա­պէս ալ Սա­րոյեան­նե­րու պատ­կա­նած ըլ­լա­լու հա­ւանա­կանու­թիւնը։ Չէ որ Ուի­լեամ Սա­րոյեան իր Թուրքիա այ­ցե­լած շրջա­նին ցան­կա­ցած է իր ըն­տա­նիքին պա­պենա­կան տու­նը տես­նել եւ այդ ցան­կութիւնն ալ կա­տար հա­նելու հա­մար ցոյց տրուած է լքեալ տուն մը են­թադրե­լով թէ նա­խապէս հոն կը բնա­կէին Սա­րոյեանի նախ­նի­ները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ