ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@gmail.com
Բժիշկներու եւ առողջապահութեան աշխատաւորներուն դէմ բռնութիւնները կանխելու վերաբերեալ օրէնքին շուրջ խորհրդարանէն ներս անցեալ շաբաթ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ խառնակութիւն մը պատահեցաւ. ՃՀՓ-ի առաջարկը մերժուեցաւ իշխանական ճակատին կողմէ, բայց մերժողները յաջորդող օրերուն իրենց առաջարկը ներկայացուցին խորհրդարանի նախագահութեան։
Պսակաձեւ ժահրի համաճարակը բժիշկներու դէմ բռնութեան նիւթն ալ օրակարգային դարձուց, անխուսափելիօրէն։ Երբ հին գիրքեր եւ մամլոյ էջեր կը թերթէի, հանդիպեցայ իր իսկ բուժած հիւանդին ձեռքով սպաննուած բժիշկ, Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի վիրաբուժապետի օգնական տոքթ. Դանիէլ Հանըմեանի պատմութեան։
Դէպքը կը պատահի 1 Մայիս 1922-ին, Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի մօտակայքը գտնուող հանրակառքի կայանը, ըստ կարգ մը աղբիւրներու ալ, ուղղակի հանրակառքին մէջ։ Հանըմեան հիւանդանոցէն կ՚ելլէ եւ երբ Պոլսոյ կողմը վերադառնալու համար հանրակառքի կը սպասէր՝ տիգրանակերտցի Սարգիս Քափանճեան (աղբիւրի մը համաձայն՝ Քարանճեան) անուն մէկը ատրճանակի երեք հարուած կը տեղացնէ Հանըմեանին վրայ։ Գնդակներուն երեքն ալ հէք տոքթորին կռնակը կը հարուածեն։ Գնդակներէն երկուքը կը մխուի թոքին, իսկ երրորդը՝ ողնայարին։ Ոճրագործը կը փորձէ սպանել նաեւ տոքթ. Մանուէլեանը, որ տոքթ. Հանըմեանին քովն էր, սակայն Մանուէլեան իսկոյն ոճրագործին ձեռքը կը բռնէ եւ զայն կ՚անշարժացնէ՝ ազատելով ստոյգ մահէ մը։
Ատրճանակին ձայնը լսելով դէպքի վայր կը փութան ոստիկանները եւ անմիջապէս կը ձերբակալեն ոճրագործը, իսկ վիրաւոր տոքթ. Հանըմեան կը փոխադրուի Ս. Փրկիչ Հիւանդանոց, անյոյս վիճակի մը մէջ։
Ժամանակի մամուլը կը յայտնէ նաեւ դէպքին պատճառը, ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներէ ստացուած տեղեկութեանց. ոճրագործ Սարգիս Քափանճեան տարիէ մը ի վեր կը բուժուէր հիւանդանոցին մէջ եւ գործողութեան ենթարկուած էր տոքթ. Հանըմեանի ձեռամբ։ Միջոց մը ետք Սարգիս կրկին կը դիմէ բժիշկին եւ կը խնդրէ նորէն հիւանդանոց մտնել ու գործողութեան ենթարկուիլ։ Սակայն տոքթ. Հանըմեան հիւանդին կատարելապէս ապաքինած ըլլալը հաստատելով զինքը կը ճամբէ հիւանդանոցէն։ Երկար ատենէ ի վեր հիւանդանոցի մէջ հանգիստ կեանք անցընելու վարժուած Սարգիս իր դժբախտութեան պատճառը կը նկատէ տոքթ. Հանըմեանը եւ կը մտադրուի վրէժ լուծել անկէ։ Առիթը ներկայանալուն պէս ալ զինք կը զգետնէ, հիւանդանոցի մօտակայ հանրակառքի կայանը։
Սարգիս ոստիկաններու հսկողութեամբ կ՚առաջնորդուի հիւանդանոց եւ կը ներկայացուի բժ. Հանըմեանին։ Վերջինս կը հաստատէ ոճրագործին ինքնութիւնը, որմէ ետք ոստիկանները բանտ կը տանին Սարգիսը, որու հետագայ ճակատագիրին մասին տեղեկութիւններ չունիմ։
Մինչ այդ տոքթ. Մալխաս, տոքթ. Օրհան պէյի եւ տոքթ. Եաղուպի ընկերակցութեամբ կը քննէ վիրաւորեալը եւ սակայն նկատելով որ տոքթ. Հանըմեանին վիճակը յուսալից չէ, կ՚որոշուի չվիրահատել վիրաւորեալը։
Դանիէլ Հանըմեան ծնած էր 1891-ին, Գումգաբու։ Նախակրթութիւնը ստացած էր Կէտիկփաշայի ազգային վարժարանին մէջ։ Ապա ընդունուած էր Օսմանեան բժշկական համալսարանը, զոր աւարտած էր 1911-ին։ Մինչեւ աշխարհամարտի աւարտը պետական եւ զինուորական հաստատութիւններու մէջ ծառայելէ յետոյ, զինադադարին իբրեւ օգնական վիրաբոյժ մտած էր Ս. Փրկիչ հիւանդանոց։ Ան մասնաւոր մեթոտ մը մշակած էր chule de rectum-ի գործողութեան համար։ Իր անունը հետզհետէ կը փայլէր որպէս մանկաբարձ եւ վիրաբոյժ։
Ժամանակի մամուլը մեծ ցաւ կը յայտնէ կատարուածին առթիւ եւ կ՚ափսոսայ, որ ոճրագործը ազգային պաշտպանութիւնը եւ խնամքը վայելած անձ մըն էր։ Դէպքէն մէկ քանի օր ետք, Մայիսի 4-ին, ինչպէս գրուած է մահազդին մէջ, «իր պարտականութեանը զոհ» Դանիէլ Հանըմեան կը կնքէ իր մահկանացուն։
Հէք բժիշկին փառաշուք յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ Մայիսի 7-ին, կիրակի առտու ժամը 10-ին, Ս. Փրկիչ մատրան մէջ։ Ներկայ են բժշկական, դեղագործական, ատամնաբուժական եւ հայկական միութիւններու ներկայացուցիչները։ Հիւանդանոցի հիւրանոցին մէջ դրուած է յուղարկաւորութեան տոմար։ Կարգադրութիւններուն կը հսկէ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան նախորդ ատենադպիր Արմենակ Չպուքճեան, բժշկապետ տոքթ. Նահապետեան, ներքին տնօրէն տոքթ. Հրանդ Փէշտիմալճեան, օգն. տնօրէն Գրիգոր Բարսճեան։ Յուղարկաւորութեան կը հանդիսապետէ Մեսրոպ արք. Նարոյեան, իր կողքը ունենալով Սարգիս եւ Գէորգ վարդապետները, քահանաներ։ Երգեցողութիւնները կը կատարեն միացեալ թաղերու դպրաց դասը։ Նարոյեանի դամբանականէն ետք, մատրան մէջ, յանուն բժշկակական դասուն կ՚արտայայտուի Հայ բժշկական միութեան ատենապետ տոքթ. Վահրամ Թորգոմեան։
«Նահատակ տոքթ. Հանըմեանի մարմինին Ս. Փրկիչ հիւանդանոցին պարտէզին մէջ թաղուիլը հայ բժշկական դասը պիտի համարի միշտ, ո՛չ միայն արժանաւոր յարգանք մը բժշկութեան այս մեծ զոհին, այլեւ ամենամեծ մխիթարութիւն մը իրեն, որ արդէն իր բազմաթիւ նահատակներովը սգաւոր, դժբախտութիւնը կ՚ունենայ այսօր լալու կարեւոր ընկերի մը նահատակութիւնը»։
«Տոքթ. Հանըմեանի լուռ դամբանը հոս այսուհետեւ խօսուն յուշարարը թո՛ղ ըլլայ հաստատութեանս յարկերուն մէջ պատսպարուած ներկայ եւ ապագայ բոլոր հիւանդներուն. թէ եղաւ իրենցմէ մէկը, որ ամէն տեսակ խնամք ու բժշկական անձանձիր դարման վայելելէ յետոյ, օրին մէկն ալ իր դարմանիչ անմեղ բժիշկը՝ վարձատրեց ամենաստորին վատութեամբ, թէ եղաւ իրենց մէջէն մէկը, որ մոլեգնեցաւ՝ գնդակահար սպաննելու պաշտօնեայ մը այն կենսապարգեւ գիտութեան, զոր իմաստուններ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ անուանեցին»։
Արարողութենէն ետք, դագաղը բժիշկներու կողմէ ուսամբարձ կ՚առաջնորդուի մատրան շրջափակը։ Կերոնները կը կրէին, ի դիմաց Յոյն բժշկական միութեան, յունաց հիւանդանոցի վիրաբոյժ տոքթ. Զկուրտիոս, տքթ. Թոմազու, հրէական հիւանդանոցի բժշկապետ տոքթ. Պարպութ, Ա. Չպուքճեան, Հայ դեղագործներու միւթեան կողմէ Ա. Զարիֆեան, տոքթ. Նահապետեան։ Շիրմին առջեւ դամբանականներ կը խօսին Բժշկական ֆաքիւլթէի ուսուցչական մարմինին անունով տոքթ. Ռեֆիք Միւնիր պէյ (թուրքերէն), Հայ բժշկական միութեան անունով տոքթ. Եաղուպեան (ֆրանսերէն), յանուն կայսերական բժշկական ընկերութեան՝ տոքթ. Կարապետ Խանճեան (ֆրանսերէն), տոքթ. Արմենակ Խանճեան եւ տոքթ. Գալֆայեան՝ յանուն Հայ ատամնաբուժական միութեան։ Վերջին դամբանականը կ՚արտասանէ տոքթ. Հրանդ Փէշտիմալճեան։ Ապա Սամաթիոյ «Մասիս» նուագախումբին մեռելական մեղեդիներով, Շոփենի մահերգով դագաղը շրջան կ՚ընէ հիւանդանոցին ամբողջ շրջափակը։ Ետիքուլէի եւ Գումգաբուի որբանոցին սաները իրենց թեւին վրայ սուգի նշանով թափօր մը կազմած էին։ Հանդիսաւոր թափօրը կը վարէին Հայ պօյ-սքաութի անդամները, ղեկավարութեամբ Յովհաննէս Պաղիկեանի։ Ի վերջոյ տարաբախտ բժիշկին մարմինը կ՚ամփոփուի ազգային հիւանդանոցի մատրան շրջափակը, բարերար ազգայիններու դամբարանին մօտ։
Հանգուցեալին ծնողքը գերեզմանին վրայ կը կանգնեցնեն շիրիմ մը, հետեւեալ արձանագրութեամբ.
Տոքթ. Դանիէլ Հանըմեան
1891-1922
Առաւօտ մը Մայիսի երբ բնութիւնը նոր
կեանք կը զգենուր, կեանքիդ Մայիսին մէջ՝ դուն հրաժեշտ տուիր կեանքին. անգութ ձեռք մը որ վարդիդ գեղն ու բոյրն էր վայելած, կուրօրէն ճմլեց վարդդ, բարունակն ալ միասին։
Կեանքդ գիտութիւն, արիւնդ ալ հուսկ կաթիլ, զոհ բերիր ի սփոփանս մարդուն ցաւին, տանջանքին, արժանիքով բեռնաւոր, դուն ոստին եղար նմանակ՝ որ ծանրաբեկ կ՚իյնայ բեռին տակ իր բերքին
1922 Մայիս 1
Վերջացնելէ առաջ իր պարտականութեանը զոհ այս բժիշկին պատմութիւնը, կ՚ուզեմ առաջարկել հետեւեալը. իւրաքանչիւր Մայիսի 1-ին կամ այդ թուականին մօտ հինգշաբթի օրը, երբ Ս. Փրկիչ մատրան մէջ արարողութիւն կը կատարուի, շիրմին վրայ կատարելի հոգեհանգստեան պաշտօնով մը կարելի է ոգեկոչել ո՛չ միայն տոքթ. Դանիէլ Հանըմեանը, այլեւ բոլոր այն բժիշկները, որոնք զոհ եղած են իրենց պարտականութեան։