Համբիկ Սասունեան ազատ կ՚արձակուի

ԱՄՆ-ի դա­տական մար­միննե­րը յօ­ժարած են ազատ ար­ձա­կել 1982-ին ԱՄՆ-ի Լոս Ան­ճէլս քա­ղաքի Թուրքիոյ աւագ հիւ­պա­տոս Քէ­մալ Արը­քանը սպան­նե­լու պատ­ճա­ռաւ ցկեանս բան­տարկու­թեան դա­տապար­տո­ւած Համ­բիկ Սա­սու­նեանը։ Իրա­ւարար մար­միննե­րը 37 տա­րուայ բան­տարկու­թե­նէ ետք որո­շեցին 27 Դեկ­տեմբե­րին ազատ ար­ձա­կել Համ­բիկ Սա­սու­նեանը։ Թուրքիոյ Արտ. Գործ Նա­խարա­րու­թիւնը մե­ղադ­րեց ազատ ար­ձակման որո­շու­մը։

Համ­բիկ Սա­սու­նեան ծնած էր 1963-ին Պէյ­րութ։ 28 Յու­նո­ւար 1982-ին սպա­նած էր Թուրքիոյ աւագ հիւ­պա­տոս Քէ­մալ Արը­քանը, երբ այս վեր­ջի­նիս ինքնա­շար­ժը կանգ առած էր կար­միր լոյ­սի պատ­ճա­ռաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ