ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ
uygargultekin@agos.com.tr
Հրանդ Տինքի սպանութեան թղթածրարը քննող դատարանը իր նախորդ նիստերուն որոշած էր ինը մեղադրեալներու թղթածրարը անջատել ընդհանուր հարցաքննութենէն, որպէսզի կանխէ անոնց խնդրին ժամանակավրէպ դառնալը։ Այս զարգացումէն ետք տեղի ունեցած դատական նիստին, դատակազմը վճռեց Էրհան Թունճէլի համար 99 տարի 6 ամիս բանտարկութիւն։ Թունճէլ իսկոյն ձերբակալուեցաւ դատարանի դահլիճին մէջ։
Ան վեց անգամ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուեցաւ 24 Հոկտեմբեր 2004-ին վեց քաղաքացիներու վիրաւորուելուն պատճառ դարձող Տրապիզոնի «Մեքտանըլտս» ճաշարանի պայթումի պատճառաւ։ Դատակազմը ապա նկատի ունենալով, որ դէպքը մնացած է նախափորձի սահմաններու մէջ պատիժը զիջեց 6 անգամ 13 տարի բանտարկութեամբ։ Իսկ նոյն մեղադրեալի Տինքի սպանութեան օժանդակելու մեղադրանքով ալ ճշդուեցաւ ցկեանս բանտարկութիւն։ Սակայն դատակազմը այս պատիժն ալ զիջեց 18 տարուայ։
Եասին Հայալի համար «Զինեալ կազմակերպութիւն հիմնելու եւ վարել»ու մեղադրանքով վճռուեցաւ 7 տարի 6 ամիս բանտարկութիւն։ Եասին Հայալ նախապէս ալ Հրանդ Տինքի ոճիրի հետեւանքով ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած էր։
Օկիւն Սամասթի համար դատարանը վճռեց 3 տարի 9 ամիս բանտարկութիւն։ Սակայն յանցագործութեան թուականին 18 տարեկանէ աւելի երիտասարդ ըլլալը նկատի առնելով պատիժը զեղչեց 2 տարի 6 ամիսով։ Սամասթի համար ալ նախապէս ճշդուած էր 22 տարի 8 ամիս բանտարկութիւն։
Նոյնպէս ամբաստանեալներ Զէյնել Ապիտին Եաւուզ՝ 12 տարի 6 ամիս, Ահմետ Իսքենտեր եւ Էրսին Եոլճու 1 տարի 10 ամիս եւ Թունճայ Ուզունտալ ալ 15 տարի ազատազրկման դատապարտուեցան։ Դատակազմը անպարտ հռչակեց ամբաստանեալներ Սալիհ Հաճըսալիհօղլու եւ Օսման Հայալը։
Երբ բանտարկութեան պատիժներ վճռուած ամբաստանեալները կը փորձէին իրենց անմեղութիւնը բացատրել, Տինքի ընտանիքի իրաւապաշտպան Հաքան Պաքըրճըօղլուն ալ յատկապէս ծանրանալով Էրհան Թունճէլիի օրինակին վրայ՝ պնդեց որ ան դէպքերու պարագլուխներէն է եւ ինք կազմակերպած է ոճիրը։ Հետեւաբար պէտք է դատարանն ալ այդ հիման վրայ վճիռ կայացնէր։
Նոյն ոճիրի այլ մեղադրեալներ, որոնց բոլորն ալ պետական պաշտօնեաներ են կը դատուին առանձնապէս։