ԷՏՎԻՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Ամերիկան ռազմապազայի վրայ իրաւունք պահանջող երեք ամերիկահայերու յարուցած դատական գործողութիւնը կը շարունակուի։ Ցեղասպանութենէ փրկուածներու ժառանգորդ երեք հայեր 2013 թուականին դատ բացած էին Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատան դէմ յայտնելով, թէ Ինճիրլիքի ռազմապազային գտնուած տարածքն ալ զբաղեցնող 500 արտավարնոց հողատարածքը կը պատկանի իրենց նախնիներուն։ 2013-ին դատը ընդունող տեղական դատարանը ապա նշած էր, թէ դատական այս նիւթը կը վերաբերի ո՛չ թէ տեղական դատարաններուն, այլ ընտրուած մասնագէտներուն, քանի որ ան ունի քաղաքական բնոյթ։
Համարեա երեք տարի անց յստակ վճիռի մը չհանգող այս դատավարութեան ընթացքին 17 Դեկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ ուշագրաւ զարգացումներ։ ԱՄՆ-ի 9-րդ շրջանի Ուղղիչ դատարանը, որուն լիազօրութեան սահմանը մօտաւորապէս կը հասնի Միացեալ Նահանգներու ամբողջ արեւմտեան հատուածին քննեց այս կարեւոր խնդիրը։ 2016-ի դատական նիստին պաշտօն ստանձնած երեք դատաւորներէն Քոզինսքի սեռային բռնաբարումներուն մեղադրանքին դիմած ստիպուած եղած էր պաշտօնէն հրաժարելու։ Երկրորդ դատաւոր Ռայն Հարտ մահացած էր եւ Ուարտ լաւ մնացած էր առանձին։ Այս պայմաններու տակ հարկ եղաւ նոր դատակազմ մը ձեւաւորել եւ այսպէս եռեակը ամբողջացաւ Հուրուից եւ Պերզոնի մասնակցութեամբ։
Այստեղ կ՚արժէ յետադարձ ակնարկով մը վերյիշել գործընթացի զարգացումը։ Ժառանգորդները նախապէս իրենց ընտանիքին պատկանող եւ ապա նախ Զիրաաթ դրամատան կողմէ ձեռք դրուած ապա 1923-ին հիմնադրութենէն ետք այդ կալուածներուն փոխանցուած Կեդրոնական դրամատունը պարտաւոր համարեցին եւ պահանջեցին, որ հատուցեն իրենց վնասը։ Մինչ այդ Թուրքիոյ հանրապետութիւնն ալ մեղադրուած էր եւ այս վերջինս որովհետեւ առաջադրուած մեղադրանքին դէմ պաշտօնական պատասխան մը չէր փոխանցած, ի սկզբանէ մեղաւոր համարուած էր։ Միւս կողմէ դրամատուները ներկայացուցին իրենց պաշտպանութիւնը։
Ամենեւին այս դատական գործողութիւնը յայտնի է, որ տակաւին երկար ժամանակ գլխացաւ մը պիտի դառնայ Թուրքիոյ հաշւոյն, քանի որ դատական բոլոր նիստերը անխուսափելի կերպով օրակարգի կը բերեն միջազգային արդարադատութեան խնդիրները եւ օրինակներ կը քաղեն Ա. Աշխարհամարտէն ետք տեղի ունեցած դատական գործողութիւններէն եւ նոյնիսկ մինչեւ Նիւրնպերկեան դատավարութիւններէն։