Թուրքիոյ պատժական օրէնքի տխրահռչակ 301-րդ յօդուածը անգամ մը եւս գործադրութեան կը դրուի, այս անգամ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի դէմ։ Վերջերս Տիյարպէքիրի դատախազութիւնը հարցաքննութիւն բացած է Կարօ Փայլանի դէմ, այս վերջինին մամուլին տուած յայտարարութիւններու միջոցաւ կառավարութիւնը անարգած ըլլալու պատճառաբանութեամբ։ 301-րդ յօդուածով հարցաքննութիւն կատարելու համար պայման է Արդարադատութեան նախարարի թոյլտուութիւնը։ Արդարեւ Տիյարպէքիրի դատախազը այս մասին դիմում կատարած է նախարարութեան մօտ եւ նախարարութիւնն ալ իր կարգին արտօնած է դատ բանալ։
Այժմ դատախազը կը պատրաստուի Փայլանի անձեռնմխելիութիւնը վերացնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն դատել։ Այս մասին Կարօ Փայլան գայթակղութիւն որակեց կատարուածը, քանի որ իրեն դէմ յարուցուած բոլոր մեղադրանքները սահմանուած է ճիշդ ալ պատգամաւորի մը պարտականութիւններով։ «Ամենաբնական երեւոյթն է պատգամաւորի մը իր ընտրատարածքի մէջ քաղաքացիներու հետ հանդիպումը, անոնց խնդիրները լսելը եւ ապա այդ մասին ելոյթ ունենալը։ Այստեղ 301-րդ յօդուածը կը շահագործուի ընդդիմադիրները լռեցնելու նպատակով։ Բան մը, որ անընդունելի է քաղաքականութեան մէջ»։