Հակազդեցութիւն Էսաեան-Կեդրոնական միացումին դէմ

Սուրբ Փրկիչ հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ատե­նապետ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու Համ­բարձման աւան­դա­կան ճաշ­կե­րոյ­թի ըն­թացքին ան­գամ մը եւս կրկնեց քա­ղաքիս հայ վար­ժա­րան­նե­րու միաց­ման մա­սին իր եր­բեմնի առա­ջար­կը։ Այսպէս ան խոր­հուրդ կու տայ Կեդ­րո­նական եւ Էսաեան վար­ժա­րան­նե­րու միացու­մը, նաեւ Էսաեանի նա­խակրթա­րանի բաժնի եւ Ֆե­րիգիւ­ղի Մէ­րամէթ­ճեան վար­ժա­րան­նե­րու միանա­լը։ Շի­րինօղ­լու իր այս պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւնը կը հիմ­նա­ւորէ դպրոց­նե­րու տնտե­սական դժո­ւարու­թիւննե­րուն իբ­րեւ լու­ծում։ Ան այս մի­ջոցին կը նշէ թէ այս մէ­կը իր ան­հա­տական գա­ղափարն է։ «Ես ՎԱ­ՏԻՓ-ի ժո­ղով­նե­րու ըն­թացքին երեք տա­րիէ ի վեր կոչ կ՚ընեմ ճգնա­ժամի դէմ մի­ջոց­ներ գտնե­լու հա­մար։ Կ՚ըսեն թէ –Հի­ւան­դա­նոցը շատ դրամ ու­նի թող տայ-։ Կը նե­րէք, բայց Հի­ւան­դա­նոցը ի զուր տեղ դրամ չի կրնար տալ։ Թող երեք-չորս վար­ժա­րան միանան, տա­սը մի­լիոնի շուրջ խնա­յողու­թիւն ընեն, ապա հի­ւան­դա­նոցը ան­շուշտ որ կ՚օգ­նէ։ Բայց ներ­կայ ան­պա­տաս­խա­նատու ըն­թացքի մէջ ես ոչ մէկ բան կրնամ ընել։ Այս պա­հուն Ֆե­րիգիւ­ղը 150 աշա­կերտ ու­նի, իսկ հսկայ Էսաեանը 188։ Իմ առա­ջարկս Էսաեանի նա­խակրթա­րանի բա­ժինը թող միանայ Ֆե­րիգիւ­ղին, իսկ երկրոր­դա­կան բա­ժինն ալ Կեդ­րո­նակա­նին։ Այսպէ­սով մենք կ՚ու­նե­նանք չորս մի­լիոնի խնա­յողու­թիւն մը»։

Շի­րինօղ­լո­ւի այս յայ­տա­րարու­թիւնը դժգո­հու­թեան եւ բո­ղոքի ալիք մը ստեղ­ծեց յատ­կա­պէս Կեդ­րո­նակա­նի շրջա­նաւարտնե­րու մի­ջեւ։ Անոնք առա­ջին հեր­թին հրա­տարա­կեցին «Ձեռ­քերնիդ քա­շեցէք Կեդ­րո­նական վար­ժա­րանէն» խո­րագ­րեալ յայ­տա­րարու­թիւն մը։ Ապա որո­շեցին 21 Մա­յիս եր­կուշաբ­թի երե­կոյեան Կեդ­րո­նական սա­նուց միու­թեան մէջ խորհրդակ­ցա­կան ժո­ղով մը գու­մա­րել։

«Աւե­լի լաւ ուսման հա­մար»

Ֆե­րիգիւ­ղի Սուրբ Վար­դա­նանց եկե­ղեց­ւոյ թա­ղական խոր­հուրդի ատե­նապետ Մա­նուկ Էօղե­րի հա­մաձայն Շի­րինօղ­լո­ւի խօս­քե­րը եւ միտ­քը իրա­րու չեն հա­մապա­տաս­խա­նած։ «Ես կը կար­ծեմ, թէ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լո­ւի խօս­քե­րը խե­ղաթիւ­րո­ւած են։ Անոր հո­գը դպրոց­նե­րուն որա­կին բարձրա­նալն է։ Երե­սուն տա­րիէ ի վեր այս դպրոց­նե­րուն գո­յատեւ­ման հա­մար հսկայ գու­մարներ նո­ւիրած անձ մը ին­չո՞ւ հա­մար դպրոց­նե­րը փա­կելու մա­սին խօ­սի։ Իր առա­ջար­կը ո՛չ թէ շէն­քե­րը լքե­լու, այլ ուսման ծրագ­րին բարձրա­նալու մա­սին է»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ