Լուսածագը սպասողներուն երթը դէպի «Էրկիր»

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Անուանի երգահան Զիւլֆիւ Լի­վանե­լի իր խո­րիմաստ եր­գե­րէն մէ­կուն մէջ կը յի­շէր «Ծնած տե­ղը մա­հացող­ներ»ը։ Ան պատ­կե­րալից նկա­րագ­րումով մը ան­ցորդնե­րու տե­սան­կիւնէն կը դի­տէր բո­լոր այն մար­­դիկh, որոնք ի տար­­բե­­­րու­­թիւն ճամ­­բորդող­­նե­­­րու, միշտ հոն կը մնան։ Ճամ­­բորդը հան­­րա­­­շար­­ժի լու­­սա­­­մու­­տէն կը դի­­տէ զի­­րենք, որոնք քիչ յե­­տոյ առյա­­ւէտ դուրս պի­­տի գան իր հե­­տաքրքրու­­թեան դաշ­­տէն, բայց պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կեն հոն մնալ։ Հոն պի­­տի մնան, շատ ան­­գամ ճամ­­բեզրի սրճա­­րանի մը փայ­­տեայ աթոռ­­նե­­­րուն վրայ։ Օրուան մէջ իրենց գիւ­­ղի մի­­ջով անցնող, նոյ­­նիսկ եր­­բեմն կար­­ճա­­­տեւ դա­­դարի մը հա­­մար կանգ առ­­նող -յա­­ջորդ, յա­­ջորդ եւ ան­­վերջա­­նալիօրէն յա­­ջորդ հան­­րա­­­շարժնե­­րը, անոնց ճամ­­բորդնե­­րը պի­­տի դի­­տեն նոյն ան­­փութու­­թեամբ։

Կար­­ծես մար­­դու տե­­սակի եր­­կու հա­­կասա­­կան տի­­պար­­ներ ըլ­­լան տեղ հաս­­նե­­­լու հա­­մար յա­­ճախ ժա­­մացոյ­­ցի սլա­­քին հե­­տեւող­­նե­­­րը եւ օրը՝ հետզհե­­տէ կեան­­քը աւար­­տին բե­­րելու հա­­մար միապա­­ղաղ կեր­­պով արե­­գակի մայ­­րա­­­մու­­տը սպա­­սող­­նե­­­րը։

Յատ­­կա­­­պէս վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն, թէ՛ պայ­­մաննե­­րու եւ թէ՛ նա­­խասի­­րու­­թիւննե­­րու բեր­­մամբ մենք մաս կազ­­մե­­­ցինք ժա­­մանա­­կի արագ վազ­­քին հե­­տեւող առա­­ջին խմբա­­կին։ Օր եղաւ եր­­կա­­­թեայ թռչու­­նի թե­­ւերով հա­­տեցինք բազ­­մա­­­հազար մղոն­­նե­­­րու հե­­ռաւո­­րու­­թիւններ, օր եղաւ գե­­րար­­դիաշունչ հան­­րա­­­շար­­ժի մը հանգստա­­ւէտ նստա­­րան­­նե­­­րուն վրայ մրա­­փեցինք շար­­ժա­­­կի խլրտիւ­­նը օրօ­­րի վե­­րածե­­լով։

Սա­­կայն այդ նոյն վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն կա­­տարած մեր բո­­լոր ճամ­­բորդու­­թիւննե­­րը մեզ կը տա­­նին դէ­­պի ան­­ցեալ։ Ճա­­նապար­­հորդու­­թեան նպա­­տակը որո­­շիչ չէ այս ար­­դիւնքին մէջ։ Ըն­­կերնե­­րով ճամ­­բայ ելած ենք դէ­­պի նախ­­կին յու­­նաբնակ Իմ­­րոզ կղզի եր­­թա­­­լու, բայց տես­­նե­­­լով յու­­նաց եր­­բեմնի շէն, իսկ այ­­սօ­­­րուայ աւե­­րակ գիւ­­ղե­­­րը, փլա­­տակ դար­­ձած տու­­նե­­­րը, մատ­­նուած ենք տա­­ռապանքնե­­րու։

Պատ­­ճառնե­­րը որ­­քան ալ տար­­բեր ըլ­­լան, իւ­­րա­­­քան­­չիւր ճամ­­բորդու­­թիւն նոր հան­­դի­­­պումնե­­րու, նոր ծա­­նօթու­­թիւննե­­րու, բա­­րեկա­­մու­­թիւննե­­րու կող­­քին կը բե­­րէ նոր թա­­խիծ­­ներ, նոր հիաս­­թա­­­փու­­թիւններ, յու­­սալքու­­թիւններ։

Այս ան­­գամ այդ բո­­լորը միաս­­նա­­­բար ու լի ու լի կ՚ապ­­րինք՝ քա­­նի որ մեր կողմնա­­ցոյ­­ցի սլա­­քը կանգ առած է Արեւմտեան Հա­­յաս­­տա­­­նի վրայ։

Գի­­տեմ թէ «Արեւմտեան Հա­­յաս­­տան» անուանու­­մը ինչ տե­­սակ պաղ ցնցու­­ղի ազ­­դե­­­ցու­­թիւն կ՚ու­­նե­­­նայ մեր ապ­­րած երկրին մէջ։ Այստեղ պե­­տական միտ­­քը հան­­դուրժո­­ղու­­թիւն չու­­նի բա­­ները իրենց հա­­րազատ անու­­նով լսե­­լու։ Պե­­տական միտ­­քը իր քա­­ղաքա­­կան հա­­շիւ­­նե­­­րով ան­­պա­­­տաս­­խա­­­նատու կեր­­պով իրա­­ւունք ու­­նի տե­­ղանուննե­­րը խե­­ղաթիւ­­րե­­­լու, օրի­­նակի հա­­մար «Հա­­յաս­­տան»ի փո­­խարէն «Արե­­ւելեան Անա­­տոլիայի Շրջան» կամ Քիւրտիս­­տանի, Իրա­­քեան Քիւրտիս­­տա­­­նի Ինքնա­­վար Մարզի փո­­խարէն «Հա­­րաւ արե­­ւելեան Անա­­տոլիայի շրջան», «Հի­­ւսիսա­­յին Իրա­­քի Շրջա­­նային Վար­­չութիւն» ըսե­­լու։ Անին դիւ­­րաւ կը վե­­րածուի «Անը»ի կամ «Աղ­­թա­­­մար»ը «Աք­­տա­­­մար»ի։ Այս ան­­խիղճ փո­­փոխու­­թիւննե­­րը կա­­տարող մտայ­­նութիւ­­նը իր ըրած սխա­­լը չ՚ըն­­դունիր, կա­­տարուած քննա­­դատու­­թիւննե­­րուն կ՚առար­­կէ «Չհասկցայ, երկրի մը մշա­­կոյ­­թի նա­­խարա­­րը տե­­ղանուն մը փո­­խելո՞ւ ալ իրա­­ւունք չու­­նի» ըսե­­լով։

Իսկ մենք Արեւմտեան Հա­­յաս­­տան կամ Կի­­լիկիա ըսե­­լով պատ­­մա­­­կան ճշմար­­տութիւն մըն է որ կ՚ար­­տա­­­յայ­­տենք։ Թուրքիոյ պե­­տական միտ­­քը չէ հաշտուած այն իրո­­ղու­­թեան թէ ֆի­­զիկա­­կան կամ քա­­ղաքա­­կան քար­­տէսնե­­րու կող­­քին կայ նաեւ «պատ­­մութեան քար­­տէս» սահ­­մա­­­նու­­մը։ Ան­­հանդուրժո­­ղու­­թիւնը հա­­սաւ այն սահ­­մա­­­նին, ուր1980-ական տա­­րինե­­րու զի­­նուո­­րական կա­­ռավա­­րու­­թեան օրե­­րուն օտար տպագ­­րութիւն պատ­­մութեան քար­­տէսնե­­րը կամ հան­­րա­­­գիտա­­րան­­նե­­­րը ար­­գի­­­լուե­­ցան պար­­զա­­­պէս այդ անըն­­դունե­­լի «Հա­­յաս­­տան» եւ «Քիւրտիս­­տան» անուննե­­րը իրենց էջե­­րուն վրայ նշած ըլ­­լա­­­լնուն պատ­­ճա­­­ռաւ։

Պա­­հու թե­­լադ­­րած խոր­­հուրդնե­­րը բո­­լորո­­վին տար­­բեր են սա­­կայն։ Երբ հա­­յը ոտք կը դնէ Հա­­յաս­­տա­­­նի հո­­ղին, որ նաեւ կա­­րելի է կո­­չել «տուն», «պա­­պենա­­կան էր­­կիր», «սե­­փական հող», «կո­­րու­­սեալ հայ­­րե­­­նիք» եւ դեռ բա­­զում եզ­­րե­­­րով՝ այդ հո­­ղը կը թե­­լադ­­րէ իր խոր­­հուրդնե­­րը։

Այս ան­­գամ շատ իւ­­րա­­­յատուկ խումբի մը ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ կը շրջինք էր­­կի­­­րը։ Մի­­ջին տա­­րիքի այ­­րե­­­րէ ու կի­­ներէ բաղ­­կա­­­ցող խումբ մըն է այս։ Մեծ մա­­սով մոս­­կուաբ­­նակ հա­­յեր են որոնց մէջ կայ նաեւ եր­­կու ռու­­ս։ Խումբի ղե­­կավա­­րը լեռ­­նագնաց մըն է որ բա­­զում ան­­գամներ մագլցած է Արա­­րատի գա­­գաթը։ Այդ ար­­շաւնե­­րու մի­­ջոցաւ ու­­նե­­­ցած է բազ­­մա­­­թիւ ծա­­նօթ­­ներ այս շրջա­­կայ­­քի քա­ղաք­­նե­­­րուն մէջ։

22 Սեպ­­տեմբե­­րին խումբին Իս­­թանպու­­լի օդա­­կայան ժամանումով սկսաւ մի շա­­բաթա­­նի շրջա­­գայու­­թիւնը։ Իս­­թանպուլ-Վան չուեր­­թով հա­­սանք Վաս­­պուրա­­կան։ Հայ­­րե­­­նի հո­­ղին ոտք դրած պա­­հուն մեր բա­­րեկամ­­նե­­­րու հո­­գեբա­­նու­­թիւնը մատ­­նուեցաւ խիստ հայ­­կա­­­կան յու­­զումնե­­րու։ Իրենց հա­­մար դժուար զա­­նազա­­նելի եզ­­րեր են պե­­տու­­թիւնը, ազ­­գութիւ­­նը, ժո­­ղովուրդը, մե­­ծամաս­­նութեան մէջ փոք­­րա­­­մաս­­նութիւն ըլ­­լա­­­լը։ «Եթէ քա­­ղաքի բնակ­­չութիւ­­նը ամ­­բողջո­­վին քիւրտե­­րէ կը բաղ­­կա­­­նայ, հա­­պա ին­­չո՞ւ ամէն տեղ թրքա­­կան դրօ­­շակ կը ծա­­ծանի», կը հարցնէին։ Չէին կրնար ըմբռնել թէ քիւրտ երա­­խանե­­րու յա­­ճախած դպրո­­ցին մէջ ին­­չո՞ւ քրտե­­րէն չեն ու­­սուցա­­ներ։ Իս­­կա­­­պէս ալ հա­­կառակ իրենց պար­­զութեան, դժուար պա­­տաս­­խա­­­նելի հար­­ցումներ են այս բո­­լորը։ Կայ աւե­­լի բարդ խնդիր­­ներ եւս։ Մե­­րօրեայ հա­­յը միամ­­տա­­­բար կը կար­­ծէ թէ Վա­­նը մերն էր եւ ձեռ­­քերնէս խլե­­ցին։ Մինչ մենք մեր բնա­­կած քա­­ղաք­­նե­­­րու իշ­­խա­­­նու­­թիւնը ոչ թէ հա­­րիւր տա­­րի, այլ դա­­րեր առաջ կորսնցու­­ցած ենք։ Ճիշդ է, իբ­­րեւ հայ կ՚ապ­­րէինք Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ, բայց մեր այդ Հա­­յաս­­տա­­­նը ին­­կած էր նախ հռո­­մէացի­­ներու, ապա սել­­չուկեան եւ օս­­մա­­­նեան թուրքե­­րու լու­­ծին տակ։ Սա­­կայն այս բո­­լորը ան­­շուշտ որ չեն ար­­դա­­­րաց­­ներ հայ ժո­­ղովուրդի մատ­­նուած հայ­­րե­­­նազրկու­­թիւնը։ Ու­­րեմն հան­­դիպման պա­­հէն սկսե­­լով յա­­ճախ մեր նոր բա­­րեկամ­­նե­­­րուն հետ զրու­­ցե­­­ցինք այս ու նման թե­­մանե­­րով։

Բայց ինչ թե­­մա, ինչ զրոյց, երբ Կե­­ւաշի նա­­ւամա­­տոյ­­ցէն մեկ­­նող նա­­ւը կը մօ­­տենայ Աղ­­թա­­­մարի կղզին եւ կը յստա­­կանայ Սուրբ Խաչ եկե­­ղեց­­ւոյ կեր­­պա­­­րը։ Բո­­լորս մատ­­նուած ենք մեր ներքնաշ­­խարհի խո­­հերուն։ Կը յի­­շեմ ըն­­կե­­­րոջս՝ Սե­­զարին փո­­խան­­ցած զգա­­ցու­­մը։ Կար­­ծես եկե­­ղեցին ին­­ծի հետ կը խօ­­սէր –Հոս եմ, քու գա­­լուստդ կը սպա­­սեմ, ին­­չո՞ւ հա­­մար այսքան ու­­շա­­­ցար- կը հարցնէր եկե­­ղեցին», կը պատ­­մէր Սե­­զար։ Իր ալ հիմ­­նա­­­դիր­­նե­­­րէն եղած «Քնար» երաժշտա­­կան խումբի Տի­­յար­պէ­քիրի հա­մեր­գէն ետք այ­ցե­լած էին Աղ­թա­մար։ Այ­սօր այդ սի­րելի խումբը գո­յու­թիւն չու­նի եւ իր կազ­մէն եր­կու սի­րելի դէմ­քեր ալ վե­րածուեցան քաղցր յի­շատա­կի։

Այս ան­գամ մենք ենք որ կ՚ապ­րինք սի­րելի Սե­զարի զգա­ցումնե­րը։ Բայց գո­հու­նա­կու­թիւն մըն ալ կ՚ապ­րինք նոյն պա­հուն։ Հոգ չէ թէ ու­շա­ցած, բայց եկած ենք վեր­ջա­պէս։ Իսկ տեղ­ւոյն վրայ մեր հան­դի­պած տե­ղացի­ները, նա­ւավա­րը օրի­նակ, կամ պա­հակը, կղզիի սրճա­րանի մա­տու­ցողնե­րը, բո­լորն ալ ընդվզում կը յայտնեն Սուրբ Խա­չի տա­ղաւա­րին հո­գեւո­րակա­նի մը բա­ցակա­յու­թեան հա­մար։ «Այդ օր ահա­գին ժո­ղովուրդ եկած էր, յու­սա­լով թէ պա­տարագ պի­տի մա­տու­ցուի, բայց պատ­րիար­քա­րանը քա­հանայ մը իսկ չէր ու­ղարկած», կ՚ըսէին։ Այդ բաց­թո­ղու­մը ես շա­տերուն հետ կրնամ խօ­սիլ բայց ոչ այ­լազգի սրտցաւ այս պա­հակին, նա­ւավա­րին կամ սրճա­րանի մա­տու­ցո­ղին հետ։

Աղ­թա­մար կղզիի մեր ուխտը կա­տարե­ցինք Վա­նայ ծո­վու մէջ լո­ղալով։

Խճո­ղուած օրա­կար­գը կը պար­տադրէր շտա­պել։ Կե­ւաշի նա­ւամա­տոյ­ցին դի­մաց Իպ­րա­հիմի ճա­շարա­նը Վա­նայ լի­ճի տա­ռեխը համ­տե­սելով ուղղուեցանք դէ­պի Վա­րագա­վանք։ Բա­ւական մագլցե­ցանք Վա­րագայ սարն ի վեր եւ հա­սանք մե­զի հա­մար Աղ­թա­մարի հա­մազօր ար­ժէք ու­նե­ցող այս պատ­մա­կան եկե­ղեցին։ Եկե­ղեցա­կան աս­տի­ճանա­կար­գով Աղ­թա­մար եղած է կա­թողի­կոսա­կան կեդ­րոն։ Իսկ սա­րի վրայ այս եկե­ղեց­ւոյ մէջ ալ գոր­ծած է հայ ժո­ղովուրդի սի­րելի հայ­րի­կը՝ Մկրտիչ Վա­նեցին։ Ակա­մայ կը տա­րուինք խոր­հե­լու, մենք որ ար­դի եւ հանգստա­ւէտ ինքնա­շար­ժով այսքան դժուարա­ցանք վանք հաս­նե­լու, հա­պա ինք ինչպէ՞ս յա­ջողած էր տպա­րանի մը ահա­գին ծանր սար­քե­րը հոս փո­խադ­րել եւ հրա­տարա­կել «Ար­ծուի Վաս­պուրա­կանի» թեր­թը։ Վա­րագա­վան­քի խո­նար­հած եւ անմխի­թար վի­ճակը կը յու­զէ բո­լորը։ Առա­ջին հեր­թին եկե­ղեց­ւոյ գմբէ­թը շտապ մի­ջամ­տութեան կը կա­րօտի ապա­գային, մօտ ապա­գային գո­յանա­լիք ծանր վնաս­նե­րը կան­խե­լու հա­մար։ Բայց ինչպէ՞ս մի­ջամ­տել ու­րի­շին սե­փական տա­րած­քին վրայ գտնուող շի­նու­թեան։ Տա­րիներ առաջ այդ հո­ղատա­րած­քի, հե­տեւա­բար եկե­ղեց­ւոյ այ­սօ­րուայ տէ­րը՝ լրագ­րող Ֆա­թիհ Ալ­թայլը յայ­տա­րարած էր թէ ինք պատ­րաստ է այդ տա­րած­քը հայ ժո­ղովուրդին վե­րադարձնե­լու, բայց չէր գի­տեր թէ որո՞ւ պէտք է յանձնէ։ Սկսե­լով ան­պա­տաս­խան մնա­ցած այդ հար­ցումը յստա­կաց­նե­լէ, պատ­րիար­քա­րան, իրա­ւաբան­ներ, ճար­տա­րապետ­ներ, ճար­տա­րագէտ­ներ, պոլ­սա­հայ հա­մայնքի հաս­տա­տու­թիւններ, յատ­կա­պէս խնդիր­նե­րը տես­նե­լու եւ լու­ծումնե­րը ձե­ւաւո­րելու իր մեծ ու­նա­կու­թեամբ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկ եւ տա­կաւին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան կարգ մը կա­ռոյցներ պար­տա­կան ենք Խրի­մեան Հայ­րի­կի յու­շե­րով լե­ցուն Վա­րագա­վան­քին։

Յոգ­նութիւ­նը ար­գելք չէ որ այ­ցե­լենք Վան քա­ղաքի պատ­մա­կան բեր­դը, Երե­ւանի հիմ­նա­դիր Ու­րարտաց­ւոց Ար­գիշտի թա­գաւո­րի գե­րեզ­մա­նը, դի­տենք եր­բեմնի հա­յոց թա­ղի՝ Այ­գեստա­նի յա­տակա­գիծը։ Ինչպէս Աղ­թա­մարի վրայ, այստեղ եւս կը հան­դի­պինք սփիւռքա­հայ խումբե­րու, որոնց մէջ ու­րա­խու­թեամբ կը նկա­տենք ծա­նօթ դէմ­քեր մեր նա­խապէս Լի­բանան կամ Յու­նաստան կա­տարած այ­ցե­լու­թիւննե­րէն եկող բա­րեկամ­ներ։ Օրը կ՚աւար­տենք Մհե­րի դու­ռը տես­նե­լով։ Համ­բարձում չէ որ մին­չեւ լու­սա­բաց սպա­սենք այդ դրան դի­մաց, յու­սա­լով թէ պահ մը դու­ռը պի­տի բա­ցուի եւ մենք՝ այդ պա­հուն ակա­նատես եղող­ներս, պի­տի ար­ժա­նանանք մեր իղ­ձե­րու իրա­կանաց­ման։ Հե­տեւա­բար կը նա­խընտրենք վե­րադառ­նալ հիւ­րա­նոց, այս տո­ղերը մրո­տելու եւ յա­ջորդ օր դէ­պի Կարս մեկ­նե­լու հա­մար։

Յա­ջորդ հա­մարով կը կի­սենք Անիի աւե­րակ­նե­րուն դի­մաց մեր մատնուած յուզումները եւ աւելին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ