Պատրիարքի ընտրութեան նախնական թուականները ճշդուած

Ինչպէս ծա­նօթ է տե­ղապա­հի ընտրու­թե­նէն ետք հանգրուան առ հանգրուան կը գոր­ծէ պատ­րիար­քի ընտրու­թեան ըն­թաց­քը։ Կար­­գա­­­դիր Յանձնա­­խումբի բան­­բեր փաս­­տա­­­բան Սե­­պուհ Աս­­լանկի­­լի յայ­­տա­­­րարու­­թեամբ յայտնի կը դառ­­նայ թէ ար­­դէն ճշդուած է ընտրու­­թեան թուական մը։ Այսպէս 10 Դեկ­­տեմբեր 2017 Կի­­րակի օր պի­­տի կա­­յանայ պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րու ընտրու­­թիւնը։ Յա­­ջոր­­դող Չո­­րեք­­շաբթի 13 Դեկ­­տեմբե­­րին ալ պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րը պի­­տի ընտրեն պատ­­րիար­­քը։

Կար­­գա­­­դիր Յանձնա­­խումբի պատ­­րաստած աղեր­­սա­­­գիրը Տե­­ղապահ Սրբա­­զանի կող­­մէ վա­­ւերա­­ցուե­­լէ ետք յանձնուած է Իս­­թանպու­­լի Կու­­սա­­­կալու­­թեամբ։ Նա­­խորդ գոր­­ծադրու­­թիւննե­­րու հի­­ման վրայ կու­­սա­­­կալու­­թիւնն ալ իր կար­­գին աղեր­­սա­­­գիրը պի­­տի փո­­խան­­ցէ Ներ­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարա­­րու­­թեան։ Ընտրու­­թեան վերջնա­­կան թուակա­­նը հա­­զիւ նա­­խարա­­րու­­թեան որո­­շու­­մէն ետք է որ պի­­տի յստա­­կանայ։

Սե­­պուհ Աս­­լանկիլ կը յայտնէ թէ մինչ այդ կը շա­­րու­­նա­­­կուի ընտրող­­նե­­­րու անուանա­­ցան­­կե­­­րու պատ­­րաստու­­թիւնը։ «Թա­­ղական խոր­­հուրդնե­­րուն գրա­­ւոր կեր­­պով յայտնե­­ցինք իրենց տա­­րածաշրջա­­նի ընտրող­­նե­­­րու թի­­ւը յստա­­կեց­­նե­­­լու մա­­սին մեր պա­­հան­­ջարկը։ Կը կար­­ծենք թէ մին­­չեւ սոյն ամ­­սու աւար­­տին այդ ցան­­կե­­­րը պատ­­րաստուած պի­­տի ըլ­­լայ, որու հի­­ման վրայ մենք ալ պի­­տի կրնանք ճշդել իւ­­րա­­­քան­­չիւր թա­­ղի վի­­ճակող պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րու թի­­ւը։ Տա­­կաւին կ՚աշ­­խա­­­տինք նաեւ պատ­­րիար­­քութեան թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րու անուննե­­րը յստա­­կաց­­նե­­­լու։ Եթէ թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րու թի­­ւը հին­­գէն նուազ է ար­­դէն խնդիր չու­­նինք, բայց եթէ աւե­­լի մեծ թի­­ւով թեկ­­նա­­­ծու­­ներ ներ­­կա­­­յանան հո­­գեւո­­րական դա­­սը պի­­տի ստի­­պուի այդ անուննե­­րը հին­­գով սահ­­մա­­­նելու։ Հա­­զիւ այդ հանգրուանէն ետք է որ պատ­­գա­­­մաւո­­րու­­թեան հա­­մար թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րու դի­­մումնե­­րը պի­­տի ըն­­դունինք։ Ու­­շագրաւ է այն ման­­րա­­­մաս­­նութիւ­­նը որ պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րը պի­­տի չկա­­րենան հրա­­պարա­­կել թէ իրենք ո՞ր թեկ­­նա­­­ծուի ի նպաստ պի­­տի քուէար­­կեն։ Բա­­ւական խնդրա­­յարոյց կ՚երե­­ւի այս ման­րա­մաս­նութիւ­նը, քա­նի որ խնդի­րը ոչ թէ պատ­գա­մաւոր ընտրե­լու, այլ պատ­րիարք ընտրե­լու մա­սին է։ Հե­տեւա­բար ընտրող­նե­րու ամե­նաար­դար իրա­ւունքը պի­տի ըլ­լայ գիտ­նալ թէ որ պատ­գա­մաւո­րը, որու հաշ­ւոյն պի­տի աշ­խա­տի»։

Եր­կար ժա­մանա­կէ ի վեր բա­նավէ­ճի նիւթ դար­ձած երե­ւոյթ մըն է այս, որ կը կա­րօտի որոշ բա­րեփո­խու­թեան եւ սա­կայն այդ բա­րեփո­խու­թիւնը կա­րելի չէ իրա­կանաց­նել, ճիշդ ալ ընտրու­թեան սե­մին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ