Ո՞վ հաշուեց 99 տոկոսը

Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի Հո­գաբար­ձութեան Ատե­նապետ եւ հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու միացեալ հար­թա­կի նա­խագահ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու 18 Յու­նուար Չո­րեք­շաբթի օր Ան­գա­րայի Նա­խագա­հական պա­լատին մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Հան­րա­պետու­թեան նա­խագահ Ռէ­ճէփ Թայ­յիպ Էր­տո­ղանի հետ։ Թեր­թիս ըրած բա­ցատ­րութիւննե­րուն մէջ Շի­րինօղ­լու այս հան­դի­պու­մը նկա­րագ­րեց պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւննե­րուն չկա­տարուելու գոր­ծին մէջ ան­ձին ու­ղուած մե­ղադ­րանքնե­րը կան­խե­լու հա­մար։ Շի­րինօղ­լուի բա­ցատ­րութիւննե­րով նա­խագա­հը այս նիւ­թին անե­լի մատ­նուելու պա­տաս­խա­նատուու­թիւնը բեռ­ցուցած է հա­մայնքին։ «Ու­զե­ցինք որ ձեր կամ­քով կա­նոնա­գիր մը պատ­րաստուի, բայց դուք չէք կրցած հա­մաձայ­նութիւն մը գո­յաց­նել», ըսած է նա­խագա­հը։ Միւս կող­մէ հա­մայնքա­յին իրա­ւաբան­ներ յա­ճախ կը կրկնեն նոյն պնդու­մը ըստ որու ընտրու­թեան հա­մար բա­ւարար է միայն կամք պար­զել եւ թուական ճշդել։ Այս մա­սին հա­մայնքի փաս­տա­բան­նե­րը քա­նիցս յայ­տա­րարու­թիւննե­րով հան­դէս եկած էին մեր թեր­թին մի­ջոցաւ։ Հան­դիպման ըն­թացքին օրա­կար­գի եկած է նաեւ նա­խորդ շա­բաթ խորհրդա­րանի մէջ Կա­րօ Փայ­լա­նի ուղղեալ անար­գանքը։ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու այս նիւ­թը օրա­կար­գի բե­րելով յայտնած է թէ պա­տահա­ծը խիստ ան­հանգստու­թիւն պատ­ճա­ռած է հայ ժո­ղովուրդի 99 տո­կոսին։ Ան­շուշտ բա­ւական վի­ճելի պնդում մըն է այս քա­նի որ թրքա­հայ հա­սարա­կու­թեան մէջ բնաւ քիչ չեն Փայ­լա­նի խօս­քե­րուն ձայ­նակցող­նե­րը։

Թրքա­հայ իրո­ղու­թեան մէջ խիստ հա­կասա­կան երե­ւոյթներ են պե­տական հա­լածան­քէ խու­սա­փելով ազ­գա­յին ար­ժա­նապա­տուու­թիւն հա­մարուած նիւ­թե­րը խօ­սելէ խու­սա­փող­նե­րուն եւ ընդհա­կառա­կը պա­հան­ջա­տիրա­կան ար­դար ընդվզու­մով ազ­գա­յին իրա­ւունք պաշ­տա­պանող­նե­րուն առ­կա­յու­թիւնը։ Այս դրուած­քին մէջ ան­շուշտ որ բո­լորո­վին ան­հիմն է Պա­րոն Շի­րինօղ­լուի ներ­կա­յացու­ցած 99 տո­կոսի վար­կա­ծը։ Ար­դա­րեւ «մտքի հար­թակ» շար­ժումի ան­դամնե­րէն իրա­ւաբան Սե­պուհ Աս­լանկիլ ալ կը հաս­տա­տէ այս հա­մոզու­մը եւ կ՚ըսէ թէ այս նիւ­թը հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հին փո­խան­ցե­լիք նիւթ մը չէր։ «Ընտրու­թեան գոր­ծընթա­ցը ինքնին ան­կախ դրու­թիւն մըն է որուն հա­մար ան­տե­ղի է հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հին դի­մել։ Պէտք է նախ աղեր­սա­գիր մը յանձնուէր կու­սա­կալու­թեան եւ ապա ըն­թացքը արա­գաց­նե­լու հա­մար միջ­նորդու­թիւն պա­հան­ջել։ Հի­մա որ տա­կաւին դի­մում մը չէ ներ­կա­յացուած, բո­լորո­վին ան­տե­ղի է հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հի հետ այս նիւ­թին քննար­կումը։ Վեր­ջա­պէս այժմ ստա­ցուած պա­տաս­խանն ալ բա­ւական մտա­հոգիչ է։ Ի՞նչ տե­սակ կապ մը ու­նին Թուրքիոյ հա­յոց պատ­րիար­քի ընտրու­թիւնը եւ սահ­մա­նադ­րութեան հա­մար կա­յանա­լիք հան­րա­քուէն։ Յան­կարծ եթէ ժխտա­կան ըլ­լայ այս ի՞նչ տե­սակ իմաստներ պի­տի ու­նե­նայ պատ­րիար­քի ընտրու­թեան խնդրին մէջ։ Ներ­կայ վի­ճակով մին­չեւ հան­րա­քուէի աւար­տը որե­ւէ դի­մում կա­տարել կա­րելի պի­տի չըլ­լայ։ Այս ալ կը նշա­նակէ թէ ընտրու­թիւնը մնա­ցած է մի ու­րիշ գար­նան», ըսաւ Սե­պուհ Ասլանկիլ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ