Պատերազմէն վերջ՝ խաղաղութեան վնասները

ՎԻԳԷՆ ԱՇԳԱՐԵԱՆ

vickenaskarian@gmail.com

Յետ-պատերազմեան ժամանակաշրջանին, Լիբա­նանի մայ­րա­քաղաք Պէյ­րութի կեդ­րո­նական մա­սը աւե­լի մեծ քան­դումնե­րու են­թարկուեցաւ քան 15-ամեայ պա­տերազ­մի ըն­թացքին։ Պա­տերազ­մի աւար­տէն հա­զիւ թէ 2 տա­րի անց, բո­լորո­վին նոր քա­ղաքի մը վե­րածուեցաւ ան, բո­լորին հա­մար ալ ան­ճա­նաչե­լի դառնալով։ Ան­ճա­նաչե­լի՝ նախ որով­հե­տեւ անոր նա­խապա­տերազ­մեան ժա­մանա­կաշրջա­նը ապ­րած ժո­ղովուրդը ան­կէ դուրս քշուեցաւ։ Հոն գործ ու­նէին միայն քան­դիչ սար­քե­րը, որոնց նպա­տակն էր օրն ի բուն աշ­խա­տիլ, տա­կաւին կան­գուն մնա­ցած կա­ռոյցնե­րը փլել եւ անոնց տեղ ծրագ­րուած «գե­ղեցիկ» երկնա­քեր­նե­րուն տեղ բա­նալ։ Ի վեր­ջոյ՝ Պէյ­րութը պէտք է գտնէր, ըստ ծրագ­րա­ւորող մարմնին, իր նա­խապա­տերազ­մեան համ­բա­ւը, որ­պէս Մի­ջին Արե­ւել­քի առեւտրա­յին եւ ելեւմտա­յին գե­րար­դիական կեդ­րոն։ Ան­ճա­նաչե­լի նաեւ՝ որով­հե­տեւ եր­բեմնի արա­բական դի­մագի­ծը պա­հած, բայց միեւ­նոյն ատեն եւ­րո­պակա­նացած ար­դիակա­նաց­ման ձգտող քա­ղաքը վճռած է ան­ջա­տուիլ թէ իր ժա­մանա­կէն, թէ իր մի­ջավայ­րէն։ Ան­ճա­նաչե­լի՝ որով­հե­տեւ անոր իս­կա­կան տէ­րերը ան­յայտ են այ­սօր. թէեւ աւե­լի ճիշդ պի­տի ըլ­լար ըսել, թէ անոր իրա­ւական տէ­րերը կո­չուած են ըլ­լալ հա­մաշ­խարհա­յին շու­կա­ներու վրայ բաժ­նե­տոմ­սեր բռնած եւ նէօլի­պերալ վար­չա­ձեւին փա­րած անա­նուն դրա­մատէ­րեր, որոնք ամ­բողջ տա­րած­քը սե­փակա­նաշ­նորհե­ցին ստեղ­ծե­լով բաժ­նե­տիրա­կան ըն­կե­րու­թիւն մը՝ SOLIDERE-ը։ Ան­ճա­նաչե­լի նո­րէն՝ որով­հե­տեւ աւե­լի քան 15 տա­րի ան­ցած ըլ­լա­լով պա­տերազ­մի աւար­տէն, կեդ­րո­նական Պէյ­րութի շի­նու­թեան հո­լովոյ­թը տա­կաւին չէ աւար­տած եւ մին­չեւ այ­սօր տա­կաւին Պէյ­րութի այ­ցե­լու­նե­րը կը զգան այն պա­րապու­թիւնը որ ստեղ­ծուած է հոն։ Ան­շուշտ քա­ղաքս ան­ճա­նաչե­լի դար­ձուցած եղ­ծանման երես­նե­րը բազ­մա­թիւ են, եւ յօ­դուա­ծին նպա­տակը այս սեղմ տո­ղերուն մէջ զա­նոնք ամ­փո­փել չէ։ Այս արագ նե­րածա­կան նկա­րագ­րութիւ­նը կը մի­տէր պար­զա­պէս ցոյց տալ թէ պա­տերազ­մի բո­վով ան­ցած Պէյ­րութը եւ անոր կեդ­րո­նական թա­ղամա­սերը ի վեր­ջոյ զոհ գա­ցին դրա­մատի­րական կար­գե­րու նէօլի­պերալ տար­բե­րակին ջա­տագով դար­ձած քա­ղաքա­կան վեր­նա­խաւին։

2015-ի աշ­նան բուռն կռիւ­ներ ծայր առին Թուրքիոյ հա­րաւ-արե­ւելեան զա­նազան շրջան­նե­րու մէջ, ուր հա­մեմա­տաբար խա­ղաղ իրա­վիճակ կը տի­րէր որոշ ժա­մանա­կէ մը ի վեր։ Ասոնց կար­գին էր Տի­յար­պէ­քիրը, կամ մեր (չ)գիտ­ցած Տիգ­րա­նակեր­տը, իր պատ­մա­կան կեդ­րո­նով՝ Սուր միջ­նա­բերդ քա­ղաքով։ Բա­ցար­ձակ մե­ծամաս­նութեամբ քրտաբ­նակ Սուր քա­ղաքը, որ իր աւե­լի քան 5 քի­լօմեթր եր­կա­րու­թիւն ու­նե­ցող հա­զարա­մեայ պա­րիսպնե­րով եւ Հէվ­սէ­լի պար­տէզնե­րով ու­ղիղ մէկ տա­րի առաջ՝ Յու­լիս 2015-ին յա­ջողած էր UNESCO-ի Հա­մաշ­խարհա­յին Ժա­ռան­գութեան Ցու­ցա­կին վրայ տեղ գրա­ւել, կը նկա­տուի «Թրքա­կան Քիւրտիս­դա­նի» մայ­րա­քաղա­քը։ Ասով հան­դերձ, ան բազ­մամշա­կու­թա­յին եւ բազ­մակրօն իւ­րա­յատուկ մի­ջավայր մը կը ներ­կա­յաց­նէ Թուրքիոյ մէջ, ուր կեան­քի կո­չուած էին բազ­մա­թիւ պատ­մամշա­կու­թա­յին կո­թող­ներ, որոնց շար­քին նաեւ հայ առա­քելա­կան Սուրբ Կի­րակոս եւ հայ կա­թողի­կէ եկե­ղեցի­ները։

Քա­ղաքի խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րուն կող­քին ապ­րող եւ անոնց ինքնա­պաշտպա­նու­թիւնը ստանցնած խմբա­ւորումնե­րը «ճզմե­լու» պատ­րուակով Թուրք բա­նակը կ՚օգ­տա­գոր­ծէր ծանր հրե­տանի, անխնայ հա­րուա­ծելով հա­զարա­մեայ քա­ղաքի զա­նազան մա­սերը, ահա­գին վնաս հասցնե­լով պատ­մամշա­կու­թա­յին ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող տար­բեր կո­թող­նե­րուն, ան­շուշտ մարդկա­յին կո­րուստնե­րուն կող­քին (որոնց թի­ւը կը տա­րու­բե­րի 250-էն 270 քա­ղաքա­ցի ըստ տար­բեր աղ­բիւրնե­րու)։ Վնա­սուած կա­ռոյցնե­րու շար­քին են հայ կա­թողի­կէ եկե­ղեցին, Քուրշունլու եւ Շէյխ Մու­հաթթար մզկիթ­նե­րը, Եէնի Գա­փույի մօտ պատ­մա­կան շու­կա­յէն մեծ մաս մը, ինչպէս նաեւ Համ­մամ Փա­շան՝ որը հրոյ ճա­րակ դար­ձաւ։

Պա­տերազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը կ՚աւար­տին 16 Մարտ 2016-ին։ Ան­մի­ջապէս նա­խագահ Էր­տո­ղան, կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ պատ­րաստուած շտապ սե­փակա­նազրկման որո­շում մը կը վա­ւերաց­նէ 21 Մար­տին, թուական մը որ իր խորհրդան­շա­կան իմաս­տը ու­նի բո­վան­դակ քիւրտ ժո­ղովուրդին հա­մար (Նէվ­րո­զի տօ­նին հետ կա­պակ­ցա­բար)։ Որո­շու­մը կը նա­խատե­սէ քա­ղաքի մօտ 7700 հո­ղաշեր­տե­րէն 6300-ի սե­փակա­նազրկու­մը (այ­սինքն աւե­լի քան 82 տոկոս), մնա­ցեալ տա­րածքնե­րը ար­դէն իսկ հան­րա­յին-պե­տական գոր­ծա­ծու­թեանց տրա­մադ­րուած ըլ­լա­լով։ Աւե­լորդ չէ յի­շեց­նել որ վար­չա­կազ­մը իր այս որո­շու­մը կը մի­տի գործնա­կանաց­նել TOKI-ի ճամ­բով, որու անա­խորժ դե­րակա­տարու­թեան բազ­միցս ակա­նատես եղած է թուրքիացի հան­րութիւ­նը բնա­կարա­նային «շքեղ» ծրա­գիր­նե­րու ընդմէ­ջէն։ Առ այդ, ըստ կան­խա­տեսուած սէ­նարիոյին հա­զարա­ւոր քա­ղաքա­ցիներ ան­տուն մնա­լու վտան­գին տակ են եւ քա­ղաքի ընդհա­նուր հա­մայ­նա­պատ­կե­րը, ինչպէս նաեւ անոր ըն­կե­րա-մշա­կու­թա­յին այ­լա­զանու­թիւնը ար­մա­տակա­նօրէն կեր­պա­րանա­փոխուելու փոր­ձանքին կը սպա­սեն։

Պար­զուած կա­ցու­թիւնը ակա­մայ կը մղէ մեզ զու­գա­հեռ­ներ գծե­լու Պէյ­րութի եւ Տի­յար­պէ­քիրի մի­ջեւ։ Այն ինչ լի­բանա­նեան պա­տերազ­մի թո­հու­բո­հը չկրցան ընել Պէյ­րութի պա­րագա­յին, SOLIDERE-ի «վե­րաշի­նու­թեան» ծրա­գիր­նե­րը յա­ջողե­ցան կա­տարել յետ-պա­տերազ­մեան խա­ղաղ օրե­րուն։ Իսկ այն ինչ թրքա­կան հրա­սայ­լե­րը չկրցան ընել, կանգ առ­նե­լով Տի­յար­պէ­քիրի հա­զարա­մեայ պա­րիսպնե­րուն առ­ջեւ, նա­խագահն ու կա­ռավա­րու­թիւնը կը ջա­նան ամ­բողջաց­նել TOKI-ի շող­շո­ղուն խոս­տումնե­րուն ճամ­բով։

Լի­բանա­նի պա­տերազ­մի աւար­տէն քա­նի մը տա­րի ետք կա­ռավա­րու­թեան գլուխն ան­ցած Ռա­ֆիք Հա­րիրին կը յայ­տա­րարէր թէ ինք Պէյ­րութը պի­տի վե­րածէր «Մի­ջերկրա­կանի Հոնկ Քոն­կին»։ Իսկ Թուրքիոյ ար­դէն նախ­կին վար­չա­պետը 1 Ապ­րիլ 2016-ին Սու­րի մէջ կը յայ­տա­րարէր թէ քա­ղաքը պի­տի վե­րածուի «նոր Թօ­լէտո­յի»։ Եթէ առա­ջինին նէօլի­պերալ նկրտումնե­րը բա­ւական ճամ­բայ կտրե­ցին իր օրե­րուն, երկրոր­դին իս­լա­միստական երազ­նե­րը մի­թէ ի՞նչ հո­լովոյթ դեռ պի­տի ապ­րին։ Կը մնայ տես­նել որ ի՞նչ ու­նի ըսե­լիք Թուրքիան, որը այս օրերուս (10-20 Յու­լիս) պի­տի հիւ­րընկա­լէUNESCO-ի Հա­մաշ­խարհա­յին Ժա­ռան­գութեան Յանձնա­խումբի տարեկան հերթականութեամբ գումարած նիստերուն 40-րդը, Իս­թանպու­լի մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ