Բաց նամակ Արամ Արքեպիսկոպոսին

Յար­­գե­­­լի Ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոս,

Գեր­­մա­­­նիոյ խորհրդա­­րանին կող­­մէ ըն­­դունուած Հա­­­յոց Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան վե­­­րաբե­­­րեալ բա­­­նաձե­­­ւի մա­­­սին Թուրքիոյ Հայ Հա­­­սարա­­­կու­­­թեան անու­­­նով Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան Նա­­­խագա­­­հի ուղղեալ ձեր նա­­­մակը ցա­­­սումի, բար­­­կութեան եւ ամօ­­­թի զգա­­­ցումնե­­­րով կար­­­դա­­­­­­­ցինք։ Սոյն նա­­­մակը ըն­­­դունե­­­ցէք որ­­­պէս տո­ւեալ հա­­­սարա­­­կու­­­թեան ան­­­դամ ըլ­­­լա­­­­­­­լով հան­­­դերձ ձեր ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տած կար­­­ծիքնե­­­րուն բո­­­վան­­­դա­­­­­­­կու­­­թեան եւ ոճին վե­­­րապա­­­հու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­ցող­­­նե­­­­­­­րու ձայ­­­նը։

Ժո­­­ղովուրդի մը իր հպա­­­տակած պե­­­տու­­­թեան որո­­­շու­­­մով եւ կար­­­գադրու­­­թեամբ ապ­­­րած երկրէն ար­­­մա­­­­­­­տախիլ ըլ­­­լա­­­­­­­լը «Ա. Աշ­­­խարհա­­­մար­­­տի ող­­­բերգա­­­կան օրե­­­րուն պա­­­տահած դէպ­­­քե­­­­­­­ր» ըլ­­­լա­­­­­­­լով բնու­­­թագրե­­­լը ձեր ալ մաս­­­նի­­­­­­­կը եղած ժո­­­ղովուրդին նախ­­­նեաց, զո­­­հերուն եւ վե­­­րապ­­­րողնե­­­րուն նկատ­­­մամբ անար­­­գանք է։

Ձեր նկա­­­րագ­­­րումով «քա­­­ղաքա­­­ցիական կա­­­պերով հպա­­­տակած պե­­­տու­­­թեան դէմ բո­­­լոր պար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թիւննե­­­րը ան­­­թե­­­­­­­րի կա­­­տարող եւ ինքզինք այս երկրի մար­­­դոցմէ տար­­­բեր տես­­­նե­­­­­­­լու բար­­­դոյթէն ձեր­­­բա­­­­­­­զատուած, ի պա­­­հան­­­ջել հար­­­կին օրէնքնե­­­րու շրջա­­­նակին մէջ իրա­­­ւունքնե­­­րը պաշտպա­­­նել գիտ­­­ցող քրիս­­­տո­­­­­­­նեայ-հայ թուրք քա­­­ղաքա­­­ցիներ» կո­­­չուած հա­­­ւաքա­­­կանու­­­թիւնը եր­­­բեք միատարր կա­­­ռոյց մը չէ ու կը բաղ­­­կա­­­­­­­նայ իր ան­­­կախ զգա­­­ցումին, հա­­­մոզումին եւ իրա­­­կանու­­­թեան գի­­­տելիք­­­նե­­­­­­­րուն տէր ան­­­հատնե­­­րէ։ Խնդի­­­րը այն է թէ հա­­­յերը իրենք զի­­­րենք տար­­­բեր տես­­­նելնուն հա­­­մար չէ որ 1915–է ետք, 1942-ի ու­­­նե­­­­­­­ւորու­­­թեան տուրքով, 1955-ի 6-7 Սեպ­­­տեմբե­­­րի թա­­­լան­­­նե­­­­­­­րով, Կիպ­­­րա­­­­­­­կան խնդրի լա­­­րուա­­­ծու­­­թեան շրջան­­­նե­­­­­­­րուն զու­­­գա­­­­­­­հեռ քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թեան սրո­ւած բո­­­լոր ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րուն խտրա­­­կանու­­­թեան, ֆա­­­շիստ եւ հրա­­­պարա­­­կաւ սպառ­­­նա­­­­­­­կան պատ­­­գամնե­­­րու են­­­թարկո­ւեցան։ Նոյնպէս Թուրքիոյ հայ ժո­­­ղովուրդը 19 Յու­­­նո­ւար 2007-ին ալ իր ան­­­ձը եր­­­կու ժո­­­ղովուրդի խա­­­ղաղու­­­թեան նո­ւիրած ամե­­­նաար­­­ժէ­­­­­­­քաւոր ձայ­­­նին՝ Հրանդ Տին­­­քին նա­­­հատա­­­կուի­­­լը տե­­­սած է։

Երբ կ՚ըսէք «իբ­­­րեւ պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան աթոռ Թուրքիոյ եւ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի բա­­­րեկա­­­մու­­­թեան եւ բա­­­րի դրաց­­­նութեան յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րու մէջ ըլ­­­լալնուն հա­­­մար աղօ­­­թելու կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէք» ձեր ձայ­­­նած նա­­­խագահ Էր­­­տո­­­­­­­ղան ինչպէս ամէն առի­­­թով, դեռ եր­­­կու օր առաջ ան­­­գամ մը եւս երկրի Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի քա­­­ղաքա­­­ցի բնա­­­կիչ­­­նե­­­­­­­րը բա­­­նաձե­­­ւի ըն­­­դունման իբր հա­­­կազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւն, երկրէ դուրս վտա­­­րելու մա­­­սին ճա­­­ռեց։ Այդ ելոյ­­­թը ի՞նչպէս կը բա­­­ցատ­­­րէք ձեր ան­­­ձին կամ խղճին։ Թե­­­րեւս մոռ­­­ցած էք խոր­­­հե­­­­­­­լով ան­­­գամ մը եւս յի­­­շեց­­­նենք։ «Սա պա­­­հուս երկրիս մէջ մօ­­­տաւո­­­րապէս 100 հա­­­զար հա­­­յեր կան։ Ասոնց հա­­­մարեա կէ­­­սը մեր քա­­­ղաքա­­­ցիներն են, մեր եր­­­կի­­­­­­­րը կ՚ապ­­­րին, այստեղ կ՚աշ­­­խա­­­­­­­տին։ Բայց կան նաեւ մօտ այդքան հա­­­յեր որոնք մեր երկրի քա­­­ղաքա­­­ցինե­­­րը չեն։ Եթէ մենք նման զգայ­­­նութիւն մը ցու­­­ցա­­­­­­­բերած չըլ­­­լանք՝ անոնք ին­­­չո՞ւ պա­­­հենք երկրի մէջ։ Մենք ալ եւ­­­րո­­­­­­­պացի­­­ներու նման զի­­­րենք կ՚ու­­­ղարկենք իրենց եր­­­կի­­­­­­­րը՝ Հա­­­յաս­­­տան»։

Կ՚ըսէք որ «Աւան­­­դա­­­­­­­կան սահ­­­մաննե­­­րու մէջ մնա­­­լով հա­­­ւասա­­­րակշռեալ կե­­­ցուածք մը ցու­­­ցա­­­­­­­բերե­­­լը ոմանց հա­­­մար հա­­­ճելի չի թո­ւիր»։ Աղա­­­խինի մը նման մէջ­­­քը կո­­­րացած կե­­­նալը ի՞նչ տե­­­սակ կե­­­ցուածք մըն է, հասկնա­­­լու կը դժո­ւարա­­­նանք։

Հա­­­յոց Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւնը մարդկու­­­թեան դէմ գոր­­­ծո­ւած յան­­­ցանք մը ըլ­­­լա­­­­­­­լով հա­­­յերու կող­­­քին բո­­­լոր մարդկու­­­թեան խնդիրն է։ Բա­­­րօրու­­­թեան հա­­­մար աղօ­­­թած ժո­­­ղովուրդնե­­­րու հա­­­սարա­­­կաց ապա­­­գան ձեզ ձեր պատ­­­մութիւ­­­նը ու­­­րա­­­­­­­նալու աս­­­տի­­­­­­­ճանին հասցնող ճնշումնե­­­րուն վե­­­րանա­­­լով, պա­­­տուա­­­բեր առե­­­րեսու­­­մէ մը ետք կա­­­րելի կրնայ ըլ­­­լալ։

Յար­­­գե­­­­­­­լի Ար­­­քե­­­­­­­պիս­­­կո­­­­­­­պոս,

«Գեր­­­մա­­­­­­­նական կայսրու­­­թեան այս ող­­­բերգա­­­կան դէպ­­­քե­­­­­­­րուն մէջ ստանձնած դե­­­րակա­­­տարու­­­թիւնը եր­­­կու տո­­­ղով շրջան­­­ցել» ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութե­­­նէն ալ կը հասկնանք որ դուք այդ բո­­­վան­­­դա­­­­­­­կու­­­թիւնը չէք կրցած ըմբռնել։ Գեր­­­մա­­­­­­­նական կայսրու­­­թիւնը այս յան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծութեան ուղղա­­­կիօրէն մեղ­­­սա­­­­­­­կից հռչա­­­կող պատ­­­ճէ­­­­­­­նի հա­­­մարեա 80 տո­­­կոսը Գեր­­­մա­­­­­­­նիոյ իր ան­­­ցեալին հետ առե­­­րեսու­­­մով լե­­­ցուն է։

Շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կենք՝ «հայ ազ­­­գի մօտ թրավ­­­մա­­­­­­­յի պատ­­­ճառ եղած այս վիշ­­­տին մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին դաշ­­­տին վրայ շա­­­հագոր­­­ծումը իս­­­կա­­­­­­­պէս ալ ցաւ կը պատ­­­ճա­­­­­­­ռէ» ըսած էք։ Ճիշդ է, ձե­­­զի այս նա­­­մակը գրե­­­լու մղող ճնշու­­­մը մե­­­զի ցաւ կը պատ­­­ճա­­­­­­­ռէ։ Նոյնպէս Թուրքիոյ հայ հա­­­սարա­­­կու­­­թեան ինքնու­­­թիւնը եւ են­­­թաինքնու­­­թիւնը ո՛չ թէ այս բա­­­նաձե­­­ւի ըն­­­դունու­­­մէն, այլ ձեր ելոյ­­­թէն վի­­­րաւո­­­րուած է։ Մա­­­նաւանդ ալ «հայ ազ­­­գի գա­­­ղու­­­թա­­­­­­­տիրա­­­կան ու­­­ժե­­­­­­­րու կող­­­մէ շա­­­հագոր­­­ծո­ւելու» մա­­­սին ձեր տո­­­ղերը ու­­­րացման պատ­­­գա­­­­­­­մի վառ օրի­­­նակ ըլ­­­լա­­­­­­­լով նշա­­­նակո­ւելու ար­­­ժա­­­­­­­նի են։ Մօտ ապա­­­գային պի­­­տի տես­­­նենք թէ ձեր այս խօս­­­քե­­­­­­­րը ոմանց կող­­­մէ խան­­­դա­­­­­­­վառ ծա­­­փող­­­ջիւննե­­­րով պի­­­տի դի­­­մաւո­­­րուի։

Այս առ­­­թիւ ձեր նա­­­մակի ոճը ըն­­­դօ­­­­­­­րինա­­­կելով յայտնենք որ մենք ալ խոր յու­­­զումով եւ բար­­­կութեան զգա­­­ցումնե­­­րով լե­­­ցուած ենք։ Ձերդ սրբազնութեան խելք, իմաս­­տութիւն եւ շնորհք կը խնդրենք ամե­­նակալ Աս­­տուծմէն։ Քա­­ղաքա­­ցիական պա­­տերազ­­մի մը դժոխ­­քին մէջ երբ ամէն օր մար­­դիկ կը սպան­­նուին «երկրիս մարդկանց բա­­րի ծա­­ռայու­­թիւններ մա­­տու­­ցող պե­­տական աւա­­գանիի աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րուն յա­­ջողու­­թիւն մաղ­­թած էք». Աս­տուած ձե­զի ալ ար­ժա­նապա­տիւ կե­ցուածք թող պար­գե­ւէ։

Խո­րին յար­գա­նօք

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ