«Պատահակնն է որ նոր ներշնչումներու տեղի կու տայ։ Եւ երբ յայտնուի այդ ներշնչումը, պատահականը դուրս կու գայ գործընթացէն եւ կը սկսի ծրագրուածը։ Պատահական ծանօթացայ «Փարօս» պարբերականի խմբագրին՝ Մայտա Սարիսի հետ։ Բայց երբ այդ ծանօթութիւնը հասաւ Պոլսոյ մէջ անհատական ցուցահանդէսի մը մտադրութեան, սկսած էր արդէն ծրագրուած աշխատանքը։
«Պատահակնն է որ նոր ներշնչումներու տեղի կու տայ։ Եւ երբ յայտնուի այդ ներշնչումը, պատահականը դուրս կու գայ գործընթացէն եւ կը սկսի ծրագրուածը։ Պատահական ծանօթացայ «Փարօս» պարբերականի խմբագրին՝ Մայտա Սարիսի հետ։ Բայց երբ այդ ծանօթութիւնը հասաւ Պոլսոյ մէջ անհատական ցուցահանդէսի մը մտադրութեան, սկսած էր արդէն ծրագրուած աշխատանքը։ Պիտի ըսեմ որ բաւական տանջանք է այդ հանգրուանը։ Ստիպուած պիտի ըլլաս դուն քեզ զանազան հարցումներ ուղղել, որոնց պատասխանը այդքան ալ յստակ չեն։ Պիտի պատրաստես նոր գործեր, կրկին կարիքը պիտի զգաս մուսաներուն, բայց անոնք ալ կազմ եւ պատրաստ քեզ սպասողը չեն։ Չես գիտեր թէ, երբ ցանկութիւն կ՚ունենան եւ կ՚այցելեն։ Իսկ միւս կողմէ ճշդուած է թուական մը։ Տեսած ես ցուցահանդէսի վայրը։ Նոյնիսկ ճշդած ես այս ցուցահանդէսին յատուկ խորագիր մը։ Ուրեմն կաշկանդուած ես զանազան գործօններով»։
Գեղանկարիչ Լեւոն Լաճիկեան յաղթանակ մը տարաւ նախորդ Չորեքշաբթի, Գընալը կղզի՝ Տորք Միրիճանեանի «Ճաշ» ճաշարանին մէջ իր վերջին գործերը ներկայացնելով պոլսահայ արուեստասէր հասարակութեան։ «Յաղթանակ» կը կոչենք արուեստագէտի այս հանդիպումը, քանի ան յաջողեցաւ իր գործով հմայել ցուցահանդէսը այցելողները։
Լաճիկեան վերի տողերով մինչեւ 22 Յուլիսի երեկոյ իր մատնուած հոգեբանութիւնը փոխանցելէ ետք, զգալիօրէն լուսաւորուած դէմքի արտայայտութիւնով կը շարունակէ՝
«Յագեցած եմ, հիմա այս բոլորը մարսելու պահն է որ կ՚ապրիմ։ Յաջորդող օրերուն կը վերապրիմ այն քանի մը ժամերը, ուր ծանօթ-անծանօթ բազմութիւն մը հիացումով կը դիտէին գործերս եւ անոնցմէ շատեր ալ կ՚ուզէին ընդմիշտ դիտել իրենց տան պատին վրայ։ Ոգեւորող արտայայտութիւնները կը վերյիշեմ ու կրկին կը լծուիմ արտադրելու։ Չէ որ նոր պատուերներ ստացած եմ։ Մարդիկ իրենց երբեմնի տան լուսանկարով կը դիմեն, կը խնդրեն որ նկարեմ հոն երեւցող եւ այժմ գոյութիւն չունեցող տունը։ Ես լուսանկարէն աւելի տարուած կ՚ըլլամ խօսակցիս աչքերուն։ Կը զգամ որ այդ անհետացած տունը նկարելով պիտի վերակենդանանան բազմաթիւ կերպարներ, որոնք տան նման այսօր չկան, բայց արժանի են յիշուելու։ Ի՞նչ կրնամ ըսել որ, արուեստագէտի տեսանկիւնը այսպէս է»։
Մեզի համար նորութիւն չէ Լաճիկեանի անցեալի եւ յիշողութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնը։ Իր գործերը դիտելով նկատած ենք որ ան ներկան ապրելով դիւրաւ կրնայ թափանցել նաեւ անցեալին։ Պատմական հնութիւն դարձած շինութիւններուն նայելով ան կրնայ տեսնել դար մը, նոյնիսկ քանի մը դար անցեալը եւ այդ տպաւորութիւնը կը ցոլացնէ գործին։ Օրինակ կրնանք թուել «Տոլմապահչէի մզկիթը» կամ «Անատոլուհիսարը» գործերը։ Մզկիթի ետին, Պէշիքթաշ թաղամասի բարձունքները այլասերած նոր համայնապատկեր մը կայ այսօր, բայց նկարիչը անտեսած է երկնագեր շէնքերով յայտնուած տգեղութիւնը։ Նմանապէս ԺԴ. դարու վերջերուն կառուցուած բերդի ծովափին կը տեսնենք նաւ մը, որ կը պատկանի այդ հին ժամանակներուն։
«Ծանր բեռ մը շալկած էի, փառք որ ողջ առողջ տարի, իր տեղը հասցուցի այդ բեռը եւ հիմա ատենը եկած է տուն դառնալու, այս բոլորը տնեցիներուս հետ կիսելու, մարսելու, իւրացնելու։ Յետոյ կրկին կը սպասեմ մուսաներու այցելութիւնը»։
Այս ըսելով վեր կացաւ Լեւոն Լաճիկեան։ Հրաժեշտ առաւ խմբագրատունէն եւ ուղղուեցաւ դէպի կղզի, քանի որ ցուցահանդէսը դեռ բաց է եւ կը սպասէ այցելուներուն։