ՏԵՆԻԶ ՔԱՅԱ
Հայեր, շուրջ 1700 տարուայ անցեալով Երուսաղէմի հնագոյն համայնքներէն մէկն են։ Այս համայնքը կը յիշուի նաեւ հայոց հնագոյն սփիւռքը ըլլալով։ Երուսաղէմի հայապատկան տարածքի 25 տոկոսը առանց Պատրիաքական ընդհանուր խորհուրդի որոշման, 99 տարուայ ժամկէտով վարձակալուած է հրեաներու «Խանա Քափիլթալ» ընկերութեան։ Այս վարձակալութեամբ հայոց թաղը կը մատնուի մեկուսացումի մը, զրկուելով այլ քրիստոնեաբնակ թաղերու հետ յարաբերութենէ։
Ընթացքը կը սպառնայ նաեւ տարածաշրջանի պատմամշակութային ամբողջութեան։ Պատրիարքարանը եւ թաղեցիները իրենց համար կենսական նշանակութիւն ունեցող տարածքի վերատիրանալու համար դիմած են իրաւական պայքարի։ Այդ դիմումէն ետք յաճախակի դարձած է հայոց դէմ ատելութեան քարոզարշաւը եւ յարձակումները։ Այդ զարգացումներու հետեւանքով Երուսաղէմի մօտ 20.000 շունչ կազմող հայ համայնքը նուազելով հասած է 2000-ի։ Այս պայմաններու տակ կազմուած է Save the Armenian quarter շարժումը, որու հիմնադիրներէն Սեդրակ Պալեան պատասխանեց մեր հարցումներուն։
Տենիզ Քայա- Save the Armenian quarter-ի հիմնադիրներէն էք։ Կրնա՞նք ճանչնալ ձեզ։
Ս.Պ.- Ես Սեդրակ Պալեան երուսաղէմաբնակ յախճապակեայ Պալեան ընտանիքի չորրորդ սերունդը կը ներկայացնեմ։ Մեր ընտանիքը ծագումով կուտինացի է։ Մերոնք անգլիացիներու կողմէ փոխադրուած են Քուպպեթիւս Սահրա, իրենց համար աշխատանքի պայմանաւ։ 1915-ի ցեղասպանութենէ ետք կարելի չէ եղած Կուտինա վերադառնալ եւ կանքը շարունակած ենք այստեղ։
Տենիզ Քայա- Ձեր ալ հիմնադիրներէն եղած հայոց թաղամասը պաշտպանելու շարժումը կրնա՞ք ծանօթացնել։
Ս.Պ.- Իսրայէլի ոստիկանութեան դէպի մեր թաղամասը կիրարկած միջամտութիւններու դէմ կարիքը զգացինք դիմադրական յատուկ կազմակերպութեան մը։ Այս շարժումով կ՚ուզենք Երուսաղէմի հայկական մշակութային ժառանգը պահել։ Իրականութեան մէջ մենք Իսրայէլի պետութեան ճնշումներուն ենթարկուած ենք 1967 թուականէն այս կողմ։ Յատկապէս 2020-էն վերջ այդ ճնշումները ալ աւելի սաստկացան։ Նոյնիսկ ամենափոքր շինութեան համար անգամ մեզմէ հող կը պահանջեն։ Ամէն ինչի համար չեմ կրնար Իսրայէլը մեղադրել, բայց շինարարական ասպարէզը բոլորովին իրենց հսկողութեան ներքեւ է եւ սեփական ընկերութիւնները անգամ ճնշումներ կը կիրարկեն մեզի դէմ։
Գիտենք որ իրենց հիմնական նպատակը ամբողջովին հրեաներէ բաղկացող Երուսաղէմի մը տեսլականն է։ Մեր գոյութիւնը իրենց այդ նպատակին համար խոչնդոտ մը ըլլալով կը տեսնեն։ Կ՚ուզեն մեր տարածքը մեկուսացնել այլ քրիստոնեայ համայնքներէ։
Տենիզ Քայա- Կը տեսնեմ որ դրամահաւաքման արշաւի մը ձեռնարկած էք։ Ինչո՞ւ համար։
Ս.Պ.- Տեղացի փաստաբաններու աջակցութեան կարիք ունինք։ Միջազգային գետնի վրայ ԱՄՆ-ի մէջ ունինք կամաւոր հայ փաստաբաններ։ Գառնիկ Գերգորեան, Անի Նազարեան, Կարօ Ղազարեան, Էլիզապեթ Ալ Տայանի եւ Արման Թաթոյեան սիրով ստանձնած են մեր դատի պաշտպանութիւնը։ Սակայն Իսրայէլի ատեաններու մօտ եւս փաստաբաններու կարիք ունինք։ Սա պահուն երկու դատավարութիւններ ընթացքի մէջ են։ Անոնցմէ մէկը Պատրիարքարանի առանց ընդհանուր ժողովի որոշման կնքած պայմանագիրը չեղարկելու մասին է։
Տենիզ Քայա- Այս դատական ընթացքի մէջ թաղեցիները դժուարութիւններ կ՚ապրին։
Ս.Պ.- Այո, զանազան յարձակումներ եղան եւ Իսրայէլի ոստիկանութիւնն ալ հրեայ ընկերութեան ի նպաստ կողմնակցութիւն ըրաւ։ Թաղեցիներէն բերման ենթարկուողներ եղան, իսկ յարձակողները անպատժելի մնացին։ Տեղւոյն վրայ փաստերը քօղարկելու ջանքեր կը նկատենք։ Երուսաղէմի Պատրիարքարանը այդ ջանքերուն համար ոստիկանութեան դիմեց, բայց այդ դիմումները անպատասխան մնացին։
Տենիզ Քայա-Ինչե՞ր կը պատմէք Երուսաղէմի հայ անցեալի մասին։
Ս.Պ.- Հայոց Պատրիարքարանը իր գոյութիւնը մինչեւ օրս շարունակող միակ կրօնական կեդրոնն է։ Ան հիմնուած է 648 թուին։ Իսկ հայոց Երուսաղէմի մէջ գոյութիւնը կը սկսի Դ. դարէն։ Նոյնիսկ կը պնդուի թէ Երուսաղէմի աթոռի առաջին գահակալը Աբրահամ արենակցական կապ ունեցած է Մուհամմէտ մարգարէի հետ։ Երուսաղէմի յունաց եւ լատինաց պատրիարքարանները փոխադրուած են անցեալին։ Հայերս Երուսաղէմի պատմութեան մէջ մեծ նշանակութիւն ունեցող ներդրումներու հեղինակն ենք։ Առաջին տպարանը, լուսանկարչական առաջին սթիւտիոն հայոց կը պատկանէին։ Նոյնպէս յախճապակիի արուեստին եւ ճարտարապետութեան զարգացման մէջ ալ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած ենք։ Հայերը Երուսաղէմի անբաժան մէկ մասնիկն են, բայց ափսոս որ այսօր հետզհետէ անտեսանելի, աննկատելի կը դառնան։
Այստեղ՝ տարածաշրջանին այլ ազգութիւններուն հետ համերաշխ ու եղբայրական յարաբերութիւն ունեցած ենք։ Բոլորը կը վկայեն թէ Երուսաղէմի ամենախաղաղ հատուածը հայոց թաղամասն է։ Մենք ի գին բոլոր դժուարութիւններու կը փորձենք այդ համերաշխութիւնը յարատեւ պահել, բայց Իսրայէլի հետապնդած նպատակներէն մէկն ալ իսլամներուն, քրիստոնէից եւ հրէից համերաշխութեան խափանումն է։