Խոնարհելով վաստակին առջեւ

Բագրատ Էսդուգեան 

երջերս հրատարակուած երկրորդ յապաղած գիրքի մը տպաւորութիւնը կը թողու վաստակաւոր ուսուցչուհի Շողեր Չափարեանի «Պիթիասէն Պոլիս» հատորը։ Հայերէն լեզուի վաստակաւոր մշակ մըն է Շողեր Չափարեան, որու ջամբած ուսումէն մինչեւ օրս կ՚օգտուին քաղաքիս վարժարաններու երիտասարդ հայերէնի ուսուցիչները։ Բայց ինչպէս ուրիշ օրինակներով ալ փորձուած է, ուսուցչութիւնը, կամ աւելի լայն գործածութեամբ մանկավարժութիւնը զգալիօրէն կը ձեւաւորէ ենթակային վարքը, վարմունքը խօսելաոճը եւ ինչու չէ այս օրինակին մէջ ալ կը տեսնենք, գրելաոճը։

Բոլոր արուեստներու նման գիրն ու գրականութիւնն ալ կը պարտադրեն ազատութիւն։ Դուրս գալ կաղապարներէն, ձերբազատուիլ կանոններէն եւ հասարակութեան կամ ընթերցողին դիմել ուրոյն եղանակով։ Իսկ ուսուցիչը լոկ իր ասպարէզի բերումով չի կրնար ոտնակոխել տարիներ շարունակ իր դասաւանդած, որպէս կարգ ու կանոն թելադրած սկզբունքները։ Ուսուցիչը կը խուսափի իր թելադրածին հակասելէ։ Պարտաւոր է օրինակելիութեան լուծին տակ մնալու։ Բարոյական առաքելութիւններով ալ սահմանուած է ան։ Նոյնիսկ եթէ նիւթը պահանջէ, չի կրնար փողոցական ռամիկ կամ գռեհիկ լեզուով խօսիլ։ Չի կրնար սխալ բան սորվեցնել։

Այս ճնշումին հետքերը յստակօրէն կը ցոլանան նաեւ Չափարեանի արձակ կամ չափածոյ երկերուն մէջ։

Նշենք որ գիրքը յարգանք մատուցելու բնոյթ ունի այս վաստակաշատ մշակին հանդէպ։ Որքան երանելի է որ յարգանք մատուցելու առաջին պատգամը կը վերաբերի Շողեր Չափարեանի հօր՝ Դանիէլ Չափարեանին, որ իր դստեր յուշատետրի առաջին էջին վրայ գրած է հետեւեալը՝ «անունիդ պէս ըլլաս Շողեր, Լուսաւորես մութ մտքեր, ետեւիդ թողուս հետքեր, որոնց հետեւին ուրիշներ։ Որչափ որ գնահատեն քեզ դուն եղիր գառնուկի պէս հեզ, ծառայէ մարդ ընկերութեան, երջանիկ կ՚ըլլաս յաւիտեան»։ Գիրքի մէջ այս տողերը կը կարդանք Դանիէլ Չափարեանի ձեռագիրով, որ ստորագրած է «հայրդ Դանիէլ, Պաթըայազ 21 Օգոստոս 1960»։ Ահաւասիկ էջ մը, որ կը խորհրդանշէ ազգի, ցեղի, տոհմի եւ ի վերջոյ ընտանիքի հրաշալի պատկանելութիւն մը։ Էջ մը՝ որ դարձեալ մեզ կրնայ տանիլ երկար խորհրդածութիւններու։ Կրնանք խորհիլ անտեսուած, նոյնիսկ շատ անգամ մոռցուած տարածքի մը բնակիչ համեստ գիւղացիին զգացականութեան մասին։

Ինչ լաւ է, որ այս էջը օժտուած է սեւ ու սպիտակ լուսանկարով մըն ալ։ Նոյն պատկանելութեան հետք մըն ալ կարելի է համարել գիրքի կողքը, ուր նկարուած է Շողեր Չափարեանի ծնած տունը։ Յաջորդող էջերուն մէջ կը հանդիպինք Սեւան Տէյիրմենճիեանի, Յակոբ Այվազի, Յակոբ Մամիկոնեանի եւ Անի Պարոնեանի դրուատալի խօսքերուն, ուղղուած՝ Շողեր Չափարեանին։ Ապա կու գայ արձակ էջերու բաժինը, «Նշմարներ, յուշեր գիւղի կեանքէս» ենթախորագիրը եւ յաջորդաբար ալ «Զանազանք» բաժինը։ Երկու մանկական պատումներէ ետք կ՚անձնինք քերթուածներուն, մանկական գրութիւններուն ու վերջապէս ոգեկոչումներուն եւ աւարտին ալ լուսանկարներուն։

Ուրախացանք այս գիրքի յայտնութիւնով, բայց ափսոսեցանք նաեւ տեսնելով թէ այս գրքին մէջ տեղ գտած ամենանոր գործը կր կրէ 2000 տարեթիւը։ Իր մեծ վաստակով եւ ներդրումով Շողեր Չափարեան արժանի էր աւելիին եւ աւելիին։ Այս հանգրուանին պիտի մաղթենք որ ներկայ հրատարակութիւնը այդ աւելիին բացուող ճանապարհին վրայ նախափորձ մը դառնայ։