«Կրթանքի Սէր Արթնցնող Մթնոլորտ»

ԼԻԼԻԹ ՀԱՆՉԻ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Զրոյց սփիւռքա­հայ մտա­­ւորա­­կան Իշ­­խան Չիֆթճեանի հետ

-Յար­­­գե­­­­­­­լի պա­­­րոն Չիֆթճեան, իբ­­­րեւ լե­­­զուա­­­բան, հա­­­յագէտ, ինչպէ՞ս կը բնու­­­թագրէիք հա­­­յերէ­­­նը։ Աւե­­­լին՝ իբ­­­րեւ ազգ՝ ին­­­չո՞ւ ենք այսչափ ան­­­տարբեր մեր լե­­­զուի նկատ­­­մամբ։

-Լե­­­զուա­­­բան չեմ, սա­­­կայն հա­­­յագի­­­տական բնա­­­գաւառ­­­նե­­­­­­­րու մէջ ու­­­սումնա­­­սիրա­­­կան աշ­­­խա­­­­­­­տանք կա­­­տարած ըլ­­­լա­­­­­­­լով հա­­­յերէ­­­նին մա­­­սին կրնամ հաս­­­տա­­­­­­­տումներ կա­­­տարել. «Լե­­­զուն բնու­­­թագրե­­­լը» իմ գլխէս վեր աշ­­­խա­­­­­­­տանք է։ Ին­­­ծի հա­­­մար հա­­­յերէ­­­նին ամե­­­նահե­­­տաքրքրա­­­կան յատ­­­կա­­­­­­­նիշը իր ճկու­­­նութիւնն է, եւ ատի­­­կա կու գայ այ­­­լա­­­­­­­զան լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րու մի­­­ջեւ գտնո­­­ւողի անոր կա­­­ցու­­­թե­­­­­­­նէն, ինչ որ նաեւ մեր ժո­­­ղովուրդին ճա­­­կատա­­­գիրը եղած է բնա­­­կանա­­­բար։ Անոր ներ­­­կա­­­­­­­յիս կը պակ­­­սին ար­­­դիակա­­­նացում, մաս­­­նա­­­­­­­գիտա­­­կան եզ­­­րեր, նո­­­րաբա­­­նու­­­թիւններ եւ այլն։

Այո, մենք շատ ան­­­տարբեր ենք մեր լե­­­զուին նկատ­­­մամբ։ Կը խոր­­­հիմ, որ զայն պար­­­զա­­­­­­­պէս չենք զգար ու չենք սի­­­րեր։ Լե­­­զուին գովքն ու ջա­­­տագո­­­վու­­­թիւնը, անոր մա­­­սին երգն ու երա­­­զը սի­­­րոյ սահ­­­մաննե­­­րուն չեն հա­­­սած մեր պա­­­րագա­­­յին։ Եթէ հա­­­սած ըլ­­­լա­­­­­­­յին՝ այ­­­սօր աշ­­­խարհի մէջ զայն գոր­­­ծա­­­­­­­ծող կամ անով հե­­­տաքրքրո­­­ւող մեծ թո­­­ւով հայ­­­րե­­­­­­­նակից­­­ներ կ՚ու­­­նե­­­­­­­նայինք։ Ասի­­­կա կը վե­­­րաբե­­­րի մեր հա­­­ւաքա­­­կան կե­­­ցուած­­­քին։ Ան­­­հատ սի­­­րահար­­­ներ միշտ ալ կան ան­­­շուշտ։ Այս կե­­­ցուած­­­քին պատ­­­ճա­­­­­­­ռը այն է, որ լե­­­զուն զգա­­­լու եւ սի­­­րելու մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րը կը պակ­­­սին մե­­­զի։ Ըն­­­թերցու­­­մի, ունկնդրու­­­թեան, լե­­­զուա­­­մար­­­զանքի յա­­­տուկ ժա­­­մեր տան, դպրո­­­ցին, ակումբին, պար­­­տէ­­­­­­­զին, փո­­­ղոցին, հան­­­րա­­­­­­­կառ­­­քին մէջ եւ այ­­­լուր կրնա­­­յին մի­­­ջոց­­­ներ ըլ­­­լալ այդ սէ­­­րը ծաղ­­­կեցնե­­­լու։ Ասոնք չկան, ու­­­րեմն ան­­­տարբե­­­րու­­­թիւնը բնա­­­կան կե­­­ցուածք կը դառ­­­նայ։ Ի՞նչ կայ զար­­­մա­­­­­­­նալիք։

-Ըստ ձեզ՝ այ­­­սօր Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի եւ սփիւռքի մէջ ի՞նչ վե­­­րաբեր­­­մունք կայ Մայ­­­րե­­­­­­­նի լե­­­զուի հան­­­դէպ։

-Ես կը խոր­­­հիմ որ լե­­­զուին հան­­­դէպ լուրջ վե­­­րաբեր­­­մունք չկայ։ Լե­­­զուն մաս չի կազ­­­մեր հե­­­տեւո­­­ղական, զար­­­գա­­­­­­­ցում ապա­­­հովող մար­­­տա­­­­­­­վարա­­­կան ծրագ­­­րի։ Թա­­­փուած կամ մսխո­­­ւած «ճի­­­գեր»ը, եթէ ու­­­զենք ան­­­պայման խօ­­­սիլ անոնց մա­­­սին, չեն անցնիր մա­­­կերե­­­սայի­­­նէն ան­­­դին։ Այս հաս­­­տա­­­­­­­տումներս կը վե­­­րաբե­­­րին թէ՚ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի, թէ՛ սփիւռքի։ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ պե­­­տական հո­­­վանա­­­ւորու­­­թիւնը շատ զգա­­­լի չէ, ոչ միայն մայ­­­րե­­­­­­­նիին, այ­­­լեւ՝ ընդհան­­­րա­­­­­­­պէս լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րու նկատ­­­մամբ։ Խրա­­­խու­­­սիչ երե­­­ւոյթ է «Լե­­­զուի Կո­­­միտէ»ի գո­­­յու­­­թիւնը. որ­­­քա՞ն կը տե­­­ւէ անոր կեան­­­քը եւ ի՞նչ ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւն կ՚ու­­­նե­­­­­­­նայ՝ այլ հար­­­ցեր են։ Մենք ար­­­դիւնքով զբա­­­ղող ժո­­­ղովուրդ մը չենք։ Միայն աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քին սկիզ­­­բը կը յայ­­­տա­­­­­­­րարենք։ «Հա­­­շուե­­­յար­­­դար» բա­­­ռը լոկ բա­­­ռարան­­­նե­­­­­­­րուն մէջ կրնաք գտնել։ Ան­­­կա­­­­­­­խու­­­թեան երեք տաս­­­նա­­­­­­­մեակը ար­­­հա­­­­­­­մար­­­հե­­­­­­­լի ժա­­­մանակ չէ լե­­­զու­­­ներ բե­­­րելու հայ­­­րե­­­­­­­նիք մը, որ ու­­­նի բազ­­­մա­­­­­­­լեզու սփիւռք։ Հայ­­­րե­­­­­­­նադարձնե­­­րու քա­­­նի՞ տո­կոսը բե­­­րած լե­­­զուն որե­­­ւէ ձե­­­ւով բա­­­նի մը կրնայ ծա­­­ռայեց­­­նել։ Հա­­­մապա­­­տաս­­­խան հիմ­­­նարկու­­­թիւններ կա՞ն, որ օգ­­­տո­­­­­­­ւին այդ լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րէն։ Ներ­­­կա­­­­­­­յի յետ­­­պա­­­­­­­տերազ­­­մեան հո­­­գերը ան­­­շուշտ լեռ­­­նա­­­­­­­կու­­­տակ են, բայց աս­­­կէ առաջ ալ, ամե­­­նափայ­­­լուն օրե­­­րուն, եթէ եղած են անանկ օրեր, լե­­­զուն առար­­­կայ չէ դար­­­ձած հո­­­գածու­­­թեան։ Հա­­­յերէ­­­նին քիչ-շատ ծա­­­նօթ որե­­­ւէ ան­­­ձի հա­­­մար յստակ է, որ հայ­­­րե­­­­­­­նի մա­­­մու­­­լին, առօ­­­րեային ու խորհրդա­­­րանին մէջ գոր­­­ծա­­­­­­­ծուող լե­­­զուն ան­­­փա­­­­­­­ռու­­­նակ է։ Խորհրդա­­­րանին մէջ թրքե­­­րէն «ամակ»ը լսե­­­լու փո­­­խարէն կա­­­րելի չէ՞ «վաս­­­տակ»ը լսել։ Դեռ չեմ յի­­­շեր ամէն տեղ կրկնո­­­ւող «նա­­­մուս-թա­­­սիպ»ը։ Թէ՞ փո­­­ղոցի լե­­­զուն խորհրդա­­­րան փո­­­խադ­­­րե­­­­­­­լով ար­­­դիական կը դառ­­­նանք։

Գա­­­լով սփիւռքին, այստեղ լե­­­զուն կ՚ապ­­­րի դպրո­­­ցին ու մա­­­մու­­­լին մի­­­ջոցաւ յատ­­­կա­­­­­­­պէս։ Այստեղ ալ վի­­­ճակը փայ­­­լուն ըլ­­­լա­­­­­­­լէ շատ հե­­­ռու է եւ շատ աւե­­­լի է քան անմխի­­­թար։ Հա­­­յաս­­­տան ալ, սփիւռք ալ, խնամ­­­քի բա­­­ցակա­­­յու­­­թիւնն է պատ­­­ճա­­­­­­­ռը այս կա­­­ցու­­­թեան։ Սփիւռքի պա­­­րագա­­­յին խմբա­­­կային աշ­­­խա­­­­­­­տանքնե­­­րը կրնան ար­­­դիւնա­­­ւէտ աշ­­­խա­­­­­­­տանք կա­­­տարել, երբ ար­­­դիւնքը յստակ ըլ­­­լայ, երբ հա­­­յերէն գրող կամ կար­­­դա­­­­­­­ցող աւել­­­նայ։ Հա­­­մացան­­­ցի վրայ աջէն ձախ նիւթ տե­­­ղափո­­­խելը, հա­­­ւանում (like) կամ բթա­­­մատ հա­­­ւաքե­­­լը կա­­­ցու­­­թիւն չեն կրնար փո­­­խել։ Ան­­­հե­­­­­­­ռան­­­կար զբա­­­ղու­­­մը զար­­­գա­­­­­­­ցում չի կրնար յա­­­ռաջաց­­­նել։

-Սփիւռքում հա­­­յերէ­­­նի ու­­­սուցման հիմ­­­նա­­­­­­­կան բեռն ասես վար­­­ժա­­­­­­­րանի ու­­­սուցչի ու­­­սե­­­­­­­րին է, քա­­­նի որ տա­­­րեց­­­տա­­­­­­­րի հայ­­­կա­­­­­­­կան ըն­­­տա­­­­­­­նիք­­­նե­­­­­­­րում հա­­­յոց լե­­­զուն առօրեայում չի ապ­­­րում, հա­­­յի զա­­­ւակը տա­­­նը հա­­­յերէն չի լսում, չի խօ­­­սում (ան­­­շուշտ կան բա­­­ցառու­­­թիւններ)։ Ով­­­քե՞ր պէտք է օգ­­­նեն այդ ու­­­սուցիչ­­­նե­­­­­­­րին, ինչպէ՞ս պէտք է նպաս­­­տել լե­­­զուի ու­­­սուցմա­­­նը այ­­­սօ­­­­­­­րինակ պայ­­­մաննե­­­րում. չէ՞ որ մի ձեռ­­­քը ծափ չի տայ, այն էլ սահ­­­մա­­­­­­­նափակ ժա­­­մանա­­­կահա­­­տուա­­­ծում։

-Շատ ճիշդ նկա­­­տած էք, որ ու­­­սուցիչ­­­նե­­­­­­­րը օժան­­­դա­­­­­­­կու­­­թեան պէտք ու­­­նին։ Կարգ մը գա­­­ղութնե­­­րու մէջ «Ու­­­սումնա­­­կան Խոր­­­հուրդ» կո­­­չուած յանձնա­­­խումբեր կան, որոնց պար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թիւննե­­­րէն մէկն է նաեւ, կը կար­­­ծեմ, հա­­­յերէ­­­նի ու­­­սուցման բա­­­րելաւ­­­ման աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը. դա­­­սագիր­­­քե­­­­­­­րու, ու­­­սուցման ձե­­­ւի, ու­­­սուցչաց որա­­­կաւոր­­­ման եւ նման հար­­­ցեր իրա­­­րու կա­­­պուած են։ Աս հար­­­ցե­­­­­­­րուն հո­­­գը վերցնող ան­­­հատներ ու միու­­­թիւններ կամ կան, բայց լաւ չեն աշ­­­խա­­­­­­­տիր, կամ ալ չկան ընդհան­­­րա­­­­­­­պէս։ Այսպէս թէ այնպէս՝ հար­­­ցե­­­­­­­րը լուրջի չեն առ­­­նո­­­­­­­ւած։ Մեր հա­­­յերէ­­­նի ու­­­սուցիչ­­­ներն ալ, մե­­­ծաւ մա­­­սամբ, յար­­­գե­­­­­­­լով միշտ սա­­­կաւա­­­թիւ բա­­­ցառու­­­թիւննե­­­րը, տգէտ ու պա­­­տահա­­­կան ան­­­ձեր են, ասոր կամ անոր բա­­­րեկամն ու ազ­­­գա­­­­­­­կանը, որոնք եկա­­­մուտ ապա­­­հովե­­­լու հա­­­մար ու­­­սուցիչ դար­­­ձած են։ Այդպի­­­սի ան­­­կա­­­­­­­րող մար­­­դոց եկա­­­մուտ ստա­­­նալուն պատ­­­ճա­­­­­­­ռով մենք սե­­­րունդներ կը կորսնցնենք։ Նոյ­­­նը կա­­­րելի է ըսել թեր­­­թե­­­­­­­րու խմբա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րուն ու աշ­­­խա­­­­­­­տակից­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­մար, յար­­­գե­­­­­­­լով, դար­­­ձեալ, առա­­­ւե՛լ սա­­­կաւա­­­թիւ բա­­­ցառու­­­թիւննե­­­րը։ Այս անլրջու­­­թեան ար­­­դիւնքն է կա­­­ղացող հա­­­յերէ­­­նը՝ բա­­­նիւ եւ գրով, գի­­­տու­­­թեամբ եւ ան­­­գի­­­­­­­տու­­­թեամբ։ Մենք մեր Հա­­­յերէն Blogի (https://hayerenblog.wordpress.com/) շրջա­­­նակին մէջ ու­­­նինք բա­­­նիմաց ու­­­սուցչու­­­հի­­­­­­­ներ, որոնց հետ գոր­­­ծակցե­­­լով կը փոր­­­ձենք հա­­­յերէ­­­նը դա­­­սապա­­­հու սահ­­­մաննե­­­րէն դուրս բե­­­րել։ Դպրո­­­ցէն դուրս կեանք ու­­­նե­­­­­­­նալու կո­չուած է հա­­­յերէ­­­նը։

-Զար­­­մա­­­­­­­նալի աշ­­­խարհում ենք ապ­­­րում, եթէ ստեղ­­­ծածդ կօ­­­շիկ կամ ադա­­­ման­­­դէ զարդ չէ, այլ՝ գիր, բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւն, խօսք, մար­­­դիկ ար­­­ժէք չեն տա­­­լիս։ Մաս­­­նա­­­­­­­ւորա­­­պէս սփիւռքի դէպ­­­քում՝ հա­­­մայնքա­­­յին կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րը կամ բա­­­րեգոր­­­ծա­­­­­­­կան հիմ­­­նադրամ­­­նե­­­­­­­րը բա­­­ւարար ներդրումներ կա­­­տարո՞ւմ են, որ արեւմտա­­­հայե­­­րէնը ապ­­­րի։

-Մենք ցու­­­ցադրու­­­թիւնը սի­­­րող ժո­­­ղովուրդ ենք։ Ինչ որ երե­­­ւելի, շօ­­­շափե­­­լի, փայ­­­լուն է՝ մեզ կը գրա­­­­ւէ։ Ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­քինին փայլքը առանց եր­­­­բեք նսե­­­­մաց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լու կ՚ու­­­­զեմ ըն­­­­դունիլ, որ կան նաեւ նոյնքան լու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր կէ­­­­տեր, որոնք անե­­­­րեւոյթ են։ Օրի­­­­նակ մը տամ. կը յի­­­­շեմ Կիպ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­սի Մել­­­­քո­­­­­­­­­­­­­­­նեանին փակ­­­­ման առ­­­­թիւ ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած կար­­­­ծիք մը. «դպրո­­­­ցը եկամ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­բեր հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թիւն չէ»։ Հար­­­­կաւ, եթէ եկա­­­­մու­­­­տը միայն դրամն է՝ չէ՛։ Բայց եթէ «եկա­­­­մուտ»դ հա­­­­յերէ­­­­նախօս պա­­­­տանին, վա­­­­ղուան հայն է, որ իր պատ­­­­մութեան ու լե­­­­զուին մա­­­­սին նա­­­­խագի­­­­տելի­­­­քը դպրո­­­­ցէն պի­­­­տի ստա­­­­նայ, ու­­­­րեմն դպրոցն ալ եկամ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­բեր հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թիւն է։ Դժո­­­­ւար է հասկնալ, թէ այսպէս մտա­­­­ծող ու գոր­­­­ծող մար­­­­դիկ ինչպէ՞ս կրնան մեր ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին կեան­­­­քին մէջ պա­­­­տաս­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նատու պաշ­­­­տօններ ստանձնել։ Եղեռ­­­­նին թուրքը մեզ ու մեր հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թիւննե­­­­րը ոչնչա­­­­ցուց, ու հի­­­­մա այս տի­­­­պար­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը մեր հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թիւննե­­­­րը կը լլկեն։ Մէ­­­­կը միւ­­­­սին գոր­­­­ծը չի՞ շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կեր։

Սփիւռքի մէջ թե­­­­րեւս տաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­մեակ մըն է, որ արեւմտա­­­­հայե­­­­րէնի մա­­­­սին թմբուկ կը զար­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւի։ Այս «թմբուկ»ը բազ­­­­մի­­­­­­­­­­­­­­­մաստ է. կը նե­­­­րառէ խորհրդակ­­­­ցութիւն ու յանձնա­­­­խումբ, գի­­­­տաժո­­­­ղով ու հրա­­­­տարա­­­­կու­­­­թիւն, դրա­­­­մաշ­­­­նորհ ու մրցա­­­­նակ։ Վստահ եմ, որ այս ձեռ­­­­նարկու­­­­թիւննե­­­­րուն մէկ մա­­­­սը մե­­­­զի օգ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կար պա­­­­շար կը տրա­­­­մադ­­­­րէ, օրի­­­­նակ՝ թո­­­­ւայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ցուած բա­­­­ռարան­­­­ներ, հա­­­­տոր­­­­ներ, օգ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­լի աղ­­­­բիւրներ եւ այլն։ Կան նաեւ յումպէտս մսխո­­­­ւած տա­­­­րածքներ, օրի­­­­նակ՝ Արեւմտա­­­­հայե­­­­րէն Ուի­­­­քիփե­­­­տիան, որ կրնար խզբզան­­­­քի դաշտ ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լէ շա­­­­տոնց դադ­­­­րիլ կամ արե­­­­ւելա­­­­հայե­­­­րէնէ սխալ թարգմա­­­­նու­­­­թեանց հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­սարան չըլ­­­­լալ։ Երե­­­­ւակա­­­­յեցէ՛ք, որ սփիւռքի մա­­­­մու­­­­լը, առանց այդտե­­­­ղի տար­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­կան սխալ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը սրբագ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­լու, իմա՝ առանց իսկ կար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­լու, հոն­­­­կէ նիւ­­­­թեր կ՚ար­­­­տատպէ, հա­­­­յաս­­­­տանցի ու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­նող­­­­ներ անոր «արեւմտա­­­­հայե­­­­րէն»ով ու­­­­սումնա­­­­սիրու­­­­թիւններ կը կա­­­­տարեն...։

Արեւմտա­­­­հայե­­­­րէնի ապ­­­­րիլն ու վե­­­­րապ­­­­րի­­­­­­­­­­­­­­­լը դրա­­­­մական ներդրումնե­­­­րէն եւ վա­­­­ճառա­­­­կանա­­­­կան ճա­­­­մար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կու­­­­թիւննե­­­­րէն շատ աւե­­­­լի առաջ հե­­­­ռան­­­­կար ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցող, ճիւղ ար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­կող, կրթան­­­­քի սէր արթնցնող մթնո­­­­լորտ ստեղ­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­լուն մէջ կը կա­­­­յանայ։ Այդ մթնո­­­­լոր­­­­տը հա­­­­մացանցն ալ մե­­­­զի կրնայ տալ, եթէ մենք օժ­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած ենք մեր հա­­­­մոզու­­­­մը թարգմա­­­­նելու, ճշմար­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­լու կա­­­­րողու­­­­թեամբ եւ բերք ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լու շնորհքով։

-Դուք «Հա­­­­յերէն blog»-ում աշ­­­­խարհի 4 ծա­­­­գերից հա­­­­րիւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր երի­­­­տասարդնե­­­­րի էք հա­­­­մախմբել արեւմտա­­­­հայե­­­­րենի շուրջ եւ փաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ցի ցոյց էք տա­­­­լիս, որ լե­­­­զուի ու­­­­սուցու­­­­մը պէտք է պար­­­­զա­­­­­­­­­­­­­­­պէս սկսել լե­­­­զուն գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ծելուց, այդպէս չէ՞։ Մայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նի լե­­­­զուի մի­­­­ջազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին օրո­­­­ւան ըն­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­ռաջ՝ Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի եւ աշ­­­­խարհասփյուռ հայ երի­­­­տասարդնե­­­­րին ի՞նչ կա­­­­րեւոր հա­­­­ղոր­­­­դագրու­­­­թիւն կը փո­­­­խան­­­­ցէիք։

-Այո՛, այդպէս է. ի գործ ածել, գոր­­­­ծի բե­­­­րել լե­­­­զուն իր բո­­­­լոր՝ կա­­­­րելի ու ան­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­րելի ձե­­­­ւերով ու մա­­­­կար­­­­դակնե­­­­րով՝ գրա­­­­կան, խօ­­­­սակ­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­կան, փո­­­­ղոցա­­­­յին, բար­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­ռային։ Եւ գոր­­­­ծը աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տանք է, ճիգ ու ջանք, նե­­­­ղու­­­­թիւն եւ տքնու­­­­թիւն, խմբա­­­­գիր-աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տակից խորհրդակ­­­­ցութիւն ու քննար­­­­կում. ոչ՝ խեղ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­տակ զբա­­­­ղում, ինչ որ կրնաք գտնել հա­­­­մացան­­­­ցի վրայ քիչ մը ամէն տեղ։ Մեր էջին վրայ պի­­­­տի գտնէք տար­­­­բեր խմո­­­­րումնե­­­­րու, տար­­­­բեր տա­­­­րիքի աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տակից­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու հա­­­­յերէ­­­­նը։ Առօրեայ դրու­­­­թեամբ նո­­­­րու­­­­թիւն ու­­­նինք, որ, ինչպէս յա­­­ճախ կը շեշ­­­տեմ, սա­­­րէն-ձո­­­րէն չենք հա­­­ւաքած, մեր ածո­­­ւին մէջ կ՚աճին։

«Կա­­­րեւոր» ըսե­­­լիքս հե­­­տեւեալն է. ան որ մա­­­նանե­­­խի հա­­­տիկին չափ փա­­­փաք ու­­­նի հա­­­յերէն գրե­­­լու, ինչ տա­­­րիքի ու հե­­­տաքրքրու­­­թեան ալ տէր ըլ­­­լայ, կրնայ մե­­­զի դի­­­մել, մեր դի­­մատետ­­րի էջին մի­­ջոցաւ, ամէն օր։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ